Ծերակուտականներ Կոչ Կ՝ընեն Պայտընի Վարչակազմին Պատժամիջոցներ Կիրառելու ազրպէյճանի Դէմ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ծերակուտականներ Ալեքս Փատիլա եւ Մարքօ Ռուպիօ ներկայացուցած են երկկուսակցական օրինագիծ, ըստ որուն ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը արգելափակելուն գծով կոչ կ՝ընեն Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին պատժամիջոցներ կիրառելու աազրպէյճանցի պաշտօնեաներուն դէմ եւ կասեցնելու ամէն տեսակի ռազմական աջակցութիւն ազրպէյճանին: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

Նշեալ քայլը նման է երկկուսակցական 108 բանաձեւին, որուն նախաձեռնողներն են Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրէնք Փալոնն ու հայկական յանձնախումբի ղեկավարութիւնը, որ այժմ ունի 88 համահեղինակ:

Նոր ներկայացուած բանաձեւը, որուն կ՝աջակցի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես, մասնաւորապէս կոչ կ՝ընէ ԱՄՆ-ին պատժամիջոցներ կիրառելու Արցախի շրջափակման եւ հակահայկական մարդու իրաւունքներու շարունակուող խախտումներուն համար պատասխանատու ազրպէյճանցի պաշտօնեաներուն դէմ ինչպէս նաեւ կոչ կ՝ընէ նախագահ Պայտընի վարչակազմին՝ կասեցնելու բոլոր ռազմական օգնութիւնները ազրպէյճանին՝ ամբողջութեամբ կիրառելով «Ազատութեան աջակցութեան ակտ»-ի 907-րդ լրացումը:

Հայ Դատի յանձնախումբին տրամադրած տեղեկութեան համաձայն՝ Արցախի շրջափակման դէմ Փատիլա-Ռուպիօ նախագիծին կարելի է աջակցութիւն յայտնել՝ այցելելով https://anca.org/resolution էջը:

«ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին շրջափակումը, որ Լեռնային Ղարաբաղը (Արցախը) Հայաստանին կապող միակ ճանապարհն է, անմարդկային է եւ անընդունելի: Այս շրջափակումը ստեղծած է մարդկայնական ճգնաժամ՝ Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայերը զրկելով սնունդէ, դեղորայքէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներէ: Մեր բանաձեւը պարզ պիտի դարձնէ, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է քայլեր ձեռնարկէ ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար»,- ըսած է ծերակուտական Փատիլան՝ ներկայացնելով բանաձեւը:

Քոնկրեսական Փալոնը ողջունած է Ծերակոյտէն ներս այդ բանաձեւին ներկայացումը՝ յայտարարելով. «Ես այսօր կանգնած եմ իմ գործընկերներու կողքին՝ դատապարտելով ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակումը։ Հասկնալի է, որ ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին արգելափակումը համակարգուած է եւ նպատակ ունի փակելու Արցախ պարենի, բժշկական պարագաներու եւ փոխադրումներու, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարման միակ ճանապարհը։ Մենք միասնական ենք՝ կոչ ընելով ազրպէյճանին վերջ տալու այս միտումնաւոր մարդկայնական ճգնաժամին»: