Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Սուրբերու Մասունքով Ջրօրհնէք Պէյրութի Մէջ

Սփիւռք

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասուն, Երկուշաբթի, 5 Յունիսին երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ սուրբերու մասունքով ջրօրհնէք: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ այսօր մեր եկեղեցին մեզի կը թելադրէ հաւատաւոր մթնոլորտի մէջ նայելու 4-րդ դարուն Հայաստանի հողին վրայ նահատակուած այն խումբ մը կրօնաւորուհիներուն, որոնք, բառին ամբողջական առումով, աշխարհի փառքն ու վայելքները արհամարհելով« գերագոյն ճիգով քրիստոնէական կրօնին արժէքները պահեցին եւ այդպիսով ոչ միայն արժանացան ընդհանուր եկեղեցւոյ յարգանքին ու հիացումին, այլեւ ժառանգակից դարձան Աստուծոյ փառքին:

«Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակը դարերու բարեպաշտութեան շունչով պահուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ եւ փոխանցուեցաւ մեզի, որպէսզի մենք, այդ յիշատակը պահելու յանձնառութեամբ, իրենց պատմութիւնը պատմելով, մարդոց ցոյց տանք դէպի Աստուած առաջնորդող ճամբաները»,  հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ  եկեղեցւոյ մէջ սուրբերուն պատմութիւնը լսելը կարեւոր է‚ նաեւ կարեւոր է գիտնալ, թէ աշխարհի մէջ սրբութիւն ու քրիստոնէական արժէքներ պաշտպանելու համար եղած են պայքարողներ, իրենց արիւնը թափելու պատրաստակամութիւն ունեցողներ ու նահատակութեան շաւիղներէն քալողներ: Ան շեշտեց, որ յատկապէս մեր օրերուն կարեւոր է գիտնալ, որ եղած են ժամանակներ, երբ մարդիկ աշխարհի փառքն ու ոսկին արհամարհելով` իրենց կեանքով պահած ու պաշտպանեած են կեանքի սրբութիւնն ու բարոյականութիւնը եւ այդպիսով հաւատքի լոյս տարածած` իրենց շրջապատէն ներս:

Սրբազան հայրը յայտնեց‚ որ այդ բոլորը գիտնալը բաւարար չէ: Եկեղեցին սուրբերը կը յիշէ, որպէսզի մենք անոնց օրինակին ընդմէջէն մեր ընելիքներուն համար ուղղութիւն ու ցուցմունք ստանանք: Արդարեւ, մենք պարտաւոր ենք ոչ միայն մեր սուրբերուն պատմութիւնը գիտնալ, այլեւ` անոնց հաւատքի օրինակով ապրիլ եւ մեր արարքներով նաեւ մեր շրջապատէն ներս աւետարանական ճշմարտութիւնները հռչակել:

«Մասնաւորաբար մեր ժամանակներուն քրիստոնէական ու ազգային ինքնատիպ նկարագրով կարենալ ապրելու համար անշեղ հաւատք, անսահման կամք եւ պողպատէ նկարագիր հարկաւոր են: Արդարեւ, մեր դարաշրջանի պայմանները ոչ միայն կը խորտակեն ամէն տեսակի արժէք, այլեւ կ՛ոտնակոխեն ամէն սրբութիւն ու օրհնութիւն: Արդարեւ, ամէն օր կը տեսնենք, թէ մեր շուրջ ինչպէ՛ս կը քայքայուին ընտանիքներ, կը խորտակուին այնքան երիտասարդ ու այնքան խոստմնալից կեանքեր եւ կը կորսուին այնքան ընտիր հոգիներ», շարունակեց սրբազան հայրը` հաստատելով‚ որ կ՛ապրինք արժէքներու շփոթութեան ժամանակներու մէջ եւ սկսած ենք ամէն տեսակի նորաձեւութեանց հետեւելու մարմաջով սարսափելիօրէն թերանալ  մեր քրիստոնէական պարտականութիւններուն մէջ եւ անորոշութեան վիճակ ստեղծել մեր կեանքէն ներս:

Սրբազանը հարց տուաւ‚ թէ տուեալ կացութեան մէջ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք հաւատք, սրբութեան զգացում ու ազգային աւանդ պահել: Ի՞նչ արժէքներով պիտի կարենանք մեր ընտանիքները պաշտպանել, մեր միջավայրէն ներս ինչպէ՞ս պիտի կարենանք սուրբն ու առողջը աճեցնել եւ վատն ու այլասերածը հեռացնել: Այսօր կրնա՞նք ծնունդ տալ Հռիփսիմեանց կոյսերուն օրինակով հաստատուն հաւատքի տէր անձնաւորութիւններու: Կրնա՞նք աշխարհի պայմաններուն դիմաց քրիստոնէական սկզբունքներով մնալ անայլայլ: Կրնա՞նք մեր զաւակները դէպի քրիստոնէական հաւատք տանիլ: Մասնաւորաբար, կրնա՞նք մեր զաւակներուն սորվեցնել, որ իրենց մէջ կենդանի Աստուածը կը բնակի:

Սրբազանը բացատրեց‚ որ կ՛ապրինք այս աշխարհի մէջ եւ, հետեւաբար, մեր կենցաղն ու ապրելակերպը կրնան արդիականանալ ու պատշաճիլ մեր ժամանակներու  պայմաններուն, բայց, սակայն, մեր անհատականութիւնը, մեր նկարագիրը եւ մեզի վերաբերող գործին հանդէպ մեր ունեցած պատասխանատու վերաբերմունքը պէտք չէ փոխուին: Պէտք է միշտ յիշենք, որ գիտակից քրիստոնեան ոչ միայն կրնայ այս աշխարհէն ներս հաւատքի զօրութեամբ ապրիլ, այլեւ, Աստուծոյ օգնութեամբ, բարոյական անհատականութեան վերածուիլ եւ ուրիշներն ալ տանիլ Աստուծոյ:

«Իրենց տօնին առիթով այդ կը պատգամեն մեզի Հռիփսիմեանք ու մեզի կը յիշեցնեն, որ քրիստոնեային ճամբան նոյնինքն հաւատքի կեանքն է: Քրիստոնեան հաւատքով կ՛ապրի, իր հաւատքով մասնակից կը դառնայ շրջապատի անցուդարձերուն, հաւատքով կը խնդրէ Աստուծմէ եւ հաւատքով ալ Աստուծմէ կը ստանայ ամէն բան:

Քրիտոնեան հաւատքով կ՛իրականացնէ այն, ինչ որ մարդկայնօրէն անհնար է, եւ հաւատքով ալ կը հասնի յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին ներկայ հաւատացեալները ստացան սուրբերու մասունքներով օրհնուած ջուր, ինչպէս նաեւ` խունկ եւ ծաղիկ: