Արցախը Կանգուն Պիտի Մնայ, Արցախցիի Ոգին՝ Անկոտրում․ «Վրաստանի Հայ Համայնք»

Հայաստան, Սփիւռք

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան մօտ մեր վերջին հաւաքը 2020թ. Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ էր, երբ թիֆլիսահայութեան հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ Արցախի կողքին էին՝ կ՝իրականացնէին աջակցող տարբեր ձեռնարկներ: Մենք բոլորս մինչեւ վերջ կը հաւատայինք յաղթանակին, սակայն պարզուեցաւ, կը յիմարացնէին մեզ, ըսելով, որ «յաղթելու ենք», եւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին հայութեան մէջքին ետեւ ստորագրուեցաւ խայտառակ կապիտուլյացիոն պայմանագիր, ըստ որուն Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մեծ մասը յանձնուեցաւ ազրպէյճանին։ Սկսելով արշաւ ազգային եւ հոգեւոր կառոյցներու, ներառեալ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, բանակի, ինչպէս նաեւ Արցախի ու արցախցիներու դէմ՝ աշխոյժ աշխատանք իրականացուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ հայութիւնը իրարու դէմ տրամադրելու համար։

Մարդոց կը համոզէին, որ Արցախը բեռ էր, եւ ազատուելով անկէ, մենք ձեռք կը բերենք խաղաղութիւն։ Այդ ամէնէն յետոյ սկսաւ խայտառակ յայտարարութիւններուն շարքը՝ Արցախի ամբողջական յանձնման համար հայութիւնը նախապատրաստելու ուղղութեամբ: Իսկ միաժամանակ ազրպէյճանի եւ թուրքիոյ կողմէ կը հնչէին սպառնալիքներ Հայաստանի եւ համայն հայութեան հասցէին, թէ բանաւոր, եւ թէ փաստացի ձեւով։ Բայց մենք բոլորս քաջ ծանօթ ենք, թէ ինչ անմարդկային կերպով անոնք վերաբերուած են գերեվարուած զինուորներուն եւ խաղաղ բնակչութեան, թէ ինչպէս հանրային կերպով ծաղրած են անոնց, խոշտանգած եւ սպաննած՝ այդ ամէնը նկարահանելով եւ տարածելով իրենց ժողովուրդին մէջ եւ ոգեւորելով անոնց։ Նաեւ կ՝ուզենք նշել Հայաստանի օրինական տարածքներուն վրայ յարձակումներուն փաստը եւ այն, որ արդէն վտանգուած է Սիւնիքի մարզը: Օգտուելով ՀՀ իշխանութիւններուն զիջողական դիրքէն՝ լկտիացած թշնամին այլեւս չի թաքցներ իր ախորժակը եւ ցանկութիւնը՝ իրականացնելու պանթուրքական գաղափարը այս տարածաշրջանին։ Այսպիսով, ՀՀ իշխանութիւնները կը պատրաստուին թշնամիին երախը յանձնել 120,000 ՀՀ քաղաքացի:

2022 թ. Դեկտեմբեր 12-էն մինչ այսօր ազրպէյճանը շրջափակած է Արցախի Հանրապետութիւնը աշխարհին կապող միակ ճանապարհը: Հակառակ ազրպէյճանի բերած տարատեսակ պատրուակներուն՝ վերջինիս ռազմավարական նպատակը մէկն է՝ հարկադրել Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան լքելու իր պատմական հայրենիքը: ազրպէյճանը այս հարցով կ՝առաջնորդուի Արցախը աստիճանաբար Նախիջեւանի վերածելու ծրագիրով – չկան հայեր՝ չկան խնդիրներ: Միեւնոյն ժամանակ, ազրպէյճանը ակնյայտօրէն պիտի չի բաւարարուի Արցախի հայաթափմամբ:

Վերջին շրջանին, Արցախը ազրպէյճանի մաս կազմելուն վերաբերեալ հնչող յայտարարութիւնները դաւաճանութիւն է, ատիկա չի կրնար ըլլալ ընդունելի գիտակից հայու համար, որովհետեւ առանց Արցախ չկայ նաեւ Հայաստան։ Մենք չենք ուզեր, որ Արցախը դառնայ Նախիջեւան, նոր Մուշ, նոր Սասուն, Արարատ եւ հեռաւոր իտէալ, մենք պէտք է մեր ազգային շահերուն առնչուած խնդիրները դարձնենք մեր ամենօրեայ պայքարին մէկ մասը եւ հասնինք մեր ազգային իտէալին։

Մինչ այսօր մեր կազմակերպութիւնը իր բոլոր ուժերով հանդերձ աջակցած է եւ պիտի աջակցի Արցախին եւ ճիշդ է, Շուշին այսօր դժբախտ է ու դժգոյն, սակայն վստահաբար կրնանք ըսել, որ համոզուած ենք, անիկա պիտի վերադառնայ իր օրինական եւ պատմական սեփականատիրոջ եւ ծաղկուն պիտի ապրի: Արցախը կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ արցախցիի ոգին անկոտրում է, իսկ հայութեան գիտակից հատուածին միտքն ու հաւատքը՝ անսասան։

«Վրաստանի հայ համայնք»