Նոյն Օրը Նախագահը, Վարչապետն ու ԱԳՆ-ն Իրավիճակին Վերաբերեալ Տարբեր Բաներ Կ՝ըսեն. Նման Պետութիւնը Չի Կրնար Որեւէ Յաջողութիւն Ունենալ

Աշխարհ, Հայաստան

Նոյն օրուան ընթացքին նախագահը, վարչապետը եւ ԱԳՆ-ն իրավիճակին եւ զարգացումներուն վերաբերեալ տարբեր բաներ կ՝ըսեն՝ տալով իրարամերժ գնահատականներ։ Նման պետութիւնը չի կրնար որեւէ յաջողութիւն ունենալ։ Անիկա միայն կրնայ աղէտին սպասել։

Նախագահ. «ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալը շատ կարեւոր յայտարարութիւն էր։ Կը յայտնեմ իմ աջակցութիւնը Ձեզի եւ կառավարութեան այն քաղաքականութեան վերաբերեալ, որ միտուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման»։

ԱԳՆ. «Ուշագրաւ է, որ ազրպէյճանի նախագահը ոչ միայն ցեղասպան սպառնալքիներ կը հնչեցնէ ԼՂ բնակչութեան հանդէպ, այլ կասկածի տակ կը դնէ ՀՀ անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Վարչապետն ալ լրացուցիչ բացատրութիւններու կարիք կը զգայ, արդեօ՞ք, ալիեւը կը հրաժարի պրիւքսէլեան համաձայնութիւններէն։ Իսկապէս արդեօ՞ք։

ալիեւն ալ կ՝ըսէ Արցախի մէջ բռնի տեղահանութիւն եւ իր պայմաններով սահմաններու ճշգրտում Հայաստանի հետ։ Այս տեսակէտին ալ ի՞նչը ճշգրտես։

Յանձնուած հասարակութիւններուն միայն աղէտ կը սպասէ։ Բայց ա՛յս յանձնուած հասարակութիւնները երբեք չեն հասկնար։

Ո՞րն է լուծումը։ Կայ հասարակութեան շերտ մը, որ իրականութիւնը շատ լաւ կը հասկնայէ, այդ շերտին մէջ ալ կայ շերտ մը, որ պատրաստ է պայքարելու, պայքարողներուն մէջ ալ կայ նեղ շերտ մը, որ կրնայ ճիշդ գաղափարներ տալ, ճիշդ հաստատարկութեան ձեւակերպումներ։ Մէկ պահ անգործ հասարակութիւնը կը սկսի արթննալ, ու անոր պահանջով կ՝ըլլայ նոր նախագահ, նոր վարչապետ, նոր կառավարող խումբ, որ կը սկսի գրագէտ կառավարել պետութիւնը։

Այլընտրանքային նախագիծեր խումբ