Հիասթափեցնող է, Որ ԵՄ-ն Արցախի Ժողովուրդին Կը Դիմէ «Նախկին ԼՂԻՄ-ի Մէջ Բնակող Հայեր» Եզրոյթով․ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Խիստ հիասթափեցնող է, որ Եւրոպական Միութիւնը՝ ի դէմս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) ժողովուրդին կը դիմէ «նախկին ԼՂԻՄ-ի մէջ բնակող հայեր» եզրոյթով՝ անտեսելով ինքնորոշման հիմնարար եւ անօտարելի իրաւունքի իրացման վրայ հիմնուած Արցախի պետականութեան տասնամեակներու գոյութեան փաստը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ կատարած գրառման մէջ նշած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։

«Նման ձեւակերպումները, որոնք դիտաւորեալ կը կատարուին աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու արժէքները պաշտպանող Միութեան կողմէ, ոչ միայն կը վիրաւորեն արցախցիներուն զգացմունքները, այլեւ կործանարար ազդեցութիւն կ՝ունենան ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վրայ՝ անտեսելով անոր հիմնական շահառուին՝ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները։

Արցախի ժողովուրդին կամքն ու շահերը անտեսելը, Լեռնային Ղարաբաղ եզրոյթը օգտագործելու ընթացքին դիտաւորեալ կերպով խուսափիլը միանշանակ չեն նպաստեր ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններուն, այլ ճանապարհ կը հարթեն ժողովրդավարութեան կայուն մակարդակ ունեցող Արցախի բռնի հպատակեցման հայատեաց ու մենատիրական պետութեան՝ ազրպէյճանին»,- ըսուած է գրառման մէջ։