Գիւմրիի Մէջ Նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-ամեակն ու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95-ամեակը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 105-ամեակն ու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակը նշուեցաւ Հայաստանի մշակութային ու արուեստաբոյր քաղաքին՝ Գիւմրիի մէջ։

Գիւմրիի մէջ վերջերս իր դռները բացած էր նաեւ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակը՝ նպատակ ունենալով իր շուրջը համախմբել տեղի արուեստասէր հասարակութիւնը, քաղաքի ու մարզի մտաւորականութիւնը։

Մայիս 28-ին նուիրուած ձեռնարկը կայացաւ Գիւմրիի Հ․ Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի դահլիճին մէջ՝ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ։

Ձեռնարկը բաղկացած էր երեք խորհրդանշական մասերէ՝ Հայոց պետականութեան վերակերտման օր, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեայ ճանապարհ եւ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարի կէսէն մինչեւ մեր օրերը» ժողովածուի շնորհանդէս։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակի տնօրէն Արա Նախշքարեան՝ կարեւոր համարելով օրուան խորհուրդն ու նշանակութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի առաջին խօսքը տրուեցաւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեանին (ԱՄՆ), որ իր խօսքը սկսաւ հերոսներու յիշատակին յարգանքի ու խոնարհումի լռութեան րոպէով։ «Եթէ չըլլար Մայիս 28-ի յաղթանակն ու անկախութիւնը, չէր ըլլար նաեւ այսօրուան Հայաստանը, ուստի այս օրը մեզի համար պէտք է դառնայ սրբազան ուխտի օր՝ պահելու եւ պահպանելու այն, ինչ ձեռք բերինք 105 տարի առաջ եւ անկախութեան խորհուրդը աչքի լոյսի պէս փոխանցելու գալիք սերունդներուն։ Այս դժուար օրերուն մենք այլ ելք չունինք, քան համախմբուելու, միաւորուելու, միասին դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրները՝ մեր մէջ կրելով մայիսեան յաղթանակներուն շունչն ու ոգին»,- իր խօսքին մէջ շեշտեց Տիգրան Պապիկեան։

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ (Հայաստան), «Դրօշակ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Արտաշէս Շահբազեան ամփոփ պատմական ակնարկով ներկայացուց մայիսեան հերոսամարտերուն կարեւոր նշանակութիւնը՝ շեշտելով, որ մայիսեան հերոսամարտերով ճանապարհ բացուեցաւ դէպի հայոց պետականութեան վերակերտում։ Արտաշէս Շահբազեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր մեծութեան՝ Դաշնակցութեան գաղափարակիր Արամ Մանուկեանի կերպարին, որ կրցաւ երկրին համար ծայրագոյն դժուար պայմաններու մէջ ցուցաբերել քաղաքական ու ռազմական փայլուն գործունէութիւն՝ օրինակ հանդիսանալով գալիք բոլոր քաղաքական գործիչներուն համար։ «Ի՞նչ է անկախութիւնը մեզի համար եւ ինչո՞վ կը պայմանաւորուի ան,- այս կարեւորագոյն հարցին ի պատասխան Ա. Շահբազեան նշեց,- կան քանի մը կարեւոր գործօններ, որոնք կը պայմանաւորոին անկախութեան գոյութիւնը՝ աշխարհագրական տարածք, մարտունակ ուժ, քաղաքական ղեկավարութիւն, նիւթական հնարաւորութիւններ եւ այլն։ Այս ամէնուն կողքին, կը կարծեմ, կայ մէկ շատ կարեւոր գործօն, որմով իրապէս պայմանաւորուած է անկախութեան ըլլալ-չըլլալը․ այդ գործօնը կը գտնուի մեր բոլորի մէջ, ատիկա պետականութեան գիտակցութիւնն է։ Եթէ կայ պետականութեան գիտակցութիւն, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ 1918-ին, ապա անձեւ քաոսի մէջ անգամ ժողովուրդը կրնայ ստեղծել պետականութիւն, հասնիլ անկախութեան»։

Համազգայինի անցած ուղիին եւ առաքելութեան մասին ներկաներուն հետ կիսուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան՝ նշելով , որ Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանն ու Լեւոն Շանթը կանգնած էին նաեւ Հայաստանի անկախութեան վերակերտման ակունքներուն մէջ։ «Առաջին Հանրապետութիւն կերտող հայ մտաւորականները, որոնք կրթութիւն ստացած էին եւրոպական երկիրներու մէջ, ունէին միայն մէկ ուղենիշ՝ անոնց համար Հայրենիքը ոչ միայն սրբութիւն էր, այլեւ հայրենիքի անկախութիւնը կերտելը սրբազան գործ էր։ Անոնցմէ շատերը յետագային ձեռնամուխ եղան ստեղծելու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որովհետեւ կը գիտակցէին, որ առանց մշակոյթի, առանց կրթուած երիտասարդութեան չէր կրնար հայը հայ մնալ, չէր կրնար Հայրենիքը պահուէր ու փոխանցուէր սերունդէ սերունդ»,- ընդգծեց Ռուզան Առաքելեան։

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, որ նոյնպէս ներկայ էր ձեռնարկին, իր սրտի խօսքը ըսաւ օրուան խորհուրդին առնչութեամբ. «1918 թուականին Սարդարապատի պատի տակ որոշուեցաւ մեր ժողովուրդին ըլլալ-չըլլալու ճակատագիրը, մենք կերտեցինք պետականութիւն, որովհետեւ Սարդարապատի մէջ յաղթեց մեր ժողովուրդին միասնական կամքը եւ նպատակին գիտակցումը։ Այսօր հայոց Սարդարապատը Արցախն է ու Արցախի մէջ կ՝որոշուի մեր ժողովուրդին գոյութեան ուղին։ 120,000 մեր հայրենակիցները, որոնք այսօր կը գտնուին շրջափակման մէջ, մեր նոր Սարդարապատի մարտիկներն են, որովհետեւ անոնք են, որ ուս ուսի կը դիմակայեն՝ փրկելով անկախ Հայրենիք ունենալու բոլորիս երազանքը։ Ես կ՝ուզեմ, որ բոլորիս մէջ արթննայ հայու այն տեսակը, որ յաղթած է Սարդարապատի մէջ, այն տեսակը, որ գիտէ, թէ ինչպէս սուգը կը դարձնեն պայքար, ինչպէս հայրենասիրութիւնը կը դարձնեն հայրենատիրութիւն, հայրենատիրութիւնը՝ ազգային արժանապատուութիւն»,- ըսաւ Հ. Աւագեան։

Մայիս 28-ի պատմական իրադարձութեան անդրադարձաւ նաեւ պատմական գիտութիւններու դոցենտ Կարինէ Ալեքսանեան, որ իր ելոյթով շեշտեց, որ հայ ժողովուրդին յաղթանակները կը վերադառնան այն ժամանակ, երբ մենք չկոչուինք երեւանցի, գիւմրեցի, արցախցի, սփիւռքահայ եւ այլ նման անուններով, այլ կոչուինք ու գործենք որպէս միասնական հայ ժողովուրդ, որ յստակ գիտէ, թէ ուրկէ կու գայ եւ ուր կ՝երթայ։

Բանասիրական գիտութիւններու դոցենտ Կարինէ Մարտիրոսեանն ալ ներկայացուց օրերս Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի համատեղ նախաձենութեամբ լոյս տեսած «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարի կէսէն մինչեւ մեր օրերը» գիտաժողովի նիւթերուն ժողովածուն՝ կարեւոր համարելով պալսահայ գրականութեան դերը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։

Հանդիսաւոր ձեռնարկին ընթացքին մենապարով ներկայացաւ «Հայկական զարդանախշեր» պարախումբի պարուհի Եուլիա Ռեւազեանը։

Իր ելոյթներով հիացուց հրաշամանուկ Միքայէլ Յակոբեանը։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ