Վերջ. Այլեւս Հնչեցին Հայոց Եկեղեցւոյ Զօրեղ Զանգերը, Արթնութեան եւ Պատասխանատուութեան Ղօղանջները. Հայր Ասողիկ Կարապետեան

Հայաստան

Վերջ. այլեւս հնչեցին Հայոց Եկեղեցւոյ զօրեղ զանգերը, արթնութեան եւ պատասխանատուութեան ղօղանջները:

Օրեր անց ՄԱՅԻՍ 28-ն է: Հայոց պետութեան վերականգնման նուիրական օրը, երբ Հայոց Եկեղեցւոյ փայփայած ու պահպանուած Հայոց պետականութիւնը փոխանցուեցաւ, յիրաւի, պետական գործիչներուն՝ ի դէմս Արամ Մանուկեանի եւ միւս անձնուէր այրերու:

Հայոց Եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի յայտարարութիւնը ամէն հայ քրիստոնեայի համար անվերապահ պատգամ է եւ առաքելութիւն: Արդ, այժմ է՛ ժամ գործով վկայելու մեր հայ քրիստոնեայ ըլլալը, մեր պատկանելութիւնը մեր հարազատ, Ազգային Սուրբ Եկեղեցիին:

Քաղաքական դէմքեր եւ կուսակցութիւններ, դուք բոլորդ, որ այսքան ժամանակ չէիք կողմնորոշուեր եւ նպատակային գործեր՝ այլեւս Արեգակի լոյսէն առաւել ճառագայթեց ճշմարտութիւնը. Ձեր Ազգային Եկեղեցին Ձեզ վերստին յիշեցուց Հայաստան պետութեան գոյութիւնը, Անկախութեան հռչակագիրը, Սահմանադրութիւնը, ազգային նպատակը եւ ծրագիրը:

Արդ, դուրս եկէք ստուէրներէն, ցանցերէն, միաւորուեցէք եւ գործեցէք՝ համաձայն սահմանադրական կարգի եւ իրաւունքներու:

Կամ կաք՝ իբրեւ պետական-քաղաքական այրեր, կամ ի լուր համայն հայութեան յայտարարեցէք, որ ի զօրու չէք առաջնորդելու, եւ Ազգն ալ կ՝իմանայ ինչպէս պահպանէ Հայրենիքը եւ ազգային նուիրական արժէքները, իղձերը, տեսլականը:

Դիմացը ՄԱՅԻՍ 28-ն է: Արժանի՞ ենք այդ վսեմ խորհուրդին»: