Շուշիի Մանուկները Շնորհաւորած Են Խորհրդարանի Կին Պատգամաւորներն ու Աշխատակազմի Կիները

Այլեւայլ, Հայաստան

Գարնանային տօներուն առիթով՝ Շուշիի մանուկները շնորհաւորած են Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի կին պատգամաւորներն ու աշխատակազմի կիները։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութենէն:

Նարինէ Աւանէսեանի ղեկավարութեամբ մանուկները հանդէս եկած են գեղարուեստական փոքրիկ ծրագիրով՝ երգ ու երաժշտութեամբ տօն պարգեւելով ներկաներուն:

Նոյն ծրագիրով՝ Շուշիի Խաչատուր Աբովեանի անուան դպրոցի նախադպրոցական խումբի սաները հանդէս եկած են զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն, ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի կին անդամներուն առջեւ: Դասվար Նարինէ Աւանէսեանի խօսքով՝ ձեռնարկին նպատակը կիներն ու մայրերը հոգսաշատ առօրեայէն քիչ մը կտրելն է, անոնց տօն պարգեւելը:

Возможно, это изображение 11 человек


ԱԺ աշխատակազմի անունով երեխաներուն ու դասվարին շնորհակալական խօսք ուղղած է Արեւ Իսրայէլեանը: Երեխաները կանանց նուիրած են դաշտային ծաղիկներ ու բացիկներ, փոխարէնը ստանալով քաղցրաւենիք: