թուրքիոյ Աջակցութեամբ ազրպէյճանի Կողմէ Սանձազերծուած եւ Այսօր Շարունակուող Յարձակումները Չեն Դատապարտուած ԵԱՀԿ-ի Կողմէ. Լիլիթ Գալստեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Լիլիթ Գալստեան կը գրէ․

«ԵԱՀԿ ԽՎ-ի մէջ ԱԺ մշտական պատուիրակութեան կազմով հանդիպած եմ Հայաստան ժամանած ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանին։

Խօսած եմ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային մարտահրաւէրներուն մասին եւ կատարած հետեւեալ շեշտադրումները․

1. ԵԱՀԿ-ի եւ միջազգային շարք մը կառոյցներու կողմէ վարուող կրկնակի չափանիշներու քաղաքականութիւնը կը վարկաբեկէ անոնց հեղինակութիւնը, կը սասանէ միջազգային իրաւունքերուն եւ սկզբունքներուն վերջիններուս յայտարարած կանոնադրական ցուցանիշներն ու յանձնառութիւնները։

2. թուրքիոյ աջակցութեամբ ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած եւ այսօր շարունակուող յարձակումները չեն դատապարտուած ԵԱՀԿ-ի կողմէ։

3. Աւելի գործուն քայլերու ժամանակն է։ ազրպէյճանը կ՝արհամարհէ միջազգայի դատարանի մը որոշումները, շարք մը երկիրներու դատապարտող արտայայտութիւնները, որ կը պարտադրէ ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառումը։

4. ազրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն վարուող ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կ՝ապացուցէ, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը այլընտրանք չունի։ Ուժի սպառնալիքով ձեռքբերուած խաղաղութիւնը չի կրնար կայունացնել տարածաշրջանը»։