«Հայ Երեխաների Թուրքացումը Հայոց Ցեղասպանության Տարիներին»․ Նոր Գիրք

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամը ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնէ վերջերս հրատարակած ՀՑԹՀ գիտաշխատողներու «Հայ երեխաների թուրքացումը Հայոց ցեղասպանության տարիներին» հաւաքական մենագրութիւնը:

Գիրքին հետազօտական առանցքը Հայոց Ցեղասպանութեան ծիրէն ներս հայ երեխաներու բռնի տեղափոխման թեման է՝ ներկայացուած իրաւական, կրօնական, գաղափարախօսական, պատմական գիտակարգերով: Հաւաքական մենագրութիւնը հիմնուած է ինչպէս արդէն շրջանառուած, այնպէս ալ նոր շրջանառուող հարուստ աղբիւրներու ուսումնասիրութեան վրայ:

Գիրքի գիտական նախաբանին հեղինակն է պ.գ.թ Նարինե Մարգարեանը:

Առաջին՝ «ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՓՈԽՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՈՐՈՇ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԵՐ» գլխուն մէջ հեղինակ պ.գ.թ Էդիտա Գզոյեան կը ներկայացնէ երեխաներու բռնի տեղափոխման խնդրին իրաւական երեւոյթները՝ միջազգային իրաւունքի համածիրէն քննելով թեմային առնչուող իրաւական հարցերը, ներկայացնելով պատմական հիմքերը, վերլուծելով բռնի տեղափոխման վերաբերեալ ազգային եւ միջազգային ատեաններու մէջ արծարծուած քննարկումներն ու որոշումները:

Երկրորդ՝ «ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒՄ. ՀԱՅ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՌԱՍԱՅԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԵՔՍՏՈՒՄ» խորագիրով գլխուն մէջ, հեղինակ Ռեգինա Գալուստեան կ՝անդրադառնայ «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» կոմիտէի ազգայնականութեան ռասայական երեւոյթներուն, անոնց ակունքներուն՝ վերլուծելով երեխաներու բռնի տեղափոխման ու ձուլման երիտթուրքական ծրագիրները գաղափարական այդ ծիրէն ներս:

Երրորդ գլխուն մէջ՝ «ՀԱՅ ԵՐԵԽԱՆԵՐԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԻՏԹՈՒՐՔԵՐԻ ԹԻՐԱԽՈՒՄ (ԹՈՒՐՔԱՑՄԱՄԲ ԶԲԱՂՈՒՈՂ ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ)», հեղինակ պ.գ.թ. Շուշան Խաչատրեան կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծիրէն ներս երեխաներու բռնի տեղափոխման կրօնագաղափարական կողմը՝ համադրելով երիտթուրքական կառավարութեան ծրագիրը եւ արդէն գործնական հարթութեան մէջ ներկայացնելով երեխաներուն բռնի տեղափոխումէն ետք անոնց դէմ գործադրուող թրքացման քաղաքականութիւնը:

Չորրորդ՝ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾՆԵՐԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ. ՉԵԶՈՔ ՏԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ» գլխուն մէջ, համահեղինակներ Էդիտա Գզոյեան, Շուշան Խաչատրեան ու Ռեգինա Գալուստեան կ՝անդրադառնան երեխաներու ինքնութեան վերադարձի գործընթացներուն Մուտրոսի զինադադարէն ետք:

Հաւաքական մենագրութեան հինգերորդ՝ վերջին գլխուն մէջ՝ «ՀԱՅ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԵՔՍՏՈՒՄ. ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԹԵԶԵՐ ԵՒ ՀԱԿԱԹԵԶԵՐ» հեղինակ բ.գ.թ. Էլինա Միրզոյեան կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծիրէն ներս երեխաներու բռնի տեղափոխման վերաբերեալ թուրք հեղինակներու ժխտողական թեզերը, տեսութիւններն ու հակաթեզերը, որոնք, ըստ հեղինակին, ունին պետական ուղղորդուած քաղաքականութիւն եւ նպատակ կը հետապնդեն զանոնք տարածելու, զարգացնելու եւ միջազգային գիտական հանրոյթին մէջ շրջանառելու ուղղութեամբ:

Գիրքին վերջը ներկայացուած են յաւելուածներ (լուսանկարներ, աղիւսակներ, քարտէզներ, վկայութիւններ):

«Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ»