Արցախի ՄԻՊ-ը Իր Դժգոհութիւնը Յայտնած է ԵԱՀԿ Նախագահին՝ Միջազգային Հանրութեան Ոչ Հասցէական Վերաբերմունքին Համար

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը (ՄԻՊ) իր դժգոհութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ նախագահին՝ միջազգային հանրութեան ոչ հասցէական վերաբերմունքին համար:

Գեղամ Ստեփանեան իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է․

«Հանդիպած եմ ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ԱԳ նախարար Պույար Օսմանիին

Անդրադարձած եմ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի հաստատումէն ետք ազրպէյճանի կողմէ վարուող ցեղական զտման քաղաքականութեան՝ մատնանշելով ազրպէյճանական կողմի յանցագործութիւններուն վերաբերեալ յստակ փաստեր եւ օրինակներ։ Ներկայացուցած եմ ազրպէյճանի կողմէ չորս ամիս շարունակուող անօրիանական շրջափակման մարդկայնական հետեւանքներն ու Արցախի ժողովուրդի բազմաթիւ իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումները։

Նշած եմ, որ միջազգային դերակատարներուն կոչերը անտեսելն ու ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման չկատարումը ազրպէյճանի համար որեւէ հետեւանք չեն յառաջացներ, որ ալ աւելի կ՝ընդլայնէ ազրպէյճանական անպատժելիութիւնն ու ամենաթողութիւնը։ Միջազգային հանրութեան յայտարարութիւններուն եւ կոչերուն ազրպէյճանը կը պատասխանէ շրջափակման խստացումով ու խաղաղ բնակչութեան նորանոր տառապանքներ յարուցող գործողութիւններով։

Դժգոհութիւն արտայայտած եմ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամին միջազգային հանրութեան կողմէ ոչ համարժէք ու հասցէական վերաբերմունքին առիթով, նշած, որ անհասկնալի եւ անընդունելի է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով միջազգային հանրութեան տարբերակուած մօտեցումները տարբեր հակամարտութիւններու ծիրէն ներս եւ յոյս յայտնած, որ միջազգային գործընկերներու կողմէն կը ձեռնակուին գործնական քայլեր շրջափակումը վերացնելուն եւ մարդկայնական իրավիճակը կարգաւորելուն ուղղութեամբ։

Կարեւոր համարելով ԵԱՀԿ ներգրաւուածութիւնը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով՝  ընդգծած եմ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին ձեւաչափի գործունէութեան վերականգնման, կազմակերպութեան կողմէ Արցախ փաստահաւաք խումբ ուղարկելու եւ մշտական ներկայութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը»։