Ծանրամարտի Եւրոպայի 2023 թ․ Առաջնութեան Բացման՝ ազրպէյճանի Դրօշը Վառեցին եւ Հեռացուցին Դահլիճէն (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան բացման արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դրօշներու շքերթ։ Երրորդ երկիրը յայտարարուեցաւ ազրպէյճանը: Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ ներկաները սուլեցին, երբ դահլիճ բերին ազրպէյճանի դրօշը։ Այս մասին կը հաղորդէ Sport.News.am-ը։

Քիչ անց ներկաներէն մէկը վազեց բեմ, դրօշը պահող աղջկայ ձեռքէն խլեց ազրպէյճանի դրօշը, վառեց եւ դուրս հանեց դահլիճէն։ Անվտանգութեան աշխատակիցը յաջողեցաւ բռնել դրօշը վառած երիտասարդը, այնուհետեւ նոր դրօշ բերել ներս։ Հայ մարզասէրները սուլեցին նաեւ թուրքիոյ դրօշին ժամանակ։