Ս․ Զատիկը Վաքըֆ Գիւղին Մէջ

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Հաթայի երկրաշարժի պատճառաւ վնասուած էր Վաքըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցին։ Այս պատճառաւ, Ս. Յարութեան տօնի առթիւ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ձեռամբ Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ։

Գիւղացիներու մասնակցութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագին սպասարկեցին Բրկ. Առէն Ուր. Դպ. Քուշ, Միսաք Ուր. Դպ. Հերկել եւ Եուսուֆ Դպ. Թապաշ։

Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. խրատական խօսելով ըսաւ որ այս դժուարին օրերուն պէտք է կեդրոնանալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան։ Ան ոյժ պիտի տայ հաւատացեալներուն։ Տէր հայրը խրատեց միշտ վստահիլ Յիսուսին՝ յոյսով եւ համբերութեամբ, եւ մենք պէտք է միշտ ապրինք՝ յիշելով անոր հրաշափառ յարութիւնը, որ յաղթեց Սատանային:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, նոյն սրահին մէջ սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան։

https://www.facebook.com/TRHayBad