Թոյլ Չտալ, Որ Թշնամիի Կամակատար Այս Իշխանութիւնը Շարունակէ Իր Ազգակործան Ընթացքը. Յայտարարութիւն

Հայաստան

Հայաստանը Արցախին կապող երթուղիի փոփոխութեամբ պայմանաւորուած, վերջին օրերուն, ազրպէյճանական զինուած ուժերը Տեղ գիւղի ուղղութեամբ անարգել մուտք գործաց են ՀՀ ինքնիշխան տարածք եւ գրաւած կարեւոր ռազմավարական գերիշխող դիրքեր։ Այս ամէնը՝ ՀՀ ներկայ իշխանութեան անգործութեան կամ ալ լուռ ու գաղտնի համաձայնութեան հետեւանք է։

ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղցնող անձը նախ յայտարարեց, թէ վերադիրքաւորումները կապուած են ազրպէյճանական կողմին հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններով Բերձորի միջանցքին կապող երթուղին Ապրիլ 1-էն Կոռնիձորով անցնելուն հետ եւ հայկական դիրքերու որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած։

Սակայն, հանրային ահազանգէն ետք, ՀՀ ԱԱԾ-ն ստիպուած «պարզաբանում» տարածեց, ըստ էութեան, ընդունելով, որ որեւէ տեղ չարձանագրուած նախապէս եղած համաձայնութիւնները խախտելով ազրպէյճանական կողմը տեղակայուած է 5 ուղղութիւններով սահմանէն 100-300 մեթր աւելի առաջ։

Առկայ փաստերը, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներու Սիւնիք կատարած այցին եւ տեղւոյն վրայ առանձին հանդիպումներու իբրեւ արդիւնք եղած տուեալները կը ստիպեն արձանագրել, որ.

  1. 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-էն ետք, ազրպէյճանը իրարայաջորդ յարձակումներով ու առաջխաղացումներով, գրաւած պահելով ՀՀ ինքնիշխան տարածքներու հսկայական հատուածներ, աշխոյժ կերպով կը շարունակէ ամրակայման աշխատանքներու իրականացումը, որուն հետեւանքով տեղի կ՝ունենայ փաստացի սողացող անեքսիա։
  2. Նման յարձակողականութեան ի պատասխան, ՀՀ իշխանութիւնները յղում տալով բանաւոր համաձայնութիւներու, ինքնակամ կը զիջին ՀՀ ինքնիշխան տարածքներ՝ ստեղծելով լրջագոյն անվտանգային սպառանալիքներ։
  3. Մինչեւ հիմա պարզաբանուած չէ, թէ ի՞նչ համաձայնութիւններ եղած են նախապէս, ի՞նչ փաստաթուղթով ամրագրուած են անոնք, ինչի՞ հիման վրայ ՀՀ սահմանի առանձին հատուածները կը համարուին ազրպէյճանի հետ արդէն ճշգրտուած։
  4. Թշնամին, փաստօրէն կամայականօրէն կը կատարէ սահմանազատում ու սահմանագծում՝ ըստ իր ցանկութեան, որ վտանգաւոր նախադրեալներ կը ստեղծէ գալիք բանակցութիւններու համար։

Անընդունելի եւ դատապարտելի է այն փաստը, որ թշնամիին սանձարձակ ու անարգել գործողութիւններուն հակազդելու փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնը կը շարունակէ անգործութիւն դրսեւորել եւ հանրութիւնը կերակրել անատամ եւ  մոլորեցնող յայտարարութիւններով։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ՀՀ իշխանութիւնը, շատոնց հրաժարած է մեր երկրի անվտանգութեան նկատմամբ իր առաջնային պարտաւորութենէն եւ խաղաղութեան կեղծ օրակարգով երկիրը կը տանի նոր պատերազմի ու զիջումներու։

Այս պայմաններուն մէջ, անհրաժեշտ կը համարենք ՀՀ պետական եւ ազգային շահերով առաջնորդուող բոլոր առողջ ուժերու եւ հանրության համախմբման անհրաժեշտութիւնը, թոյլ չտալու համար, որ թշնամիին կամակատար այս իշխանութիւնը շարունակէ իր ազգակործան ընթացքը։                                 

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ

03․04․2023 թ․