Աննա Յակոբեանը Ինչո՞ւ Կը Կրկնէ Թշնամի Պետութեան Պարագլուխին Ըսածները. Աւետիք Չալաբեան

Հայաստան

Հասարակական-քաղաքական գործիչ Աւետիք Չալաբեան կը գրէ.

«Անցած հանգստեան օրերուն, ելոյթ ունենալով Աճարկուտ գիւղին մէջ, «Հայկական ժամանակ» կայքի խմբագիր եւ զուգահեռաբար նաեւ գործող վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը յայտարարեց, որ պատերազմի օրով մենք ունեցած ենք 11,000 դասալիք։ Ես երբեւէ չեմ անդրադարձած այս տիկնոջ որեւէ խօսքի, նոյնիսկ առաւել սադրիչ, սակայն այս անգամ անոր ըսածը ուղիղ կը մտնէ մեր երկրի անվտանգութեան տիրոյթ, առաւել եւս, որ նոյն պնդումը քանի մը օր առաջ ըրած է թշնամական պետութեան պարագլուխ իլհամ ալիեւը։

Այս առիթով, ինծի համար կ՝առաջանայ քանի մը հարց՝

ա) ուրկէ՞ յայտնի է այդ թիւը տիկին Յակոբեանին,

բ) եթէ այդ թիւը յայտնի է իլհամ ալիեւի ելոյթէն, ուրեմն ինչո՞ւ ան կը կրկնէ զայն, եւ ատով մեր երկրին մէջ կը տարածէ թշնամական ծանուցում,

գ) եթէ այդ թիւը յայտնի է սեփական ամուսինէն, ուրեմն ի՞նչ իրաւունք ունէր ան, իբրեւ պաշտօնատար անձ, գաղտնի տեղեկութիւն տրամադրելու այլ անձի մը, որ այդ տեղեկութիւնները ի պաշտօնէ իմանալու իրաւունք չունի,

դ) եթէ այդ տեղեկութիւնները յայտնի են երրորդ անձէ, ո՞վ է այդ երրորդ անձը, որ կը բացայայտէ պետական գաղտնիք, եւ ի՞նչ իրաւունքով տիկին Աննա Յակոբեանը կը տարածէ այդ տեղեկութիւնը,

ե) եթէ այդ տեղեկութիւնը մտացածին սուտ է, ուրեմն առաւել եւս ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակով տիկին Յակոբեանը կը տարածէ զայն,

զ) եթէ այդ տեղեկութիւնը նոյնիսկ աղօտ կերպով մօտ է իրականութեան, ուրեմն ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չեն բացուած համապատասխան քրէական գործեր, ինչո՞ւ իրաւապահ մարմինները անպատիժ կը ձգեն եւ կը թաքցնեն այդ դասալիքները, եւ ատով կը դրդեն ուրիշները՝ համանման պայմաններու մէջ դասալքութեան դիմելու։

Այս հարցերս կ՝ուղղեմ Հայաստանի Հանրապետութեան Դատախազութեան, եւ կոչ կ՝ընեմ անոնց ամենայն լրջութեամբ ուսումնասիրելու մեր երկրի անվտանգութեան համար առերեւոյթ սպառնալիք ստեղծող այս իրողութիւնները։ Յանձն կ՝առնեմ նաեւ, համապատասխան ուսումնասիրութենէ ետք, յետագայ իրաւական քայլեր ձեռնարկելու՝ այս հարցերուն առնչութեամբ մեղաւորները յայտնաբերելու եւ պատասխանատւութեան կանչելու նպատակով»։