Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը․Համազգայինի 95-Ամեակ

Սփիւռք

Շաբաթ, 18 Մարտը, յիշատակելի եւ անմոռանալի թուական մը պիտի մնայ լիբանանահայ մշակութային կեանքի պատմութեան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախկին լիբանանահայ եւ ներկայիս քանատահայ միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան` ընկերակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Արամ Ասատրեանի, Եւա Գէորգեանի եւ Արամ Գալստեանի, բարձրորակ կատարումով հմայեց Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի սրահը լեցուցած խուռներամ բազմութիւնը:

Լիբանանահայ հանդիսատեսը ձեռնարկի ընթացքին իր ցուցաբերած խանդավառութեամբ եւ մասնակցութեամբ անգամ մը եւս հաստատեց մշակոյթի վաւերական արտայայտութիւններու նկատմամբ իր խոր յարգանքն ու քաջալերանքը: