ազրպէյճանը Մեր Բնակավայրերուն Մէջ ազրպէյճանցիներու Ապօրինի Վերաբնակեցում Կ՝իրականացնէ․ Արցախեան ՀԿ-ներ

Աշխարհ, Հայաստան

Կոչ կ՝ընենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ իբրեւ 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրող կողմ, հետեւողական մօտեցում ցուցաբերելու միջազգային իրաւական եւ քաղաքական բոլոր մեքենականութիւններու գործադրման հարցով, որ ուղղուած պիտի ըլլայ ազրպէյճանի կողմէ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու իրականացման ապահովման: Այս մասին նշուած է արցախեան հասարակական կազմակերպութիւններու տարածած յայտարարութեան մէջ։

«2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին եւ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած բռնի տեղահանութիւններուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի, Շուշիի, Ասկերանի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններու տասնեակ հազարաւոր հայ բնակչութիւնը ներկայիս զրկուած է իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն:

Դեռ 1990-ականներուն ազրպէյճանի կողմէ բռնի տեղահանուած է նաեւ Շահումեանի շրջանի, Գետաշենի ենթաշրջանի տասնեակ հազարաւոր հայ բնակչութիւնը: 

Մինչդեռ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտով Հայաստանի Հանրապետութեան, ազրպէյճանի հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան առաջնորդները պարտաւորուած են ՄԱԿ-ի Փախստականներուն հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ ապահովել ներքին տեղահանուած անձերուն եւ փախստականներուն վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ եւ մօտակայ շրջաններ, որ մինչեւ օրս տեղի չէ ունեցած:

Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղէն եւ յարակից շրջաններէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքներու վերականգնման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտով ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ սոյն նամակով ազրպէյճանի հանրապետութեան նախագահ իլհամ ալիեւէն կը պահանջենք ճանչնալու հայ փախստականներուն խախտուած իրաւունքներուն վերականգման անյետաձգելի հրամայականը, ապահովելու անոնց անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց պատմական հողեր եւ նախկին բնակավայրեր՝ համաձայն ստանձնած պարտաւորութիւններուն, մարդու եւ մարդասիրական իրաւունքին:

Կոչ կ՝ընենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ իբրեւ 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրող կողմ, հետեւողական մօտեցում ցուցաբերելու միջազգային իրաւական եւ քաղաքական բոլոր մեքենականութիւններու գործադրման հարցով, որ ուղղուած պիտի ըլլայ ազրպէյճանի կողմէ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու իրականացման ապահովման: Միեւնոյն ժամանակ, կը խնդրենք ստեղծել լրացուցիչ մեքենականութիւններ փախստականներու իրաւունքներու եւ շահերու առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանութեան, անոնց իրաւական պահանջներու բարձրաձայնման եւ առաջմղման համար:

Կոչ կ՝ընենք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ միջազգային իրաւունքով սահմանուած կառուցակարգերով եւ քաղաքական  բոլոր հնարաւոր լծակներով, ապահովելու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան պահանջներուն իրականացումը՝ հաշուի առնելով նաեւ անոր՝ իբրեւ յայտարարութիւնը ստորագրած պետութեան ղեկավար հանդիսանալու եւ, ատով իսկ՝ յայտարարութեան պահանջներուն ի կատար ածման երաշխաւոր ըլլալուն հանգամանքը:

Կը դիմենք ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիին ազրպէյճանական վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող տարածքներէն տեղահանուած հայ բնակչութեան վերադարձը կազմակերպելու, վերահսկելու եւ ապահովելու, ինչպէս նաեւ վերադարձող անձերու անվտանգութեան ապահովման միջազգային արդիւնաւէտ եւ կիրառելի երաշխիքներու ներդրման, ներառեալ՝ խաղաղապահ ուժերու տեղակայման աջակցելու նպատակով:

Միեւնոյն ժամանակ, Գերագոյն յանձնակատարի ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք այն փաստին, որ ազրպէյճանի իշխանութիւնները ներկայիս կ՝իրականացնեն մեր բնակավայրերուն մէջ ազրպէյճանցիներու ապօրինի վերաբնակեցման ծրագրեր՝ խոչընդոտելով մեր վերադարձը եւ ապօրինաբար յափշտակելով մեզի պատկանող սեփականութիւնը։

Սոյն նամակը կը ներկայացնենք իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020 թուականի 44-օրեայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին հետեւանքով փախստական դարձած եւ բռնի տեղահանուած անձերուն կողմէ ստեղծուած, անոնց շահերը ներկայացնող, իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող եւ անոնց անունով հանդէս եկող կազմակերպութիւններ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: