ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը «Եռաբլուր» Այցելած է

Աշխարհ, Հայաստան

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեդովը այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան պատերազմներուն զոհուած հերոսներու յիշատակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին ուղեկցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեանը։

Իմանկալի Թասմակամպեդովը ծաղկեպսակ դրած է արցախեան պատերազմներուն զոհուած հայորդիներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ։

Նշենք, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը Հայաստան ժամանած է Մարտ 16-ին։ Ան այցելած է Ջերմուկ, ուր ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, ծանօթացած 2022 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ ազրպէյճանի յարձակման հետեւանքներուն։ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը Մարտ 16-ին հանդիպած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։