Նինոծմինդայէն 11-ամեայ Ծովինար Եսայեանը Գրանցուեցաւ Հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Նինոծմինդայի շրջանի Փոկա գիւղի 11-ամեայ բնակչուհի տաղանդաւոր Ծովինար Եսայեանը իր իւրօրինակ ըլլալուն եւ երազանքներուն մասին NOR ռատիոկայանին պատմած էր ընդամէնը մէկ ամիս առաջ: Ծովինարի երազանքին կատարումը չուշացաւ:

Այսօր գրանցուեցաւ հերթական ցուցանիշը. 11-ամեայ Ծովինար Եսայեանը կ՝արտասանէ բառեր, նախադասութիւններ, բանաստեղծութիւններ՝ բառերու վերջէն։ Այսինքն նոյն բառը կ՝արտաբերէ հակառակը՝ վերջէն սկիզբ:

«7 տարի է կը խօսիմ բառերը հակառակ արտաբերելով եւ երազանքս է գրանցուիլ Հայաստանի ցուցանիշներու գիրքին մէջ»,- իր խօսքին մէջ նշած է Ծովինարը։ Ան դեռ 4 տարեկան եղած է երբ սկսած է բառերը արտաբերել հակառակ, որուն յաջորդած են նախադասութիւնները եւ բանաստեղծութիւնները:

Ծովինարին երազանքը իրականութիւն դարձած է եւ ան գրանցուած է հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ։

Ծովինար Եսայեանը կ՝ապրի Ջաւախքի մէջ։ Կը յաճախէ Փոկայի հանրային դպրոցի 6-րդ դասարան:

Ազատ ժամանակ կը զբաղի նկարչութեամբ, կը գրէ բանաստեղծութիւններ: Կը սիրէ մտքին մէջ կրկնել երկար նախադասութիւններ եւ զանոնք ըսել հակառակ կողմէն։

11-ամեայ աղջնակը կը փափաքի ստեղծել նոր տառեր։

Կ՝ուզեմ, որ մարդիկ այդ տառերը օգտագործեն այնպես ինչպէս պիտի օգտագործեն ռուսերէն, հայերէն, վրացերէն, անգլերէն տառերը»,- նշած է Ծովինար Եսայեանը։

Նշենք, որ Ջաւախքէն շատ կան հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ արձանագրուածներ։

«Շիտակ նստող թարս խոսող» աղջիկը

Nor.ge