Արցախի ԱԳՆ-ն Կարեւոր Համարած է Պաքուի Պաշտօնեաներուն Հանդէպ Պատժամիջոցներ Կիրառելու ԵԽ Բանաձեւերուն Առաջարկները

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՐՑԱԽի ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութեամբ ողջունած է Եւրոխորհրդարանին կողմէ ԵՄ-Հայաստան եւ ԵՄ-ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ բանաձեւերուն ընդունումը՝ համոզում յայտնելով, որ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւերը, ներառեալ՝ ազրպէյճանական պաշտօնեաներուն հանդէպ պատժամիջոցներ կիրառելուն վերաբերեալ առաջարկները, կարեւոր ներդրում պիտի ըլլան ընդհանուր ջանքերուն մէջ՝ ուղղուած շրջափակման դադրեցման եւ Արցախի մէջ ցեղական զտումներ ու ցեղասպանութիւն իրականացնելու ազրպէյճանի յանցաւոր ծրագրերու կասեցման։

Արցախի ԱԳՆ մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. «Կ՝ողջունենք Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ 2023 թուականի Մարտ 15-ին ընդունուած բանաձեւերուն մէջ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած կոչերը՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան ապահովելու ԲԵՐՁՈՐի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարելու ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի 2023 թ. Փետրուար 22-ի որոշումով սահմանուած իրենց պարտաւորութիւնները: Այս առիթով մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք ԵՄ Խորհուրդին ուղղուած Եւրոխորհրդարանի կոչին՝ հասցէական պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի պետական պաշտօնեաներուն հանդէպ, եթէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումը անյապաղ չկատարուի։

Կարեւոր կը համարենք, որ Եւրոխորհրդարանը իր բանաձեւերուն մէջ յստակ ընդունած է, որ աւելի քան երեք տասնամեակ տեւող եւ տասնեակ հազարաւոր զոհերու, հսկայական աւերածութիւններու ու հազարաւոր մարդոց բռնի տեղահանման հանգեցուցած ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը մնայ չլուծուած:

Մասնաւորապէս, Եւրոխորհրդարանի անդամները արդարացի եւ հիմնաւորուած մտահոգութիւն յայտնած են այն փաստով, որ ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմէն ետք ընդունուած 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի մասին յայտարարութեան դրոյթները ամբողջութեամբ չեն կատարուած. պարբերաբար կը բռնկին մահաբեր ռազմական բախումներ, բազմիցս խախտուած է հրադադարը, որ հանգեցուցած է հարիւրաւոր զոհերու եւ ազրպէյճանական զօրքերուն կողմէ նոր՝ ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու գրաւման, իսկ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն արգելափակուած է երթեւեկութիւնը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ԲԵՐՁՈՐի միջանցքով, որ բացասաբար կ՝անդրադառնայ Արցախ պարէնի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարման վրայ:

Եւրոխորհրդարանը ԵՄ-ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին իր բանաձեւին մէջ նաեւ ընդունած եւ դատապարտած է թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ ապակայունացնող դերը Հարաւային Կովկասի մէջ, որ նաեւ դրսեւորուած է մարտական գործողութիւններուն ազրպէյճանի կողմէն մասնակցելու համար հակամարտութեան գօտի սուրիացի վարձկաններու ուղարկումով, եւ դիրքորոշում յայտնած, որ տարածաշրջանին մէջ կառուցողական դերակատարութիւն ունենալու համար թուրքիան պէտք է վերանայի իր անվերապահ աջակցութիւնը ազրպէյճանին եւ իրական քայլեր ձեռնարկէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:

Կը կիսենք եւրոխորհրդարանականներուն դիրքորոշումը առ այն, որ ռազմական ճանապարհով, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումով հնարաւոր չէ հասնիլ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան, այլ անհրաժեշտ է համապարփակ քաղաքական կարգաւորում՝ միջազգային իրաւունքի, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ 1975թ. ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտով ամրագրուած ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման երեք սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի 2009 թուականի հիմնարար սկզբունքներուն համապատասխան:

Այս առումով համակարծիք ենք Եւրոխորհրդարանի անդամներուն հետ, որ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է դադրեցնել բոլոր բռնութիւնները եւ վերացնել հակամարտութեան բուն պատճառները, ներառեալ՝ կապուած արցախահայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու ապահովման, Արցախի վերջնական կարգավիճակի որոշման, ինչպէս նաեւ բոլոր փախստականներուն եւ ներքին տեղահանուածներուն իրենց տուներ արագ եւ անվտանգ վերադարձի խնդրի լուծման հետ:

Համոզուած ենք, որ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւերը, ներառեալ՝ ազրպէյճանական պաշտօնեաներուն հանդէպ պատժամիջոցներ կիրառելուն վերաբերեալ առաջարկները, կարեւոր ներդրում պիտի ըլլան ընդհանուր ջանքերուն մէջ՝ ուղղուած շրջափակման դադրեցման եւ Արցախի մէջ ցեղական զտումներ ու ցեղասպանութիւն իրականացնելու ազրպէյճանի յանցաւոր ծրագրերու կասեցման»: