Բռնապետ Նախագահ ալիեւը Իրականութեան Մէջ Ճնշումներու Չ՝ենթարկուիր. Հոլանտացի Ցեղասպանագէտը՝ Արցախահայութեան Ցեղասպանութեան Վտանգին Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Անուանի գիտնական, ցեղասպանագէտ Տիրգ Ռոտզանդը խմբագրական յօդուած հրապարակած է հոլանտական ամենահեղինակաւոր թերթերէն մէկուն մէջ, ուր անդրադարձած է Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման՝ կապ տեսնելով 1915-ի հայերուն հանդէպ իրականացուած ցեղասպանութեան եւ 1932-1933-ին Խորհրդային միութեան կողմէ Սթալինի օրով ուրքանացիները սովին մատնելուն հետ:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ գիտնականը կը գրէ, որ այս օրինակները սերտօրէն կապուած են Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին հետ, որ կը համապատասխանէ լեհ-հրէայ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմգինի ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրին. Շարքային քաղաքացիները կը թիրախաւորուին, որուն միակ նպատակը անոնց ոչնչացումը կամ արտաքսումն է:

Ռոտզանդ կ՝ընդգծէ, որ, «Բռնապետ նախագահ ալիեւը իրականութեան մէջ ճնշումներու չ՝ենթարկուիր, ներառեալ վարչապետ Ռիւտէի եւ շատ այլ եւրոպացի առաջնորդներու կողմէ, որոնք կազի մատակարարումը աւելի կարեւոր կը համարեն, քան մարդու իրաւունքները»: Ռոտզանդ կը կարծէ, որ բոլոր քաղաքական գործիչները որոնք բացառիկ սկզբունքային են Ուքրանիոյ հարցով, պէտք է հասկնան տիրող իրավիճակը։

«Շատոնց ժամանակն է, որ Նիտըրլանտները եւ Արեւմուտքի մնացեալ երկիրները աշխոյժ կերպով աջակցին Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախի մէջ բնակող հայերուն՝ ընդօրինակելով այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպէս Amnesty International-ն ու The Lemkin Institute for Genocide Prevention-ը, որոնք կը դատապարտեն շրջափակումը եւ կը տեսնեն նախագահ ալիեւի ծրագրերը… Եթէ ​​մենք կ՝ուզենք պաշտպանել մեր չափանիշներն ու արժէքները Ուքրանիոյ մէջ, ուրեմն պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք նաեւ անկլաւի մէջ գտնուող հայերու ճակատագրին։ Գիտակցումը առկայ է, կը մնայ՝ խիղճը»,- ըսուած է յօդուածին մէջ: