ԵԽ Կոչ Կ՝ընէ ԵՄ Խորհուրդին Պատժամիջոցներ Կիրառելու ազրպէյճանի Նկատմամբ, Եթէ Վերջինս Չկատարէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Որոշումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստը Մարտ 15-ին ընդունած է ԵՄ-Հայաստան եւ ԵՄ-ազրպէյճան յարաբերութիւններու 2021-2022թթ. զեկոյցները, որոնք կ՝անդրադառնան Հայաստանի եւ ազրպէյճանի հետ ԵՄ յարաբերութիւններու առանցքային կէտերուն, Արցախի հակամարտութեան եւ տարածաշրջանին մէջ Եւրոմիութեան դերին՝ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ:

Երկու զեկոյցները կը վերահաստատեն՝ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիրը պէտք է երաշխաւորէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին ամբողջականութիւնը, Արցախի մէջ բնակող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։

Եւրոխորհրդարանը կ՝ընդգծէ՝ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը պահանջէ միջազգային իրաւունքին համապատասխան համապարփակ քաղաքական կարգաւորում, հիմնուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ 1975թ. ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտով ամրագրուած սկզբունքներուն վրայ, մասնաւորապէս՝ ուժի կամ անոր սպառնալիքի չկիրառումը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի 2009թ. հրապարակուած բանակցային հիմնարար սկզբունքները։

Եւրոխորհրդարանը կ՝ողջունէ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի ղեկավարութեան քայլերը ուղղուած տարածաշրջանին մէջ յարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար, սակայն միաժամանակ կը դատապարտէ ազրպէյճանի ղեկավարներուն պահուածքը, ինչը կը խաթարէ այդ ջանքերը: Մասնաւորապէս՝ նկատի առնուած են յետագայ յարձակումներուն բացայայտ սպառնալիքները, սահմանային յաճախակի յարձակումները, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ազրպէյճան»-ի հանդէպ տարածքային պահանջները կամ հայ բնակչութեան հանդէպ ատելութեան խօսքի տարածումը, յատկապէս կրթութեան ոլորտէն ներս։

Երկու զեկոյցներուն մէջ ալ Եւրոխորհրդարանը կը դատապարտէ ազրպէյճանի ռազմական ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք։ ԵՄ-ազրպէյճան զեկոյցին մէջ կը նշուի բազմաթիւ հայ ռազմագերիներու ֆիզիքական բռնութեան եւ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ հայ խաղաղ բնակիչները նուաստացնելու ու խոշտանգումներու ենթարկելու մասին:

Հայաստանի մասին զեկոյցին մէջ Եւրոխորհրդարանը կ՝ընդգծէ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան բուն պատճառը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզի կարգավիճակի եւ բնակչութեան անվտանգութեան չլուծուած խնդիրն է։

Ինչ կը վերաբերի 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին յայտարարութեան 9-րդ յօդուածի կատարման՝ ԵԽ-ն երկու զեկոյցներուն մէջ ալ կ՝ընդգծէ, որ ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային եւ հաղորդակցական կապերու ապաշրջափակումը չի կրնար ոտնահարել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։

Եւրոխորհրդարանը կ՝ընդգծէ ազրպէյճանի պարտաւորութիւնները Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումը կատարելու վերաբերեալ, որ կը պահանջէ ազրպէյճանէն ձեռնարկել իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը ապահովելու համար։ Այս ծիրէն ներս Եւրոխորհրդարանը կոչ կ՝ընէ ԵՄ խորհուրդին պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի դէմ, եթէ Դատարանի որոշումը անյապաղ չկատարուի։

Նշենք՝ ԵՄ-ազրպէյճան զեկոյցին մէջ ԵՄ խորհրդարանականները ափսոսանք կը յայտնեն, որ ԵՄ-ի եւ ազրպէյճանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը կը կեդրոնանայ միայն ուժանիւթի համագործակցութեան վրայ եւ ենթակայ չէ որեւէ պայմանի։

Աւելին, ԵՄ խորհրդարանը կը դատապարտէ թուրքիոյ առաւելապաշտական եւ ապակայունացնող դերը Հարաւային Կովկասի մէջ, նաեւ՝ սուրիացի վարձկաններ ուղարկելու միջոցով, որոնք ազրպէյճանի կողմէ կռուած են Արցախի դէմ: Եւրոխորհրդարանը թուրքիոյ կոչ կ՝ընէ կառուցողական դեր խաղալու տարածաշրջանին մէջ եւ վերանայելու ազրպէյճանին իր անվերապահ աջակցութիւնը: թուրքիան պէտք է շօշափելի քայլեր ձեռնարկէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Եւրոխորհրդարանը երկու կողմերուն, յատկապէս ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՝ընէ զերծ մնալու թշնամական հռետորաբանութենէն կամ գործողութիւններէն, որոնք կրնան ընկալուիլ իբրեւ ատելութեան կամ բացայայտ բռնութիւն հրահրող խօսք:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, մեկնաբանելով զեկոյցները, կը նշէ. «Զեկոյցները յստակ կերպով կը դատապարտեն ազրպէյճանական յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ եւ ազրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք։ Եւրոխորհրդարանը նաեւ կոչ կ՝ընէ ԵՄ խորհուրդին պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի դէմ, եթէ ան չկատարէ Բերձորի միջանցքին ապաշրջափակման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը։

Կարեւոր է, որ ազրպէյճանի վերաբերեալ զեկոյցին մէջ կ՝ընդգծուի, որ Արցախի հակամարտութեան լուծումը պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին, մասնաւորապէս 3 հիմնարար սկզբունքներուն»։ Ըստ Կարապետեանի՝ «Եւրոխորհրդարանի դիրքորոշումը կարեւոր է հայկական կողմին համար, այնուամենայնիւ, ԵՄ գործադիր իշխանութիւնն է, որ պէտք է յստակ միջոցներ ձեռնարկէ ազրպէյճանի դէմ՝ հիմք ընդունելով Եւրոխորհրդարանի դիրքորոշումը։ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը շարունակէ եռանդուն կերպով աշխատիլ այս ուղղութեամբ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
16.03.2023 թ.