1990-ականներուն Հայաստանն ու Սփիւռքը Արցախի Կողքին Եղած Են, Միասնական Էինք ու Կրցանք Յաջողիլ․ Բալայեան

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի մէջ կայ ներքին համերաշխութիւն եւ պատասխանատւութիւն՝ ընթանալու բացառապէս ինքնորոշման ճանապարհով։ Երկրորդ կարծիք այստեղ չի կրնար ըլլալ, ամենայնդէպս, ես իմ ողջ կեանքի ընթացքին չեմ հանդիպած մէկուն, որ պիտի ըսէր, թէ որեւէ կերպով կը պատկերացնէ մեզի ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Ես չեմ գիտեր՝ ինչ նկատի ունեցած է Արցախի նախագահը՝ ըսելով «եթէ կան այնպիսի տրամադրութիւններ հանրութեան մէջ, որ պէտք է ընդունիլ ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած առաջարկը, ուրեմն հնարաւորութիւն ունին իրենց քաղաքացիական իրաւունքներու շրջանակին մէջ բարձրաձայնելու…», բայց կրկնեմ՝ Արցախի ընդդիմադիր ուժերը բազմիցս շեշտած են, որ միակ ընդունելի ճանապարհը ինքնորոշումն է։ Այդ մասին «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Վահրամ Բալայեան։

«Ես քննարկման մանրամասներուն ծանօթ չեմ, բայց կ՝ենթադրեմ, որ նախագահը նկատի ունեցած է այն, որ դաշտը ազատ է, եթէ իրավիճակէն դուրս գալու այլ տարբերակներ տեսնողներ կան, կրնան արտայայտուիլ։ Մէկ բան յստակ է՝ խօսելով ընդելուզման մասին՝ ազրպէյճանը առաջ կը տանի նոյն ցեղական զտման իր քաղաքականութիւնը, ուղղակի, քաղաքավար ձեւով»,- ըսած է Բալայեան։
Արցախի ԱԺ պատգամաւորը վստահեցուցած է՝ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու եւ Արցախը հայկական պահելու հնարաւորութիւններ քիչ են, բայց՝ կան։

«Ամբողջ խնդիրը այն է, որ այսօր ՀՀ ղեկավարութիւնը մէկ կողմ քաշուած է ու արցախահայութեան խնդիրները իրը չի համարեր։ Մտածել, թէ այդպէս ազրպէյճանի հետ խնդիրներ ՀՀ-ն պիտի չունենայ, սխալ է. ազրպէյճանը տարածքային նկրտումներ ունի թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի հանդէպ եւ ատիկա չի ալ թաքցներ։ 1990-ականներուն Հայաստանն ու Սփիւռքը Արցախի կողքին եղած են, միասնական էինք ու կրցանք յաջողիլ։ Հիմա եւս կենսական անհրաժեշտութիւն է այդ միասնութիւնը։ Ցանկալի արդիւնքին հասնելու հարցով ՀՀ դիրքորոշումը շատ կարեւոր է, ի վերջոյ, Հայաստանն է հայութեան կեդրոնը։ Ըսել կ՝ուզեմ, որ Հայաստանի մէջ Վազգէն Սարգսեան պէտք է»,- նշած է պատգամաւորը։

Միաժամանակ, ըստ Բալայեանի, միջազգային կառոյցներու եւ դերակատարութիւն ունեցող երկիրներուն հետ աշխատիլն է կարեւոր՝ այն առումով, որ ներկայացուի արցախահայութեան իրական պահանջը՝ ապրիլ սեփական հայրենիքի մէջ։

«Ես թերահաւատ եմ, որ միայն Արեւմուտքի կամ այլ երկիրներու հետ աշխատելով շօշափելի արդիւնք կ՝ունենանք, բայց որ անոնց հասցնել ու հասկցնելն է պէտք մեր ցանկութիւնը, որ, ի դէպ, ամբողջութեամբ կը տեղաւորուի միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ, միանշանակ է»,- նշած է Արցախի ԱԺ պատգամաւորը ու աւելցուցած, որ անկախ ամէն ինչէ, սեփական ուժերուն պէտք է ապաւինինք, կեդրոնացնենք մեր միջոցները։

«Անոնք քիչ են, բայց կան, ուղղակի, պէտք է կազմակերպել»,- եզրափակած է Բալայեան։