Ի՞նչը Կը Խանգարէ Տարածաշրջանին Մէջ Գտնուող Ամերիկացի եւ Ֆրանսացի Համանախագահները Արցախ Այցելելու․ Գեղամ Ստեփանեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան կը գրէ,

«Ամերիկեան եւ ֆրանսական տարբեր շրջանակներու հետ հանդիպումներու ժամանակ մշտապէս կը հնչէ այն պնդումը, որ իրենք անկեղծօրէն հակուած են պահպանելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հիմնարկը։ Ժամանակ առ ժամանակ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի մասին կը խօսին նաեւ ՌԴ-էն։

Այս պահուն, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն եւ ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը կը գտնուին տարածաշրջանէն ներս եւ հանդիպումներ կ՝ունենան Պաքուի եւ Երեւանի մէջ։

Այսօր արդէն 86-րդ օրն է Արցախը կը գտնուի շրջափակման մէջ՝ բախելով մարդկայնական ճգնաժամային իրավիճակի եւ մարդու իրաւունքներու համատարած խախտումներու։

Մարտ 5-ին, ազրպէյճանական զինուած ուժերու յարձակող խումբին կողմէ Արցախի ոստիկաններու հանդէպ իրականացած է ահաբեկչական գործողութիւն, որուն հետեւանքով արցախեան կողմէն զոհուած է երեք ոստիկան, իսկ մէկը վիրաւորուած է։

ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել՝ պարբերաբար դիմելով նաեւ ռազմական յարձակումներու։ Իրավիճակը լարուած է։

Ի՞նչը կը խանգարէ տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները այցելելու Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ)՝ իբրեւ արտայայտութիւն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան պահպանման եւ հակամարտութիւնը խաղաղ լուծելու իրենց վճռականութեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միակ միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբն է։ 2020 թուականի աշնան Արցախի ժողովուրդին դէմ ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին եւ անոր յաջորդած աւելի քան երկու տարուան ընթացքին ո՛չ ՌԴ, ո՛չ ԱՄՆ եւ ո՛չ ալ Ֆրանսայի համանախագահները մէկ անգամ գոնէ չեն այցելած Արցախ՝ իրենց իրաւագիրին համաձայն իրավիճակը գնահատելու եւ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակէն ելքեր գտնելու համար։

Արցախի մէջ կ՝ապրին ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առաջնային շահառուները, որոնց ճակատագրին շուրջ են ձեր բոլոր քննարկումները, ուստի եւ անոնք իրենց դիրքորոշումը արտայայտելու եւ լսուած ըլլալու իրաւունք ունին։

Եթէ համանախագահ բոլոր երեք երկիրները իրապէս շահագրգիռ են հակամարտութեան արդարացի լուծմամբ, ուրեմն գոնէ Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ) այցելելու համարձակութիւն պէտք է դրսեւորեն»։