Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Էջմիածնի Մէջ

Հայաստան

Փետրուար 14-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ 40-օրեայ մարդեղացեալ Աստուածորդու՝ մանուկ Յիսուսի ընծայումը տաճարին։

Տերունական տօնին սկիզբը ազդարարուեցաւ Փետրուար 13-ի երեկոյեան։ Օրուան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն: Յաւարտ ժամերգութեան, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ նախատօնակ, որմէ ետք կատարուեցաւ տարուան առաջին Անդաստանը՝ օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը:

Այնուհետեւ «Քրիստոս փառաց» տաղին երգակցութեան ներքոյ Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ Խորանի կանթեղէն վառած մոմով Նորին Սրբութիւնը Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող կենսատու լոյսը փոխանցեց ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին: Նախատօնակէն ետք՝ հոգեւորականներուն թափորը ուղղուեցաւ դէպի միաբանական շէնքին շրջափակը, ուր, ներկայութեամբ բազում հաւատացեալ հայորդիներու, ձեռամբ Հայոց Հայրապետին, վառեցաւ Տեառնընդառաջին խարոյկը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Տեառնընդառաջի տօնը հռչակուած է նորապսակներու օրհնութեան օր: Այս առիթով՝ Փետրուար 14-ին՝ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագի աւարտին, պիտի կատարուի նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ: