Ես Հպարտութեամբ Կանգնեցայ Ամերիկահայ Ցուցարարներու Կողքին՝ Կոչ Ընելով, որ ԱՄՆ-ն Պատասխանատւութեան Ենթարկէ ալիեւը․ Քոնկրեսական

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ուաշինկթընի մէջ Քափիթոլիումի շէնքին առջեւ ամերիկահայերը ցոյց ըրած են՝ իրենց բողոքը յայտնելով Լաչինի միջանցքի արգելափակման դէմ: Բողոքի ցոյցին մասնակցած է նաեւ ԱՄՆ քոնկրեսական Ֆրէնք Փալոնը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Twitter-ի վրայ գրած է Փալոնը:

«Այսօր Քափիթոլիումի մօտ ցուցարարները բողոք կը յայտնէին ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անօրինական եւ անմարդկային շրջափակման դէմ: Ես հպարտութեամբ կանգնեցայ անոնց կողքին՝ կոչ ընելով, որ Միացեալ Նահանգները պատասխանատւութեան ենթարկէ ալիեւը՝ Արցախի ժողովուրդին դէմ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար»,- գրած է Փալոնը։

Ըստ գրառման կից լուսանկարին՝ ցուցարարները ներկայացած են Հայաստանի դրօշով եւ Արցախի շրջափակումը դադրեցնելու, ազրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ այլ կոչեր ընդգրկող պաստառներով: