Այսօր ԱԺ-ի Մէջ Իշխող Կուսակցութեան Քաղաքական Իրական Նպատակը Բարձրաձայնուեցաւ. Թեւան Պօղոսեան

Հայաստան

«Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի»-ի ղեկավար Թեւան Պօղոսեանի Facebook-ի էջին մէջ կը կարդանք․

35 տարի է Հայաստանի ե՛ւ´ իշխանութիւնը, ե՛ւ´ իրականացուող քաղաքականութիւնը կ՝որոշուի Ղարաբաղով: Իսկ այսօր, ԱԺ-ի մէջ իշխող կուսակցութեան քաղաքական իրական նպատակը բարձրաձայնուեցաւ՝ ամէն ինչ ընել, որ յաջորդ ընտրութիւններուն այլեւս Արցախի խնդիրը, իր բոլոր զարգացումներով, դուրս մնայ ընտրական պայքարի թեմաներէն: Այդպէս դիւրին կ՝ըլլայ իշխանութիւն պահել եւ վերընտրուիլ: Ատոր համար է, որ 120 հազարի 54 օրերու զրկանքները «յանուն մայր Հայաստանի լաւ ըլլալուն» կ՝անտեսուի, քանի որ թուային դաշտի մէջ դիւրին է ըսել՝ 3,000,000-ը մեծ է, քան 120,000-ը: Ցաւալի է, որ Արցախը այդպէս ալ չընկալուեցաւ՝ իր արժէքով հանդերձ: Իսկ արժէքները փնտռեցէք ազգային հերոսներու խօսքերուն մէջ, այն, որ Եռաբլուր կ՝երթաք եւ իրենց շիրիմներուն առջեւ կը խոնարհիք. թէեւ այդ ալ երեւի այլեւս նախընտրական բնոյթի գործողութիւն դարձած է դժբախտաբար:

Յ.Գ. Եթէ հետեւիմ ձեր տրամաբանութեան՝ 680,000-ն ալ 3,000,000-ի մօտ ժողովուրդ չէ, ընդամէնը 1/5 մասնիկն է: Պարտուած իշխանութիւնը միայն նոր պարտութիւններ կրնայ բերել:

Թեւան Պօղոսեան

«Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի»-ի ղեկավար,

ԱԺ նախկին պատգամաւոր