Հայ Դատի Գանատայի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին Կողմէ Արցախի Շրջափակման Լսումներուն Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յունուար 25-ին, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը գումարեց երկու առանձին նիստ՝ նուիրուած ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակմանը։

Արցախի մասին իրազեկման հանդիպումները կազմակերպուեցան, երբ անցեալ շաբաթ ընդդիմադիր Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան ստուերային արտաքին գործոց նախարար պարոն Սթեֆան Պերժերոնի կողմէ յանձնաժողովին ներկայացուեցաւ միջնորդութիւն մը, որ կոչ կ՚ընէր առաւելագոյնը երեք հանդիպում կայացնել Արցախի մասին իրազեկումներ եւ վկայութիւններ լսելու։ Միջնորդութիւնը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ եւ որոշուեցաւ իրազեկման մասնակից դարձնել Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող վկաներ, ինչպես նաեւ փորձագէտներ եւ Գանատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Այս մէկը պատմական ձեռքբերում էր, որ պաշտօնապէս հնարաւորութիւն կը ստեղծէր Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունենալու Գանատայի խորհրդարանին առջեւ եւ պաշտպանելու արցախահայութեան շահերը։

Առաջին հանդիպման ժամանակ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեանի հետ միասին ներկայացան քաղաքական գիտութեանց դասախօս դոկտ. Թալին Փափազեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ Իր վկայութեան ընթացքին Միրաքեանը յանձնաժողովին համապարփակ պատկերացում տուաւ, թէ ինչ դիրքորոշում ունի գանատահայութիւնը այս հարցին գծով՝ ընդգծելով, որ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է օգտագործէ իր միջազգային ազդեցութիւնը եւ ճնշում գործադրէ ազրպէյճանի վրայ՝ դադրեցնելու Արցախի ցեղասպանական շրջափակումը։

Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան փաստեր ներկայացուցին՝ կապուած ազրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծին պատճառով յառաջացած մարդասիրական ծանր հետեւանքներուն։

Յանձնաժողովի երկրորդ նիստը լսեց Միջազգային ճգնաժամային խումբի Հարաւային Կովկասի հարցերով աւագ վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեանը  եւ Ուինծըրի համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս՝ փրոֆ. Քրիսթոֆըր Ուոթըրզը: Երկու վկաներն ալ հիմնաւոր տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ՝ կոչ ընելով ճնշում բանեցնելու պաքուի դէմ, որպէսզի ան դադրեցնէ իրավիճակը ապակայունացնող իր ճիգերը։