Մուսալեռցիներս՝ Արցախահայութեան Հետ Իբրեւ Ճակատագրական Բազմաթիւ Նմանութիւններ Ունեցող Հերոսական Ժողովուրդ՝ Կը Դատապարտենք թուրք-ազերիական Հակահայկական Նման Գործելաոճը․ Յակոբ Այնթապլեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յունուար 25-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցած Արցախի զօրակցական հաւաքին ընթացքին, Յակոբ Այնթապլեանի արտասանած խօսքը․

Արցախի ճակատագրով մտահոգ ու արցախցիներուն անվերապահ զօրակցութիւն յայտնող յարգանքի արժանի սիրելի հայորդիներ։ 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի եւ համայն Մուսալեռցի-Այնճարցիներուն անունով՝ մեր գիւղի այս կեդրոնական հրապարակէն կ՝ողջունեմ հերոսական Արցախի քաջարի ժողովուրդը եւ մեր ամբողջական զօրակցութիւնն ու յարգանքը կը յայտնեմ անոնց։ 

Այս առիթով կը շեշտեմ, որ անոնց հայրենասիրութիւնը վառ օրինակ է համայն հայութեան, իրենց կամքի ուժը՝ հիացնող, պայքարի ոգին՝ ազատագրական պայքարի ներշնչման աղբիւր, անոնց տոկունութիւնը՝ թշնամին սարսափեցնող, հաւատոյ հանգանակը՝ անկախութեան կերտումով իւրաքանչիւր ազատատենջ հայու արժանապատւութեան վերադարձը։ 

-Արցախը պատմական Հայաստանի անբաժան մասն է։ 

-Արցախցիներուն ազատ ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան առարկայ չէ։ 

-Արցախը մենք ենք։ 

-Արցախը Հայաստան է եւ վերջ։ 

Այս բառերը սոսկ զգացական բառակապակցութիւններ չեն, ոչ ալ երեւակայական լօզունքներ։ 

Անոնք պատմական փաստացի իրողութիւններ են, որոնց բովանդակութենէն ժայթքող արդարութեան ճիչը կարելի չէ խեղդել բազմահազար մեր նահատակներուն թափած արեան ծովին մէջ։ 

Արցախը՝ հողին մէջ մխրճուած Մամիկով ու Պապիկով խորհրդանիշ ըլլալով հանդերձ, է նաեւ՝

-Ամարասի վանք ու վանական համալիր, հիմնադրուած 4-րդ դարուն (Հատրութ)։ 

 -Գանձասար է Դադիվանք, 12-րդ դար։ 

-Գտիչի վանք, Սպիտակ խաչի վանք, 12-14-րդ դարեր։ 

-Շուշի է ու անոր սրտին կանգնած Սբ․ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցի է 19-րդ դար։ 

-Քաղաքամայր Ստեփանակերտ է համատարած իր գիւղերով ու հերոսածին զաւակներով։  

-Արցախը ինքնին հայաշխարհ մըն է, հեքիաթային, դրախտավայր Հայաստանի մէջ։  

-Արցախը հայկական ճարտարապետական կոթողներու շքերթ է ու ազգային մշակութային արժէքներու քառաձայն պատարագ։ 

-Արցախը արծիւներու խոյանք է ու արծուաբոյն։ 

-Ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրաներու օրրան է ու ճառագայթող վկայութիւն՝ յաղթական խոյանքներու։ 

-Արցախը հայոց պատմութեան վերջին քոռորդ դարուն համազգային մեր արժանապատւութիւնը բարձր պահող ամրակուռ բերդն է․․․ 

Յետ 2020թ․ 44-օրեայ պատերազմին փորձ կը կատարուի այս օրերուն ամբողջական շրջափակման ենթարկելու վիրաւոր Արցախի մնացորդացը․ շրթայել բերդը, շնչահեղձ ընել Արցախցին, զգետնել մեր ազգային արժանապատւութիւնը։ 

Քաղաքագէտ ըլլալու կարիքը չկայ անդրադառնալու համար, որ նոյն եւ միեւնոյն համաթուրանական ծրագիրն է, որ քայլ առ քայլ կը փորձեն իրականացնել արիւնարբու թուրքիան եւ իր կրտսեր նորելուկ եղբայրը՝ նոյնքան վայրագ ազրպէյճանը։ 

Այո՛, քաղաքական մեկնաբան ալ ըլլալու կարիքը չկայ՝ վերլուծելու համար թուրք-ազերիական հեռաւոր նպատակը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայութեան ու Հայաստանի վերացումը իր պատմական հողերէն։ Պատմութեան արձանագրած իրողութիւններն ու փաստերը կը հաստատեն, որ գազանաբարոյ ու արիւնածառաւ թուրքը խտրութիւն չէ դրած Արցախցիի կամ Սասունցիի միջեւ, Երեւանցիի կամ Տիգրանակերտցիի միջեւ, սփիւռքահայի կամ մուսալեռցիի միջեւ․․․ հարուածը ամբողջ հայութեան գլխուն է՝ Ստեփանակերտէն մինչեւ Երեւան, Սիւնիքէն մինչեւ Սփիւռք․․․ Այդպէս էր երէկ՝ ցեղասպանութեան օրերուն եւ փաստօրէն այդպէս է նաեւ այսօր․․․ 

Պատմական իրողութիւն է նաեւ այն, որ ինչպէս օր մը Արցախի ծնունդ Նիկոլ Դուման իր սխրագործութեամբ կը տեսնենք Խանասորի դաշտին մէջ, ուրիշ օր մը, նոյն Արցախի ծնունդ Արամ Մանուկեան կը տեսնենք Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ղեկավար դիրքերու վրայ․․․ Այնպէս ալ, նոյն հայրենասիրական տրամաբանութեամբ Պռոշեանի ծնունդ Պետոն, Թալինի շրջանի ծնունդ Թաթուլը, Պէյրութի ծնունդ Մհերը, Վիգէնը, Մուսալեռ-Այնճարի ծնունդ Գէորգը Հաճեան եւ հազարաւոր ուրիշներ, ո՛չ ղարաբաղցի, անսալով իրենց արեան կանչին հոգինին աւանդեցին գրկելով Հայաստանի անբաժան մաս համարուող Արցախի հողը՝ Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի կերտման երազանքով։ 

Պատմութիւնը ոսկի տառերով արձանագրած է նաեւ այն, երբ բաժակը յորդի կամ դանակը ոսկորին հասնի, համահայկական Աստուածային ուժը կը ծնի հայութեան այս կամ այն հատուածին մէջ ու կը փոխուի պատմութեան գահավէժ ընթացքը․ այդպէս էր պարագան Սարդարապատի հերոսամարտերուն, Մուսա-Լերան քառասնօրեայ հրաշագործութեան կամ՝ 30-ամեակ մը առաջ անկարելի թուացող, բայց յաղթանակի փառքով պսակուած Շուշիի ազատագրումն ու Արցախի անկախացումը։ 

Պատմական դէպքեր, որոնք փաստօրէն փոխած են մեր ժողովուրդի ճակատագիրը ու հիմք հանդիսացած նորանոր յաղթանակներու։ 

Դժբախտաբար այս օրերուն բազմահազար զոհեր եւ բիւրաւոր հաշմանդամներ պատճառած ու հայրենիք խլած Արցախի 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք յուսահատութեան ու յուսախաբութեան մթնոլորտը թափանցած է հայկական բոլոր շրջաններուն եւ շրջանակներուն մէջ։ 

Աւելին՝ աւելի քան 44 օրերու ազերիներու կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակումով անգամ մը եւս ականատես վկաներն ենք Ռուսիոյ կամ մեծ պետութիւններու դերասանական կեցուածքներուն, որոնց ի նպաստ հայութեան գործունէութիւնը կը սահմանափակուի միայն հայ մարդու ականջները շոյող գեղեցիկ խօսքերով ու ելոյթներով՝ կրկին ու կրկին հաստատելով, որ պաքուի նաւթահորերուն քարիւղը աւելի ծանր կը կշռէ քան մեր անթիւ ու անհամար նահատակներուն թափած արիւնը։  

Բայց կայ նաեւ աւելի սարսափելին, երբ քու իշխանութիւններդ՝ Անկախ Հայաստանի կառավարութիւնդ նիկոլ փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հարցով լուռ է ու անգործ, իսկապէս ցաւալի է ու զայրոյթ պատճառող․․․  

-Այսօր, աւելի քան 44 օրէ ի վեր ազերիները կը շարունակեն փակ պահել Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ արիւնատար երակը․ մերթ ընդ մերթ կ՝ընդհատեն կազը, ելեկտրականութիւնը, կապի միջոցները, զանազան միջոցներով կ՝ահաբեկեն խաղաղ քաղաքացիները եւ այս բոլորը լոյս աչքով եւ ռուս խաղաղապահներուն աչքին դիմաց։ 

Թրքական գոռոզութեամբ օր ըստ օրէ կը սաստկանայ աւելի քան 120,000 հաշուող արցախահայութեան կեանքին սպառնացող մարդկային աղէտը՝ դուռը լայն բանալով Արցախի հայաթափման ու պարպումին։ 

Ուստի մենք՝ Մուսալեռցիներս, զորս Արցախահայութեան հետ իբրեւ ճակատագրական բազմաթիւ նմանութիւններ ունեցող հերոսական ժողովուրդ, Մուսա Լեռ-Այնճարի սրտէն եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի առաջնորդութեամբ, բուռն կերպով կը դատապարտենք թուրք-ազերիական հակամարդկային ու հակահայկական նման գործելաոճ ու սպառնալիք։ 

Կոչ կ՝ուղղենք մեր հայրենի իշխանութիւններուն վերջ դնելու ապազգային ու ազգակործան քաղաքականութեան, քաջալեր հանդիսանալու Հայաստանի ու հայութեան բոլոր շերտերուն ու հատուածներուն, համախմբելու ազգային ու քաղաքական ուժերը, համայնքներն ու կուսակցութիւնները, վերակենդանացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յայտարարուած ազգային յուշագիրին տարրն ու ոգին․․․ 

Եւ վերջապէս՝ Մուսալեռ-Այնճարի այս կեդրոնական հրապարակէն եւ համայն Մուսալեռցիներուն անունով անգամ մը եւս կ՝ողջունենք Արցախի մէջ շրջափակուած մեր հերոս ժողովուրդը՝ յայտնելով մեր անսակարկելի զօրակցութիւն անոնց, հաւատալով, որ միասնակամութեամբ, քաջասրտութեամբ, կորովով, տոկունութեամբ, յամառութեամբ ոչ թէ միայն պիտի շրջանցուի թուրք-ազերիական սպառնալիքը, այլ կը հաւատանք, որ Շուշիի ու Հատրութի ազատագրումով վերստին թափ պիտի առնէ մեր նահատակներուն կտակը՝ Միացեալ Հայաստանի երազը, ու անկասկած պիտի վերադարձուի մեր համազգային արժանապատւութիւնը։ 

Արցախը մերն է, մենք ենք Արցախը։ 

Արցախը Հայաստանին է, Հայաստանը մերն է։  

Մենք ենք Հայաստանը։ Ապագան Հայաշխարհինն է։  

Ապագան՝ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանինն է։