«Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւնը՝ Լիբանանի Մէջ

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ մրցանակակիր աշակերտներու եւ անոնց ծնողներու: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԶԴԱԿ»-էն։

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Ռիթա Սալլում: Ան նկատել տուաւ, որ արտադպրոցական կամ դպրոցին մէջ կազմակերպուած մրցումները նախ պատիւ եւ հպարտութիւն են դպրոցին, ապա փորձառութիւն են մասնակցողին, որովհետեւ զայն կը մղեն ապրելու այն մթնոլորտը, որ պիտի ապրի ապագային, կեանքի մրցումին ժամանակ: Ան ըսաւ, որ Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նուիրուած շարադրական մրցանքին շնորհիւ ամէն տարի աշակերտներ կը վերանորոգեն իրենց ուխտը հայրենիքի հանդէպ` տիպար օրինակ ունենալով Մհերը, որ Լիբանանի մէջ ծնած, մեծցած, Ազգային վարժարանի կրթութիւն ստացած, համալսարանաւարտ սքանչելի երիտասարդ մըն էր: Անսալով արեան կանչին` ան ուղղուեցաւ Արցախ եւ հայրենիքի զոհասեղանին նուիրեց ամէնէն թանկագինը` կեանքը: «Այսօր, հայկական վարժարաններէ նոր խումբ մը խմբուած է հոս, ուխտելու Մհերի անունով շարունակելու անոր սկսած գործը», եզրափակեց Սալլում:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքի մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Կասիա Գրիգորեան ջութակով մեկնաբանեց երաժշտական կտոր մը:

Ուսումնական խորհուրդի անունով Նորա Բարսեղեան իր խօսքը սկսաւ Մհերի մտածումներով. «Կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ` այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին»` աւելցնելով, որ լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան, լիբանանահայ խրոխտ երիտասարդը իր իսկ արտասանած վերոյիշեալ տողերուն դէմ ելաւ, երբ որոշեց դիտողի դերէն դուրս գալ, առօրեային հետ հաշտուած ամբոխէն անջատուիլ, չըլլալ պատեհապաշտ երիտասարդ, չդառնալ զոհը շահերու եւ առիթներու, այլ ձգել ամէն ինչ, ամէն վայելք, ընտանիք ու ընկերներ եւ ուղղուիլ Երկիր, Արցախ, ուր ան դարձաւ ազգին ու հայրենի հողին նուիրեալ նահատակ, «Դէպի Երկիր» կարգախօսը թարգմանելով գործնական քայլով եւ անունը յաւերժ փորագրելով հայութեան փառքը հանդիսացող նահատակներու ցանկին մէջ: Բարսեղեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհերի կեանքի ու նահատակութեան ընթացքը` նկատել տալով, որ «Մհեր Ջուլհաճեան»-ին նուիրուած շարադրական մրցումով ոչ միայն տարեկան դրութեամբ կ՛ոգեկոչուի մեր սիրելի նահատակ Մհերին յիշատակը, այլ նաեւ կը վերանորոգուի անոր պատգամը` չըլլալու անտարբեր, յանձնուողական, չհեռանալու ազգայինէն եւ հայկականէն, կառչելու հայերէն լեզուին, գրականութեան եւ արժէքներուն, որոնցմով հայը հայօրէն կ՛ապրի ու կը յաւերժանայ:

Շարունակելով իր խօսքը Նորա Բարսեղեան ըսաւ, որ մրցանակակիր բոլոր աշակերտները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ` տրամադրուած Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ: Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու առաջին հանդիսացողները պիտի ստանան 2 միլիոն լիբանանեան ոսկի, երկրորդները` 1 միլիոն 250 հազար, իսկ երրորդ հանդիսացողները` մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի:  Ունեցանք նաեւ պատուոյ յիշատակութեան արժանացողներ, որոնք պիտի ստանան 750.000 լիբանանեան ոսկի:  Բարսեղեան շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանքին մասնակցող աշակերտներուն, նաեւ դատական կազմին` Արմէն Ապտալեանին, Շուշիկ Մաւիսագալեանին եւ Ժագ Յակոբեանին: «Վեհ նպատակներու հաւատացող եւ անոնց համար իր կեանքը նուիրաբերած Մհեր Ջուլհաճեան, որուն անունը կը կրէ միջդպրոցական այս շարադրական մրցումը, իր կեանքով ու նահատակութեամբ պատգամ կը յղէ մեզի, յատկապէս ձեզի` սիրելի՛ աշակերտներ, սիրելու, պաշտելու մայրենի լեզուն, մշակոյթը, հայկական արժէքները, որովհետեւ անոնց ճամբով կրնանք գոյատեւել իբրեւ ազգ, այս աշխարհին մէջ աճիլ, զօրանալ եւ ինքնութիւն ունենալ, ալ կոչ կ՛ուղղէ մեզի` շարունակելու Հայ դատի պայքարը, ազգն ու հայրենիքը անձնականէն վեր դասելու», հաստատեց Բարսեղեան եւ եզրափակելով իր խօսքը յորդորեց աշակերտները հաւատարիմ մնալու Մհերի եւ մեր բոլոր նահատակներուն կտակին, որովհետեւ անոնց մահը կոչ է մեզի` ապրելու, գոյատեւելու եւ պայքարելու աւելի լաւ ապագայի համար:

Ապա, Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Մարիա Խաչատուրեան ասմունքեց Վահրամ Մաւեանի «Գնա՛ ընկեր» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան պատգամախօսն էր Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս հաւաքը նպատակային է եւ նահատակ Մհերի յիշատակն ու անոր ընդհատուած գործէն գոնէ մաս մը ապրեցնելու եւ շարունակելու յանձնառութիւնը ունի` աւելցնելով, որ Մհերին նահատակութեամբ կեանքի անոր ուղեւորութիւնը կարճատեւ եղաւ, սակայն անոր ձեռնարկած գործունէութիւններով, պարզած օրինակով, հայրենասիրական վարքի ծանրութեամբ եւ գաղափարական հրայրքով` անոր նահատակութեամբ փոխանցուած պատգամը կը դառնայ շա՛տ աւելի տարողունակ ու դրոշմելի գրեթէ ամէն տեղ, ուր հայ կեանքի իրականութիւն մը կը սաղմնաւորուի ու կ՛ուռճանայ: Արմէն Թաշճեան ըսաւ, որ հայ աւանդական ընտանիքի եւ հայահոծ թաղերու մէջ իր աճելավայրը գտած Մհերը իր կազմաւորումին աւիշ տուաւ իր իսկ գաղափարական ընտրութեամբ: Ան ճիգ չխնայեց ամենապայծառին, ամենախիզախին, արդարագոյնին ու ազնուագոյնին փնտռտուքին մէջ եւ իր անհատականութիւնը խարսխեց հոն:

«Այս ամուր անհատականութեամբ, նոյնիսկ երբ պատասխանատուութիւններ ստանձնեց, Մհերը չգայթակղեցաւ մեծամտութեան մէջ: Ընդհակառակն, իր սերնդակիցներու իսկ վկայութեամբ` բոլոր շրջանակներուն մէջ ան յատկորոշուեցաւ իր խոնարհ ու հեզ վարքով: Հակառակ իր փայլուն միտքին, պատրաստ էր լսելու բոլորը եւ բոլորին հետ քննարկելու առաջադրուած ամէն հարց ու կարծիք», հաստատեց Թաշճեան` նկատել տալով, որ նոյն լայնախոհ եւ խոնարհ պահուածքով ան իր շուրջ կը փնտռէր  ծաղկող եւ ամուր անհատականութիւններ, որովհետեւ կը հաւատար անհատականութեանց կուտակային եւ հարստացուցիչ արժէքին, մանաւա՛նդ ազատագրական պայքար մղող հաւաքականութեան մը համար:

Շարունակելով իր խօսքը, Արմէն Թաշճեան յայտնեց, որ Մհերը մերժած էր պատեհապաշտ բոլոր իրականութիւնները եւ յեղափոխական սկզբունքայնութեամբ կը ձգտէր նպատակասլաց իրականութիւններ նախաձեռնելու: Այդ պատճառով էր նաեւ, որ համոզուած էր տոկուն անհատականութիւններու հանրագումար ուժին, որ կրնար պատեհապաշտ կաղապարներէն ազատել բոլորը եւ ամբողջը մղել շարժի դէպի նպատակ ու գաղափար: Ան ըսաւ, որ Մհերի խիզախ անհատականութիւնը, նպատակի կառչածութիւնը եւ աշխատանքի անսահման նուիրումի ուժգնութիւնը կարճ ժամանակի մէջ զինք տարած էին ճակատային գօտիներու վրայ:

Բանախօսը նկատել տուաւ, որ համալսարանական ուսումնառութենէ մինչեւ ուսուցչութիւն, երիտասարդականի աշխուժ պատասխանատուութիւններէ մինչեւ պատանեկանի դաստիարակ եւ վարիչ, հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանական աշխատանքներէ «Դէպի Երկիր» գնացք եւ վերջապէս` արցախեան ազատամարտի խրամատներ, Մհերը եղաւ ճակատային գօտեմարտերու ասպետ մը` աւելցնելով, որ ան յատկապէս Հայաստան իր կեցութեան շրջանին, ձեռնամուխ եղաւ մարտավարական հարցերու սպասարկման` մասնաւորաբար, ռազմական գիտելիքներու, ականանետերու հմուտ գործածութեան, քարտէսագիտութեան եւ ռազմական ճարտարարուեստի տիրապետման ճամբարային ուսուցումով, սակայն Մհեր միշտ ալ առաջնահերթ նկատեց ռազմավարական հարցերու յստակացումը, ինչպէս նաեւ ամբողջ ազատամարտը գաղափարական յենասիւներու վրայ պահելու անհրաժեշտութիւնը:

«Սիրելի՛ աշակերտներ, բոլորդ միասին կոչուած էք ըլլալու Մհերին եւ եռաբլուրեան ամբողջ փաղանգին յիշատակին, կտակին ու պատգամին համազարկը ամէնուրե՛ք, ամէ՛ն վայրկեան», եզրափակեց Արմէն Թաշճեան:

Այնուհետեւ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներէն Սելլա Սվաքճեան` ջութակով եւ Ալեքս Մանոր Հալլաճեան` դաշնամուրով, մեկնաբանեցին երաժշտական կտոր մը:

Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի: Մրցանակներ ստացան հետեւեալ աշակերտ-աշակերտուհիները.

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ

Առաջին.- Լոռի Աւետիս (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)
Երկրորդ.- Քրիստ Դարբինեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան)
Երրորդ.- Սերլի-Ռոզի Շահինեան (Հայ աւետարանական քոլեճ)
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Լոռի Յովսէփեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան):

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ

Առաջին.- Փաթիլ Թասլաքեան (Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան) եւ Սերժ Քիւշէրեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք)
Երկրորդ.- Արէնի Այնթապլեան (Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան) եւ Ալին Այանեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան)
Երրորդ.- Վարանդ Կիրակոսեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան) եւ Սեւակ Զարմէնեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Յարութ Տէմիրճեան (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան), Սիլվի Թաթոյեան (Ազգային Միացեալ վարժարան) եւ Անի Մուշեղեան (ՀԲԸՄ¬ի վարժարաններ):

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց սրբազան հայրը: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ համար է շարադրական այս մրցանքը, երբ բոլորս կ՛անդրադառնանք, թէ կ՛ապրինք հայրենիքէն դուրս եւ գործնականօրէն մեր հացը վաստակելու հասկացողութեամբ վստահաբար օտար լեզու մը աւելի օգտակարութիւն պիտի ունենար մեզի, յատկապէս տնտեսական ներկայ կեանքի իրականութեան մէջ. ապա` խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, բացատրեց, որ լեզուն մեր ինքնութեան բանալին է եւ առանց հայ լեզուին, վստահաբար պիտի կորսնցնենք հայոց պատմութեան հետքը, նաեւ պիտի կորսնցնենք հայրենիքին հետ կապը եւ պիտի դառնանք օտար` մաս կազմելով այլ ժողովուրդի մը: «Վա՜յ մեզի, եթէ դարաւոր պայքարներէ ետք, սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ կորսնցնենք հայրենիքի յիշատակը եւ մանաւանդ կորսնցնենք հայրենիքին հետ մեզ կապող մեր լեզուն», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ բարձրօրէն գնահատեց աշակերտներուն բերած գիտակից մասնակցութիւնը շարադրական այս մրցանքին: Ան դիտել տուաւ, որ Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան լսեց հայրենիքի կանչը եւ ընդառաջեց, նահատակութեամբ իր կեանքը պսակեց, բայց ահաւասիկ կ՛ապրի, իր պաշտպանած արժէքները մեզ այսօր քով-քովի կը բերեն, որպէսզի այդ արժէքները մեր ճամբով յարատեւեն: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ այս նախաձեռնութիւնը մնայուն ըլլայ, որպէսզի Մհերը եւ անոր օրինակով մեր անմահ հերոսները ապրին, անոնց պաշտած արժէքները յարատեւեն մեր նոր սերունդին ընդմէջէն մինչեւ որ մենք` իբրեւ ազգութիւն, կարողանանք հասնիլ մեր իտէալներուն եւ դարաւոր երազներուն: