Փաստերը Ցոյց Կու տան, Որ Ազրպէյճանը Չի Պատրաստուիր Հեռանալ Մեր Տարածքներէն․ Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան կը գրէ.

«Իմ ներկայացուցած փաստերէն, հիմնաւորումներէն ետք՝ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէլսի նահանգի խորհրդարանի խօսնակը նախաձեռնեց Ազրպէյճանի պատերազմական յանցանքները Հայաստանի ու Արցախի մէջ դատապարտելու եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական զօրքերը դուրս բերելու բանաձեւ։ Բանաձեւին նախագիծին միացան շարք մը պատգամաւորներ:

Մասնաւորապէս, երէկ Սիտնիի մէջ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէլսի նահանգի խորհրդարանի խօսնակ, Աւստրալիա-Հայաստան դաշնային միջխորհրդարանական միութեան (Բարեկամութեան խումբ) ղեկավար Ճոնաթոն Օ’Տէյի եւ շարք մը պատգամաւորներու հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացուցած եմ Հայաստանի ու Արցախի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու յանցանքներուն ու այլ անօրինական արարքներուն հետեւանքով անվտանգութեան եւ մարդոց համար յառաջացուցած լրջագոյն խնդիրները։

Հանդիպման մասնակցած են Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի (Armenian National Committee of Australia) Պատուոյ նախագահ Գրիգոր Սողոմոնեանը եւ գործադիր տնօրէն Մայքլ Քոլոքոսեանը։

Քարտէզներու վրայ փաստագրումներով ներկայացուցած եմ Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամին փաստերը կապուած ՀՀ ինքնիշխան տարածք ազրպէյճանական ներխուժումներուն հետ՝ սկսեալ 2021թ. Մայիս 12-էն մինչեւ 2022թ. Սեպտեմբեր 14, ինչպէս նաեւ խօսած եմ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին մասին։

Մանրամասն ցոյց տուած եմ ազրպէյճանական վերջին ներխուժումներուն հետեւանքները Ջերմուկի, Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ՝ շեշտելով, որ փաստերը ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճանը չի պատրաստուիր հեռանալ մեր տարածքներէն․ կը կատարէ թէ´ ՀՀ գրաւուած տարածքներուն, թէ´ գիւղերուն հարեւանութեամբ ու ճանապարհներուն իր անօրինական զինուած տեղակայումներուն ամրացման աշխատանքները, անգամ կը պատրաստուի ձմրան՝ անօրինական կառուցելով զինուորական ճանապարհներ, դիրքեր, շինութիւններ ու բունկերներ։

Ներկայացուցած եմ նաեւ քաղաքացիական բնակավայրերը աւերելու, զինծառայողները խոշտանգելու, մարմինները մասնատելու, հայ գերեվարուած զինծառայողները գնդակահարելու ապացոյցները: Ի դէպ, խօսած եմ նաեւ այն մասին, որ հայ գերիները կը շարունակեն ապօրինի պահուիլ Ազրպէյճանի մէջ եւ օգտագործուիլ քաղաքական ու ռազմական շահերու համար առեւտուրի նպատակով:

Տեղեկացուցած եմ, որ ազրպէյճանական կողմին կրակոցները ՀՀ սահմանային դարձած գիւղերուն հարեւանութեամբ դարձած են ամէնօրեայ։ Անոնք կ՝ահաբեկեն մարդոց ու կեանքը այդ գիւղերուն մէջ դարձուցած են անհնարին։

Ցուցադրած եմ նաեւ ազրպէյճանական հայատեացութեան ու ֆաշիզմի հասած քաղաքականութեան ապացոյցները. անպատժելիութեան հովանաւորութեան այս քաղաքականութիւնը ոչ միայն կը նուազի, այլ աւելի խորացած է՝ ըլլալով իշխանութիւնը պահպանելու գործիք: Խօսքը բոլոր ոլորտներուն մասին է՝ սկսեալ կրթութեան բոլոր մակարդակներէն մինչեւ մշակոյթ եւ ունի թէ՛ կրօնական, թէ՛ ցեղական հիմքեր:

Իբրեւ լուծում՝ շեշտած եմ, որ առաջնային ու հրատապ հարց է այն, որ ազրպէյճանական զինուած տեղակայումները պէտք է հեռացուին ոչ միայն ՀՀ ներխուժած տարածքներէն, այլ նաեւ ՀՀ գիւղերու մօտէն ու համայնքներուն միջեւ ճանապարհներէն, պէտք է ըլլայ ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի, որպէսզի վերականգնուի մարդոց բնականոն կեանքը, իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով կազմակերպուած այցին ծիրէն ներս դեռ կը շարունակուին իմ հանդիպումները»։