Ձմեռնային Խնամքի Կանոններ

Այլեւայլ

Ձեր գեղեցկութիւնը ձեր ձեռքերուն մէջ է եւ, եթէ դուք կ՝ուզէք դիմաւորել գարունը կազմ ու պատրաստ, ուրեմն հետեւեցէք այս հասարակ, սակայն կարեւոր կանոններուն․

*Հրաժարեցէք ջրային հիմքով միջոցներէն։ Ձմրան ընթացքին մաշկի հետ խնդիրներէ խուսափելու համար՝ հրաժարեցէք ջուրի հիման վրայ պատրաստած խոնաւցնող քսուկներէն(cream): Անոնց փոխարէն նախապատւութիւնը տուէք աւելի իւղոտ եւ թունդ նիւթակազմուածք ունեցող միջոցներուն: Կարեւոր է քսուկը քսել տունէն դուրս ելլելէն առնուազն կէս ժամ առաջ, որպէսզի անիկա ներծծուիլ եւ ստեղծել մաշկի համար անհրաժեշտ պաշտպանիչ շերտ:


*Մի՛ չարաշահէք մաքրելը։ Լուացուելու համար օգտագործեցէք շպարի փափուկ միջոց: Եթէ ունիք իւղոտ մաշկ, օգտագործեցէք սքրապ շաբաթը 2-3 անգամ: Բնական մաշկին համար բաւական է շաբաթը 1-2 մաքրման ընթացակարգ: Իսկ չոր մաշկի հետ աւելի լաւ է զգոյշ ըլլալ փափուկ փիլինկը երկու շաբաթը մէկ անգամ առաւելագոյնն է տարուայ ցուրտ եղանակի համար:

*Հոգ տարէք ձեր շրթունքին։ Եթէ մոռցած էք տունէն դուրս ելլելէն առաջ քսել պաշտպանիչ շրթներկ, ուրեմն պատրաստուեցէք ճաքճքած ու ցրտահարուած շրթներ ունենալուն: Շրթունքին մաշկը շատ բարակ է, այդ պատաճառով անիկա ամենաշատը կը վնասուի ցուրտէն եւ քամիէն: Ա՛նպայման օգտագործեցէք վիթամիններով հարուստ պաշտպանիչ շրթներկ:

*Օգտագործեցէք ձեռքերու քսուկ։ Ձեռքերուն մաշկը պակաս չի տանջուիր ձմրան ընթացքին: Ձեռնոցները, բնականաբար, լաւ տարբերակ են, սակայն, երբ դուք առանց անոնց էք, ուստի ձեռքերու մաշկի չորութենէն, ձգուածութենէն պիտի չխուսափիք: Ա՛նպայման օգտուեցէք ձեռքերուն համար նախատեսուած սնուցող քսուկներէն: Կատարեալ տարբերակ է զայն քսել ամէն անգամ ձեռքերը լուալէն ետք:

*Կ՝ուզէ՞ք խիտ մազեր՝գլխարկ դրէք։ Ձմրան ընթացքին մազերը պաշտպանելու լաւագոյն միջոցը գլխարկն է: Բժիշկները համոզուած են, որ բացասական ջերմաստիճանի պարագային՝ առանց գլխարկի փողոց ելլել չ՝արժեր: Հակառակ պարագային հնարաւոր է անօթներու խցանում յառաջանայ, որ կրնայ հասցնել ֆոլիքուլներու սնուցման խախտումի: Արդիւնքը երկար սպասեցնել չի տար մազերը կը դառնան կոտրտուող եւ կը սկսին թափիլ:

*Տունէն դուրս ելլելէ առաջ ձեր գլուխը մի՛ լուաք։ Մեզմէ շատերը վարժ են ամէն առաւօտ իրենց գլուխը լուալու, սակայն տարուան ցուրտ եղանակին այս սովորութենէն պէտք է հրաժարիլ: Պատճառը պարզ էտաք ջուրը կը լայնցնէ անօթները եւ ձեր սեփական տաքութիւնը, որ անհրաժեշտ է տաքացման համար, աւելի արագ կը կորսուի ցուրտին:

*Մի շնչէք շալի մէջ։ Մեծ տաք շալը լաւ է, սակայն անով փակել դէմքը, երբ փողոցը ցուրտ է ճիշդ չէ: Գոլորշին, որ կ՝անցնի շալին մէջ ցուրտ ժամանակ՝ միանգամայն կը վերածուի սառոյցի եւ դուք կը սկսիք շնչել օդը այդ «սառոյցէ ֆիլթր»-ին մէջէն: Չզարմանաք, եթէ անկէ ետք ունենաք թեփոտուող մաշկ, ճաքճքած շրթունք: Կրնայ գումարուիլ նաեւ մրսածութիւն, պրոնխիտ կամ կակորդի բորբոքում: