Ես Ան Եմ, Ով Որ Լաւագոյնս Կրնայ Օգնել Զիս Յաղթահարելու Դժուարութիւնները․ Օգտակար Մտքեր

Այլեւայլ

-Ես արտասուելու իրաւունք ունիմ, բայց շուտով կրկին պիտի ծիծաղիմ։ Յուզմունքներու պոռթկումը կարեւոր էվիշտի ժամանակաշրջանը յաղթահարելու, անյաջողութիւններու, դժուարութիւններու, սխալներու հետ հաշտուելու համար: Երբեք մի զսպէք ձեզի եւ մեղաւոր մի զգաք անոր համար, որ ճնշուած էք եւ ուժերը չեն բաւականացներ: Կարեւոր է նաեւ յիշել, որ այդ վիճակը պէտք չէ շատ երկար տեւէ: Ատիկա պէտք չէ մշտական բնոյթ ունենայ: Մեր խնդիրներուն համար լալը շատ յստակ նպատակ ունի. օգնել մեզի ընդունելու ա՛յն, ինչ որ տեղի ունեցած է առաջ շարժելու, իրավիճակն ու մեզ փոխելու համար: Դուք արժանի՛ էք կրկին ժպտալու:

-Ես ան եմ, ով որ լաւագոյնս կրնայ ինծի օգնել յաղթահարելու դժուարութիւնները։ Ձեզի կրնան լաւ ընկերներ շրջապատել, զգայուն զուգընկեր, սիրող ընտանիք: Սակայն, դուք պէտք է ի վիճակի ըլլաք դո՛ւք յաղթահարելու դժուարին իրավիճակները: Առանց կամքի, առանց ուժի, առանց յոյսի շատ դժուար պիտի
ըլլայ դուրս ելլել այդ մութ սենեակէն, ուր յայտնուած էք: Լսեցէք անոնց, որոնք կը շրջապատեն ձեզ, ընդունեցէք անոնց օգնութիւնը, բայց յետոյ դո՛ւք պէտք է գործարկէք դժուարութիւնները յաղթահարելու այդ ներքին գործընթացը:

-Ես չեմ կրնար փոխել իրավիճակը, բայց կրնամ փոխել իմ վերաբերմունքը անոր հանդէպ։ Կան բաներ, որոնցմէ անհնար է խուսափիլ. կորուստներ, հիւանդութիւն, բաժանում, յարաբերութիւններ, որոնք կը քայքայուինհակառակ ձեր ջանքերուն... Մեզմէ ո՛չ ոք կրնայ հարիւր տոկոսով վերահսկել այն դժուարութիւններն ու հանգամանքները, որոնք երբեմն մեզի կը մատուցէ կեանքը: Բայց միայն մե՛նք պատասխանատու ենք մեր միտքերուն համար: «Չեմ կրնար»-ը ամբողջութեամբ կ՝անշարժացնէ ձեզի եւ միայն բացասական յոյզեր կու տայ: Մինչդեռ «ես կրնամ»-ը ամբողջութեամբ կը փոխէ տրամադրութիւնը, եւ մենք նոր ուժ կը գտնենք: Մի՛ մոռնաք այս մասին:

-Ես կը սկսիմ ապրիլ, երբ յաղթահարեմ վախերս։ Դուրս ելլել յարմարաւէտութեան գօտիէն: Ատիկա այն անտեսանելի տարածքն է, որ կը շրջապատէ մեզի եւ անվտանգութեան ու իրավիճակի վերահսկողութեան զգացողութիւն կու տայ: Սակայն, երբ դժուարութիւններ կ՝ունենանք, կը զգանք, որ այդ անտեսանելի պատերը կը քանդուին մեզի անպաշտպան
ձգելով:

Մենք պէտք է յաղթահարենք այդ վախը եւ դուրս ելլենք երբեմնի յարմարաւէտութեան գօտիէն: Եթէ կը վախնաք անգամ մտածել, թէ ինչ պիտի պատահի ձեզի այդ գիծը անցնելու պարագային, լաւ պիտի ըլլայ նախ ընդունիլ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է, ապա յիշել, որ կեանքը կը շարունակուի, իսկ դուք` անոր
հետ: Առա՛ջ:

Եթէ վախ կը զգաք, կը վախնաք մինակ մնալէն, արդարացուցէք այդ մտավախութիւնները ու յիշեցէք մեր երկրորդ արտայայտութիւնը. միակ մարդը, որ կրնայ ձեզ օգնել, դո՛ւք էք: Դուք ձեր մէջ ատիկա յաղթահարելու ուժ գտէք:

-Ամէն օր ես հոգ կը տանիմ հոգեկան հանգստութեանս եւ ներքին հաւասարակշռութեանս։ Դուք հոգ կը տանիք ձեր սննդակարգին, կշիռքին, կ՝այցելէք բժիշկիառողջութիւնը ստուգելու համար: Մշտապէս կը մտածէք ձեր մտերիմներուն մասին եւ, հաւանաբար, երեկոյեան անուժ անկողին կը մտնէք: Հիմա հարցուցէք դուք ձեզի, թէ վերջին անգամ ե՞րբ մտածած էք ձե՛ր զգացմունքներուն, պահանջներուն եւ ներաշխարհին մասին: Հարկաւոր է ամէն օր դուք ձեզի տաք այս հարցը: Եթէ մենք առաջնահերթ կը դարձնենք ուրիշներուն պահանջները, կը սկսինք անտեսել մեզի: Եթէ մեր ջանքերը կը կեդրոնացնենք նիւթական բաներու ուղղութեամբ ձգտելով զանոնք ստանալ կամ կուտակել, մենք կը մոռնանք իսկապէս կարեւոր բաներու մասին. մեր երջանկութեան, իբրեւ անհատ` մեր ամբողջականութեան մասին: