Վերջին Երկու Տարուան Ընթացքին ՀՕՄ-ը Մէկ Միլիոն Տոլարէն Աւելի Օժանդակութիւն Տուած է Մեր Վիրաւոր Զինուորներուն. Նայիրի Տէրտէրեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ժամանեց Հալէպ։ Այցելութեան օրերուն Տէրտէրեան այցելեց «Գանձասար»-ի խմբագրատուն եւ ծանօթացաւ խմբագրակազմի աշխատանքին։ Այս առիթով «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետին հետ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Գանձասար»- Բարի եկած էք Հալէպ, սիրելի՛ ընկերուհի։ Դուք կու գաք Լիբանանէն, ուր ժամանած էիք ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնած ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովին մասնակցելու։ Միացեալ ժողովները, խորհրդակցութիւնները որքանո՞վ կարեւոր կը համարէք։ Ինչպիսի՞ միացեալ մարտահրաւէրներ, նպատակներ ուրուագծուեցան այս երեք միութիւններու կեդրոնական վարչութիւններու հանդիպումով։

Նայիրի Տէրտէրեան- Ուրախ եմ Սփիւռքի մայր գաղութներէն մէկը՝ Հալէպ, այցելելուս համար։ Ինծի համար անձնապէս առաւել ուրախութիւն է հոս գտնուիլը, որովհետեւ մօրս ծննդավայրն է Հալէպը։ Լիբանանի պարագային, այո՛, Բիւրօն հրաւիրած էր ՀՅԴ-ի երեք ուղեկից կազմակերպութիւնները՝ ՀՕՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը եւ Համազգայինը, որ առիթ տայ երեք կեդրոնական վարչութիւններուն միասին զրուցելու, իրենց աշխատանքները ներկայացնելու եւ ներկայ պայմաններու լոյսին տակ ապագայի ուղին ուրուագծելու։ Դրական եւ արդիւնաւէտ ժողով մըն էր, որ առիթ հանդիսացաւ իրար ծանօթանալու եւ մէկս միւսին ծրագիրները իմանալու։

Օրակարգերը կը վերաբերէին նաեւ նոր միաւորներ ստեղծելու զանազան տարածաշրջաններէ ներս։ Եթէ ՀՄԸՄ-ը ունի միաւոր մը Թիֆլիսի մէջ, օրինակ, կրնայ օգտակար դառնալ ՀՕՄ-ին՝ իր կարգին մասնաճիւղ մը ստեղծելու Թիֆլիսի մէջ կամ Ծոցի տարբեր երկիրներուն մէջ եւ այլն։ Անշուշտ մեր քննարկումներուն շեշտը դրինք երիտասարդութեան ներգրաւման վրայ։ Ի ուրախութիւն բոլորիս, սակայն, հոս՝ Հալէպի մէջ, նկատեցի թէ ՍՕԽ-ը արդէն իսկ երիտասարդներով լի է։ Ամէն պարագայի պէտք է երիտասարդները տեւաբար ներշնչել կամաւոր աշխատանք տանելու, ՀՕՄ-ի տարբեր մասնաճիւղերուն մէջ ներգրաւուելու։ Խորհրդաժողովին նշեցինք կարգ մը ծրագիրներ միացեալ ճիգերով իրագործելու անհրաժեշտութիւնը։

Բաւական դրական հանդիպում մըն էր, մանաւանդ երեկոյեան երբ առիթ տրուեցաւ երեք ուղեկից միութիւններուն «Տէր Մելքոնեան» սրահէն ներս հանրութեան ներկայացնելու մեր ծաւալուն աշխատանքը։ Կարծեմ լիբանանահայութիւնը, իսկ առցանց սփռումներով հայութիւնը ընդհանրապէս, լաւապէս իրազեկ դարձան ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու աշխատանքի լայն ծաւալին։

«Գ.»- Սուրիոյ պատերազմի ողջ տարիներուն, ՀՕՄ-ը իր բոլոր մասնաճիւղերով կանգնեցաւ սուրիահայութեան կողքին տարբեր ծրագիրներով։ Շնորհիւ ՀՕՄ-ուհիներուն եւ Կեդրոնական Վարչութեան, ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը մեղուափեթակի մը նման գործեց պատերազմի ամէնէն ծանր օրերուն անգամ։ Անդրադարձ մը կը կատարէ՞ք այդ ծրագիրներուն։ Անոնցմէ քանի՞ն կը շարունակուին։

«Ն.Տ.»- Պատերազմի տարիներուն նախ սկսաւ հայկական դպրոցներու օժանդակութիւնը Սուրիոյ մէջ, յետոյ շարունակուեցաւ «Պնակ Մը Տաք Ճաշ»-ի ծրագիրը, որուն նպաստընկալներուն թիւը աստիճանաբար մեծցաւ։ Այո՛, ՍՕԽ-ը նախքան պատերազմ ունէր այս ծրագիրը, սակայն սահմանափակ թիւի մը կ’օժանդակէր, ուստի զարկ տուինք որ մեր միաւորները գումար հայթայթեն այս ծրագիրը ընդլայնելու համար։ Անոր կողքին կային «Տաքուկ Բնակարան»-ը եւ այլ ծրագիրներ։ Այսօր ՍՕԽ-ը ինքնաբաւ է, ես իսկապէս հիացած եւ հպարտ եմ։ «Պնակ Մը Տաք Ճաշ»-ի ծրագիրը կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Ունինք նաեւ երեխաներու Ամանորեան ծրագիր, ինչպէս նաեւ Ամանորի տարբեր ծրագիրներ՝ Հայ Ծերանոցին, Ազգ. Պատսպարանին եւ այլն։ Ունինք «Տաքուկ Զգեստ» ծրագիրը, որ Քանատայի մասնաճիւղը կը հովանաւորէ եւ յոյսով ենք, որ այս այցելութիւնը նաեւ առիթ կ’ըլլայ կարիքներուն իրազեկ դառնալու եւ մեր միաւորներուն հետ սուրիահայութեան օժանդակութեան նոր ծրագիրներ մշակելու։

«Գ.»- ՀՕՄ-ը կը հասնի հոն, ուր մեծ ժողովուրդի զաւակները կարիք ունին օժանդակութեան՝ Հայաստանէն Արցախ, Սուրիա, Լիբանան եւ այլուր։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք ՀՕՄ-ի Արցախի ծրագիրները որքանո՞վ ազդուեցան եւ ներկայիս ի՞նչ տարողութեամբ կը շարունակուին։

«Ն.Տ.»- Արցախի մեր գործունէութիւնը բաւական ազդուեցաւ։ Այդ օրերուն ունէինք ութը մանկապարտէզ, այսօր կէսն է միայն՝ չորս մանկապարտէզ, եւ դժբախտութիւնը այն է որ Շուշիի, Տողի, Թաղերու եւ Քարակերտի մէջ մեր մանկապարտէզները որեւէ փամփուշտ կամ ազերի չտեսած յանձնուեցան թշնամիին։ Մնացեալ մանկապարտէզները, սակայն, բաւական գործուն են։ Ունինք 250-է աւելի աշակերտներ՝ Ստեփանակերտ, Աշան, Ակնաբերդ եւ Խնձորիստան։

Այս չորս մանկապարտէզները կը գործեն ամէն օր, ինչպէս կը գործէին պատերազմէն առաջ։ Ներկայիս նաեւ աշակերտներու թիւի աճ կայ։

Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած է նուազագոյնը վերջին երկու տարին անվճար դարձնել փոքրիկներուն ուսումը։ ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղը կայուն է եւ կը գործէ։ Օգոստոս 2022-ին, երբ Աղաւնօ գիւղէն տեղահանուածներ կային եւ մաս մը բնակիչներ որոշեցին մնալ Արցախ,10 հազար տոլար օժանդակութեամբ օգտակար դարձանք իրենց։

Իմ ամենասիրած ծրագիրներէն մէկը «Արեւային Արցախ»-ի ծրագիրն է, որուն արդիւնքով արդէն իսկ 101 բնակարանի վրայ տեղադրուած են Արեւային ջրատաքացուցիչներ՝ Մարտունի եւ Մարտակերտ շրջաններէն ներս, նախ կարիքաւորներուն, որոնք կազի գիծ չունին, ապա վիրաւոր զինուորներու եւ բազմանդամ ընտանիքներուն։ Այս ձեւով կենցաղային նպաստ մը կը հայթայթենք ընտանիքներուն, որպէսզի տոկուն մնան մայրենի հողին վրայ։

Իսկ Հայաստան գաղթած կամ տեղահանուած արցախցիներուն ՀՕՄ-ի ընդհանուր ջանքերով մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն տրամադրուեցաւ, այն պայմանով որ արցախցին վերադառնայ Արցախ եւ հոն շարունակէ բնակիլ։ Անոր կողքին ունինք «Զինուորի Տուն» վերականգնողական ծրագիրը, որ իր սկիզբէն ի վեր՝ 2016-էն, մօտաւորապէս 5 միլիոն տոլարի ներդրում կատարած է։

ՀՕՄ-ը տարուէ տարի զանազան ծրագիրներով կը ներկայանայ, իսկ վերջին երկու տարուան ընթացքին մօտաւորապէս մէկ միլիոն տոլարէն աւելի օժանդակութիւն տուած ենք մեր վիրաւոր զինուորներուն, որպէսզի որակեալ բուժման ենթարկուին։

«Գ.»- ՀՕՄ-ը եղած է այն կազմակերպութիւնը, որ առանց վարանումի, հաւասարապէս ծառայած է ե՛ւ Սփիւռքին, ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Արցախին ե՛ւ Ջաւախքին։ Այս միասնութիւնը մարմնաւորողներէն մէկն է կամաւոր ծառայողներու հսկայ բանակ ունեցող ՀՕՄ-ը։ Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այս միութեան անդուլ աշխատանքին գաղտնիքը։ Մարդասիրական ծառայութեան փափա՞քն է պարզապէս, թէ ազգին ծառայելու ՀՕՄ-ուհիներու գիտակցութիւնն է նաեւ։

«Ն.Տ.»- Նախ մայրական զգացումն է, թէեւ բոլոր ՀՕՄ-ուհիները մայրեր չեն, բայց նաեւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնն է։ Երբ ՀՕՄ-ի երդումը կ’ընեն, արդէն գիտեն որ բոլոր գաղութներուն, հայրենիքին ու Արցախին պիտի ծառայեն։ Եթէ տեղ մը տագնապ կայ եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը յայտարարութիւն կը հրապարակէ, զօրակոչ կ’ուղղէ իր անդամներուն, մեր ընկերուհիները առաջին նուիրատուները կ’ըլլան։ Ես որեւէ կազմակերպութեան մէջ նման նուիրեալ աշխատանք չեմ տեսած։

Աւելի հետաքրքրականը մեր թոշակառու ընկերուհիներն են, որոնք իրենց ամբողջ թոշակը կը տրամադրեն ՀՕՄ-ին, որպէսզի օգնեն ուրիշ հայորդիի մը։ Այս է ՀՕՄ-ի գաղտնիքը։

«Գ.»-Ձեր այցելութիւնը Հալէպ ինչպիսի՞ տպաւորութեամբ կ’աւարտէք։

«Ն.Տ.»- Այս երկրորդ այցելութիւնս է Հալէպ։ Ճիշդ է որ պատերազմ անցուցած է երկիրը, սակայն մնացած է նոյն տաքուկ գաղութը։

Իսկապէս հիացած եմ Հալէպի գաղութով։ Մանաւանդ երբ այցելեցինք ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը եւ նկատեցի ընկերուհիներուն աշխատելու եռանդն ու կամեցողութիւնը։ Ազգային տարբեր հաստատութիւններ եւ կեդրոններ այցելելով ականատեսը դարձայ այն իրողութեան, որ ըլլալով Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ընտանիքներ ընդունող ամէնէն հին գաղութներէն մէկը, եթէ ոչ առաջինը, տեղւոյն հայութեան պահպանողականութիւնն ու տոկունութիւնը կառչելու այս գաղութին եւ պահպանելու մեր ունեցածը հիացմունքի արժանի են։

Բոլորը կրնային լքել երկիրը, գաղթել, սակայն մնացին պատերազմի օրերուն եւ կը տոկան այս գաղութը կրկին ծաղկեցնելու համար։

Հարցազրոյցը վարեց ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ