Ազրպէյճանը Արցախի Ուղղութեամբ Խախտած է Հրադադարը՝ Նռնականետ Կիրառելով․ Վիրաւորուած է 2 Զինծառայող

Աշխարհ, Հայաստան

Նոյեմբեր 28-ին, Ազրպէյճանի ԶՈւ-ն արեւմտեան ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զինատեսակներ եւ ՀԱՆ-17 նռնականետ։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի ՊՆ կայքը:

«ԹՇՆԱՄԻին կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով վիրաւորուած են ՊԲ զինծառայողներ Հ. Ա.-ն եւ Մ. Վ.-ն։

Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

Ժամը 18:00-ի դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։