Հայ Մտաւորականութիւնը Պիտի Ըլլա՞յ Ազգի Իրաւութեան Գաղափարախօս․ (Յ․ Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայոց պատմութեամբ եւ մշակոյթով կազմաւորուած ազգային մտաւորականութիւնը գաղափարախօսը պէտք է ըլլայ հայոց իրաւունքին, լիիրաւ վերականգնումին եւ անսեթեւեթ ինքնութեան պաշտպանութեան պայքարին: Խօսքը վերջին պահակագունդին կը վերաբերի: Այսինքն մտաւորականութիւնը, ինչ ալ ըլլան ընկերաքաղաքական բացասական պայմանները, էականէն պէտք չէ հեռանայ, վասն պատշաճեցումներու՝ կիսամիջոցները չչատագովէ,  անոնցմով  տուրք չտայ նահանջական գործնապաշտութեան առաջնորդներուն, անոնք ըլլան պետական-քաղաքական, թէ՝ մոլորակի վրայ տարտղնուած եւ մանրուող համայնքներու հարազատութեան կոճղէն հեռացած փառատենչիկներ: Դեռ չօտարուած զանգուածները, նոյնիսկ եթէ եզրը դադրած է այդպիսին ըլլալէ, պէտք չէ հրաժարի ազգային հարազատութիւն պահելու իր ողջախոհութենէն, որուն համար ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Ռընէ Տէքարթ ըսած էր, որ ան աշխարհի մէջ հաւասարապէս բաժնուած էր: Այսինքն կը հաւատար, որ բնական ողջախոհութեամբ օժտուած էր մարդ արարածը:    Մարդ արարածը, հետեւաբար նաեւ հայը, միշտ պէտք  է գիտնայ, պահանջէ գիտնալ, թէ ո՞ւր կը տանին զինք: Անոնք որոնք իրենց լեզուով եւ մշակոյթով երկու կաթիլ ջուրի պէս ներգրաւուած են շրջապատէն կամայ-ակամայ ստացուած մշակոյթով եւ ինքնութեամբ, ամէն օր քիչ մը աւելի տարբեր ինքնութիւններ կ’որդեգրեն, նոյնիսկ եթէ մետասաներորդ ժամուն կը յիշեն իրենց ծագումը եւ այդ ալ կը ծառայեցնեն իրենց հայութեան չառնչուող  տեղական փառասիրութիւններուն, ժամանակ մըն ալ կրկնելով, որ զգացումով հայ են:          

Տէքարթի ողջմիտները պէտք է մերժեն հետեւիլ կոճղէն հեռացողներուն: Հանրապետութեան եւ սփիւռք(ներ)ի հարազատ մտաւորականութիւնը ամբոխային տրամաբանութեան կողմէ կը ստորադասուի անոնց, որոնք ազգային խորք չունին, օտար լեզուներով կը խօսին եւ կը գրեն, պատեհապաշտութեամբ, կամ որպէս զոհ՝ գութ հայցելու համար երբեմն ի միջի այլոց կը խօսին հայերու եւ հայկական հարցերու մասին, ցուցադրութեան եւ ինքնատպութեան համար լատինատառ գրուած հայերէն ճառ կը կարդան, վարկ շահելու եւ քրետիդ ապահովելու համար: Կը հետեւին ներսի եւ դուրսի հոգեպէս եւ միտքով  միամտացած գաղթականի եւ ստորադասի բարդոյթով ապրող տարտղնուած եւ տարտղնուող համայնքները, իրենցմէ դուրս ճանաչում եւ բաւարարութիւն կամ ինքնահաստատում գտնելու համար, պատիւներ կ’ընծայեն, ընդունելութիւններ եւ շքանշաններ:

            Համայնքներ, միութիւններ, ակումբներ, առանց խորք եւ արժէք նկատի առնելու, օտարանուն, օտարաբարբառ եւ օտարագիր հեղինակ, արուեստագէտ եւ «անուանի»ներ ու անոնց գործերը որպէս հրաշք կը դիմաւորեն: Հարազատ լեզուով գրողը, ազգային խորքով գիրք եւ հրատարակութիւն կ’անգիտացուին, կամ… հեղինակը ինք կը կազմակերպէ գինեձօն:

            Շատեր լսած են, եւ կրկնած, հիացական եւ բարդոյթ վկայող այն խօսքը, որ այսինչը կամ այնինչը տեղացիէն աւելի լաւ կը խօսի տեղական լեզուն, այդ ըլլայ անգլերէն, ֆրանսերէն թէ արաբերէն, կամ… Հայերէնը լաւ խօսիլ յետամնացութիւն է, ժամանակավրէպ եւ ժամանակի վատնում: Հայերէնը խարանել օտար բառերով՝ կը համարուի յառաջդիմութիւն, դասակարգ փոխելու փաստ:             Հայոց պատմութիւնը երէցներու հէքիաթ է, ան կ’օգտագործուի կարգախօսներով օտարաբարբառ ճառ զարդարելու, անուններով, տեղանուններով: Իսկ ինչ որ կոչած ենք Հայկական Հարց կը ներկայացուի տեղական կամ միջազգային պատկերացումներու  հետեւութեամբ: Եւ կը մնանք տեղայնական բաւարարութիւններու գաղջ ջուրերուն մէջ: Հայութիւնը որպէս այդպիսին մանրուած է եւ դարձած տարտղնուած համայնքներ՝ իրենք իրենցմով ապրող եւ բաւարարուող երեւելիներով: Համահայկականի իրաւ ըմբռնումը կորսնցուցած ենք, տեւաբար նահանջելով, ՀԱՅԱՍՏԱՆը սեղմելով եւ աղքատացնելով որպէս սոսկ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝ իր բնակչութեամբ եւ տարածքով: Կարծէք հաշտուած ենք Վանի, Մուշի,  Սասունի, Անիի, Կարսի, Նախիջեւանի եւ դեռ հայ ժողովուրդի բնակավայր այլ աշխարհներու կորուստին հետ, մեր աչքերը յառելով այլ երկինքներու, ուր պիտի գտնենք, կամ գտած ենք լաւ եւ ապահով ապրելու նոր հայրենիքներ: Մեր քաղաքական կոչուած ճառերուն, բանակցային օրակարգերուն եւ քարոզչական արշաւներուն մէջ ե՞րբ կը խօսոուի եւ ե՞րբ կը խօսինք բռնագրաւուած Հայաստանի մասին, ե՞րբ իրապէս կը ներկայանանք որպէս պահանջատէր: Տարին քանի՞անգամ նիզակ ճօճողներ, բեմերու աստղեր եւ թերթեր կը յիշեն եւ կը յիշեցնեն Անի եւ Վան, Սասուն եւ Մուշ, Կարս, բայց կը նկարենք Արարատ՝ որ Աղրը տաղ դարձած է, պահելով յուզուելու իրաւունք:

            Եթէ օդանաւերէ վար իջնէինք, դադրէինք երջանկանալէ  բեմական լոյսերու շլացումով եւ բարձրախօսներու աղմուկի առթած գոհունակութեամբ, պիտի հաստատէինք, որ հոգեպէս ալ պարտուած ենք, որ հայրենատիրութիւնը վերածուած է իր նուազագոյն արտայայտութեան, հերիսայի, տարելից-տարեդարձներու, եւ հայրենիք եւ ազգ կը դիտուին եւ կ’ըմբռնուին որպէս հայրենակցական միութեան յիշատակ, քաղաք՝ որ չկայ, հեքիաթ՝ գիւղ:

            Հարցումներ. 

Երեսուն տարիէ ի վեր անկախացած Հանրապետութեան տարածքի ո՞ր տոկոսը բնակեցուեցաւ հայրենահանուածներու ո՞ր տոկոսով:

            Բազմանուն հայկական ներսի եւ դուրսի կազմակերպութիւններու ո՞ր տոկոսին համար  հայրենահանուածներու վերադարձը եւ ընդհանրապէս հայրենադարձութիւնը  հոգեբարոյական եւ քաղաքական գործ եղաւ, որպէսզի պաահանջատիրութիւնը, որ բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութիւնն է, անոր վերադարձը հայ ժողովուրդին, ըլլան քաղաքական կամք: Աւելի դիւրին է հեռաւոր չեղածի մասին յանձնառութիւն եւ հաշուետուութիւն չպահանջող  յուզիչ խօսքեր ըսել, երբ ողջախոհութիւնը կ’ըսէ թէ  նախ պէտք է պահել եւ պաշտպանել ինչ որ ունինք, ինչ որ փրկուած է:

            Իսկ պահել եւ փրկել մարդոցմով կ’ըլլայ, ո՛չ արտագաղթելով ո՛չ տուրիզմով:

Հայ հարազատ մտաւորականութիւնը եւ ղեկավարութիւնը տեւաբար պէտք է աշխատին հայրենիքի եւ հոգեկան հայրենիք մշակոյթի մէջ  խարսխուելու ուղղութեամբ: Այդ ընելու համար իրենց ընթացքը օրինակելի եղա՞ծ է եւ է՞: Ո՛չ Շուէտ, ո՛չ Նիցցա նստած ոգեկոչումներ կազմակերպելով, եւ ո՛չ ալ Լոս կամ Նիւ Եորք երգիչներ հրաւիրելով ու փող աշխատելով,  Արցախ, Գետաշէն եւ դեռ Սեւան չեն պահուիր… երբ ղեկավարներ, նիզակ ճօճօղներ եւ բանգէտներ բացասական օրինակ են, Թորոնթօ, Լոս կամ Նիցցա բնակարան գնելով…

            Հայրենատէր կրնա՞նք ըլլալ, երբ հոգեւոր հայրենիքը, մայրենին կը զոհենք,       ազգին չառնչուող յաջողութիւններու եւ ինքնահիացման համար:

            Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան մը, Սիտնի, անդրադարձած էի այս խնդիրներուն, եւ յիշած էի ԺԷ դարու ֆրանսացի Ծիրանաւոր (քարտինալ) Փոլինեաքը, որ երկար դիտելէ ետք վանդակի մը ետին գտնուող կապիկը, ըսած է. «Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ»: Առանց քաղաքական ինքնարդարացման պչրանքներու մտածել այս մասին եւ ազգային-քաղաքական իրատեսութեամբ եզրակացնել:

            Իրապէս ի՞նչ կը մնայ հայածնունդ անհատէն, երբ ան չունի ոչ միայն հայրենիք, այլ նաեւ իր անհատական տեղատուութեամբ կորսնցուցած է եւ կը կորսնցնէ հոգեւոր հայրենիքը:

                        Այդ հանդիսութեան ներկայ եղած տիկին մը, յաջորդ օրը, հանդիպման մը ընթացքին, պատմեց, որ իրեն հետ եկած իր պարմանուհի աղջիկը իրեն ըսած է. «He said that we are monkeys» (ան ըսաւ որ կապիկ ենք): Եթէ կարենայինք մտածել եւ առաջնորդուիլ հաւատքի իշխանի իրաւութեամբ, ճամբայ կը հարթէինք մեր իրա՛ւ հպարտութեան, միացման եւ իրաւունքի նուաճման համար:

Եթէ չվերականգնենք մեր հոգեւոր հայրենիքը, շարունակենք պատշաճիլ եւ ձեւ փոխենք ըստ մեզ պարունակող ամանին, պարզ պէտք է ըլլայ, որ քաղաքական վերականգնումը ծափ խլող փուճ երազ կ’ըլլայ, հայրենիքի պաշտպանութեան, ազգային ինքնուրոյնութեան, միացումներու՝ հողի եւ համրանքի, անկախութեան եւ շարունակութիւն ըլլալու յուզումը, կը զբաղեցնենք վերջին հաւատաւորները, որոնք չեն ուզեր յանձնուիլ պատմութեան դառն վճիռին:

*    *

 *

           Ո՛չ լաւատեսի անհանգստացնող դառն եզրակացութիւն. եթէ օդանաւերէ իջնեն մեծեր, տուրիստներ, շոփինկ ընող Ձմեռ  Պապին սպասողներ եւ լսեն որպէս անուն յիշուող բայց չլսուող տեսիլքի մտաւորականները, կը վերականգնինք: Բայց կ’ուզե՞նք վերականգնիլ, թէ՞ պիտի շարունակենք հետապնդումը լաւ ապրելու իրաւունքի, յուզումներու տուրիզմի, դիրքապաշտութիւններու, ինչ ալ այդ բոլորին համար ազգին վճարած եւ վճարելիք գինը:

Ձմեռնամուտ է: Դուռ եւ պատուհան գոց են:  Այցելութեան եկաւ… Եղիշէ Չարենց: Մոռցուած էջ մը դրաւ սեղանիս վրայ:          Ըսաւ. «Չարեր կը փակեն ձեր բոյն-դարձի երկինքը: Բայց Յարդգող Վահագնը հոն է, վերը, պիտի բանայ կապոյտի  մէջ սպիտակ ճանապարհ… Այդպէս կը խօսին հայ հողին կառչած Աշտարակի արա-գիլնեըը:

                       Քանի մը անգամ կարդացի   Չարենցի անդրշիրիմեան տողերը, զորս հայ-րենազրկուած հայը պէտք է Տէրունական Աղօթքի պէս կրկնէ ամէն օր եւ ամէն ժամ, չսպասելով Վահագնի կառքը… որպէսզի  բոյն եւ հող անհայ չմնան: Այսինքն հրաշքը երկինքէն պիտի չգայ: Հարազատ մտաւորականութիւնը այդ հրաշքը պիտի գործէ հեռուի եւ մօտի, հեռացած եւ գիտակից հայերը, մանկացած չափահասները եւ դեռ հաւատք ունեցողները խմբել՝ չըլլալու համար ուրիշներու դրան կանգնած եւ պնակ բռնած քաղաքական, մշակութային եւ լեզուական տնանկ: Խորհրդածել լսելով Արագիլի հաւատարմութեամբ բաբախած Չարենցի խոր եւ անպաճոյճ իմաստութիւնը:

           Այդ ընելու ողջախոհութիւնը կ’ունենա՞նք:

ԱՐԱԳԻԼԸ

Արագիլն եմ,

Արագիլն եմ,

Ես Գարունի օրագիրն եմ,

Առաջին Գ նրա գիրն եմ,

Որ գրում եմ ինքս ինձնով,

Երբ կանգնում եմ իմ մի ոտիս

Ու մի թեւով բռնում գօտիս:

Արագիլն եմ,

Արագիլն եմ,

Ես սպիտակ-սպիտակ եմ,

Բայց Գարունի սեւագիրն եմ:

Երբ ձեզ մօտ եմ` մի թռչուն եմ,

Որ գարուն է միշտ ձեզ բերում:

Երբ ձեզ մօտ չեմ` թեւեր չունեմ

Ու չեմ թռչում ես ամպերում:

Երբ ձեզ մօտ չեմ` ճիշդ ձեզ պէս էլ

Երկու ձեռքով մարդ եմ ես էլ:

Աշխատում եմ ամբողջ աշուն,

Ձեզնից էլ շատ, ձեզնից էլ շուտ:

Աշխատում եմ ամբողջ ձմեռ…

Ձեր գործից շատ է գործը մեր

Ու մեր բեռը`այնքա՛ն ծանըր,

Որ թուում է ձերը մանըր:

Երբ հասնում է գարունը տաք,

Արեգակն է վերից շողում,

Ու բացուում է սառոյցը փակ,

Քիչ է մնում փափկած հողում

Խրուենք գնանք մինչեւ յատակ:

Դրա համար առնում թեւեր,

Հողից պոկուում, թռչում ենք վեր,

Ու գալիս ենք աշխարհը ձեր,

Ուր ձեր բեռը թեթև է դեռ,

Եւ ձեր բեռան ծանրութեան տակ

Դեռ չենք գնում դէպի յատակ:

Արագիլն եմ,

Արագիլն եմ,

Ձեր փրկութեան հեռագիրն եմ:

Դուք մի՛ հարցրէք սրան-նրան,

Թէ ինչո՞ւ եմ ես միշտ կանգնում

Ոչ թէ երկու ոտի վրայ,

Այլ` մի ոտի:

Ով չգիտի

Թող հիմա նա Լաւ իմանայ.

Ես կանգնում եմ միշտ մի ոտի,

Որ դրանով թեթեւանայ

Ձեր աշխարհի ծանըր բեռը,

Որ ձեր հողն էլ, ինչպէս մերը,

Շատ չփափկի ձեր բեռան տակ,

Ու չխրուէք մինչեւ յատակ

Կամ ստիպուած առնէք թեւեր,

Ձեր հին բոյնը թողնէք աւեր…

Արագիլն եմ,

Արագիլն եմ,

Իմ աշխարհի տարագիրն եմ…

Արագիլն եմ,

Արագիլն եմ,

Ես Գարունի օրագիրն եմ,

Առաջին Գ նրա գիրն եմ,

Որ գրում եմ ինքս ինձնով,

Երբ կանգնում եմ իմ մի ոտիս

Ու մի թեւով բռնում գօտիս:

Արագիլն եմ,

Արագիլն եմ,

Ես սպիտակ-սպիտակ եմ,

Բայց Գարունի սեւագիրն եմ:

Երբ ձեզ մօտ եմ` մի թռչուն եմ,

Որ գարուն է միշտ ձեզ բերում:

Երբ ձեզ մօտ չեմ` թեւեր չունեմ

Ու չեմ թռչում ես ամպերում:

Երբ ձեզ մօտ չեմ` ճիշդ ձեզ պէս էլ

Երկու ձեռքով մարդ եմ ես էլ:

Աշխատում եմ ամբողջ աշուն,

Ձեզնից էլ շատ, ձեզնից էլ շուտ:

Աշխատում եմ ամբողջ ձմեռ…

Ձեր գործից շատ է գործը մեր

Ու մեր բեռը`այնքա՛ն ծանըր,

Որ թուում է ձերը մանըր:

Երբ հասնում է գարունը տաք,

Արեգակն է վերից շողում,

Ու բացուում է սառոյցը փակ,

Քիչ է մնում փափկած հողում

Խրուենք գնանք մինչեւ յատակ:

Դրա համար առնում թեւեր,

Հողից պոկուում, թռչում ենք վեր,

Ու գալիս ենք աշխարհը ձեր,

Ուր ձեր բեռը թեթեւ է դեռ,

Եւ ձեր բեռան ծանրութեան տակ

Դեռ չենք գնում դէպի յատակ:

Արագիլն եմ,

Արագիլն եմ,

Ձեր փրկութեան հեռագիրն եմ:

Դուք մի՛ հարցրէք սրան-նրան,

Թէ ինչո՞ւ եմ ես միշտ կանգնում

Ոչ թէ երկու ոտի վրա,

Այլ` մի ոտի:

Ով չգիտի

Թող հիմա նա

Լաւ իմանայ.

Ես կանգնում եմ միշտ մի ոտի,

Որ դրանով թեթեւանայ

Ձեր աշխարհի ծանըր բեռը,

Որ ձեր հողն էլ, ինչպէս մերը,

Շատ չփափկի ձեր բեռան տակ,

Ու չխրուէք մինչեւ յատակ

Կամ ստիպուած առնէք թեւեր,

Ձեր հին բոյնը թողնենք աւեր…

Արագիլն եմ,

Արագիլն եմ,

Իմ աշխարհի տարագիրն եմ…

            Նոյնիսկ անոնք որոնք դեռ կը շարունակեն մնալ«մի ոտի վրայ»… պիտի անսան  անդրշիրիմեան պատգամին, որ կ’ադրձագանգէ… «չխրուէք մինչեւ յատակ Կամ ստիպուած առնէք թեւեր,Ձեր հին բոյնը(չ) թողնէք աւեր…