Ութ Պիլիոնէն Անդին․ Յարութիւն Պէրպէրեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Քանի մը օր առաջ լուրերը յայտարարեցին, որ մարդկութիւնը անցած է ութ պիլիոնի թուաքանակը, իսկ եօթը պիլիոնէն ութ անցումը կատարուած է տասներկու տարուան ընթացքին: Դեռ այս աճը տեղի ունեցած է եւ կ’ունենայ անկախ Սոմալիոյ, Եմէնի կամ Ափրիկէի մէկ այլ պետութեան մէջ տեղի ունեցող պատերազմէն կամ կրկնուող սովէն, կլիմայական փոփոխութիւններու, երաշտի ու հեղեղներու ստեղծած պայմաններէն:

Համարեա՛ նոյն օրերուն Եգիպտոսի մէջ (Sharm el Sheikh, 6-էն 18 Նոյեմբեր) կլիմայական փոփոխութիւններուն կամ աղէտին գծով միջազգային համագումարն է, ուր յաճախ որոշումներ կ’առնուին եւ կիսով կամ երբեք չեն յարգուիր, փաստ՝ Քիոթոյի, Քոփենհակնի կամ Փարիզի համագումարները: Կը բաւէ Թրամփին նման մէկը ԱՄՆ-ի նախագահ ընտրուի, որպէսզի ամբողջովին անտեսէ նման ժողովները, իսկ Պրազիլի նախագահ Պոլսոնարօն շարունակէ քաջալերել Ամազոնի անտառներուն արմատախլումը՝ ի նպաստ հանքերու եւ երկրագործական տարածքներու (բարեբախտաբար, Լուլայի վերընտրութիւնը, իր նախագահութեան օրերու կիրարկումներէն եւ խոստումներէն մեկնած, կրնայ լայն չափով կասեցնել այս գործընթացը): Հետաքրքրականօրէն, այս համագումարին վեց հարիւր հոգիով ամենէն մեծ պատուիրակութիւնը կը կազմեն քարիւղի ընկերութիւններու լոպիիստները, որոնք տարբեր պետութիւններու վրայ ճնշում բանեցնել կամ խոստումներ տալով ազդեցութիւն կը գործեն … Դժբախտաբար, որքան ալ թափանցիկութեան եւ որոշումներ յարգելու խոստումներ տրուին՝ առեւտրական մրցակցութեան առընչուած հարցեր տարակարծութիւններ կը ստեղծեն կամ կը խանգարեն նման կենսական որոշումներու կիրարկումը: Անշուշտ գերպետութիւններու կողմէ կեղծիքի մեծ բաժին մը կայ նաեւ այս բոլորին մէջ, օրինակ՝ Պայտընի կառավարութիւնը որ այնքան կը շեշտէ մաքուր, կանաչ ուժանիւթի գործածութիւնը, ինչո՞ւ այնքան կարեւորութիւն կու տայ իրեն յարմար քարիւղի ու բնական կազի փոխանցումի ճամբաներուն եւ նոյնիսկ պատերազմներ կը մղէ զանոնք պահպանելու կամ այլ պետութիւններուն ուղիները փակելու համար …

Տարօրինակ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք. մինչ Քովիտի համաճարակին պատճառաւ առաջացած անգործութեան առթիւ իրենց ժողովուրդին տրուելիք օժանդակութեան համար Միացեալ Նահանգներու երկու կուսակցութեանց անդամները, տնտեսական մտահոգութիւններով, այդքան սուր տարակարծութեան մէջ էին, Ուքրանիոյ պատերազմի բռնկումէն ետք, անոր աւելի քան տասնապատիկը, ռազմական թէ մարդկային օժանդակութեան ձեւին տակ՝ համաձայնաբար կը յատկացնեն այդ երկրին …:

Անշուշտ իշխող տնտեսական թէ քաղաքական ընտրանիին համար այս պատերազմը տարբեր հարթակ է, որոնց համար կարեւոր չեն անօթութենէ մեռնող երեխաները, կլիմայական աղէտէն հարուածուող աղքատ երկիրներու կացութիւնը, նոյնիսկ Իրաքէն կամ Աֆղանիստանէն վերադարձող բանակայիններու առողջական վիճակը կամ հոգեկան խանգարումները … Աւելի՜ մեծ ռազմավարական նպատակա- կէտեր կան: Մեծ ծրագիրները եւ քարիւղէն կամ զէնքի առեւտուրէն գոյացած գումարներն ու փոխադարձ շահերը կը խօսին, վկայ՝ արցախեան վերջին պատերազմին ստեղծած կացութիւնը: Աւելի լայն մակարդակի վրայ՝ Ուքրանիոյ պատերազմը. վերջերս «Նիւզուիք» կը հաղորդէր, որ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական հրամանատարութեան ղեկավար, ծովուժի ծովակալ Չարլզ Ռիչըրտ նախազգուշացուցած էր, որ ուքրանական ճգնաժամը նախնական պատրաստութիւն է, եւ որ Միացեալ Նահանգները, պէտք է պատրաստ ըլլան Չինաստանի մասնակցութեամբ համաշխարհային հակամարտութեան: Ամէն պարագայի, Միացեալ Նահանգները տարբեր միջոցներով միշտ ալ հասկցուցին, որ այս պատերազմին հիմնական նպատակը Ռուսիոյ տկարացումը եղած է: Որքան ալ նախատեսելի ըլլար, չեմ արդարացներ Ռուսիոյ բիրտ հակազդեցութիւնը, սակայն այս հակամարտութեան հիմնական զոհը Ուքրանիան եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդն է: Բոլոր գերպետութիւններու պայքարներուն ընթացքին տեսանք՝ կը բաւէ խամաճիկ մը կամ սահմանափակ կարողութիւններով մէկը բերել իշխանութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ գերպետութեան ծրագիրները մասնակի կամ ամբողջական ձեւով իրականացնել:

Այս տարբեր ազդակների ո՞ւր պիտի առաջնորդեն մեզ: Մէկ կողմէ՝ չենք գիտեր, թէ մարդկութեան այս թուային աճը ո՞ւր կրնայ հասնիլ, միւս կողմէ՝ տնտեսական եւ արհեստագիտական միջոցներու լայն տարբերութիւնը տարբեր երկիրներու միջեւ, որ կենսամակարդակի անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ: Զարմանալի՞ է, որ Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն կամ այլ երկիրներէ գաղթականներ նոյնիսկ ծովը խեղդուելու վտանգը կ’անտեսեն Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ հասնելու համար, իսկ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն տասնեակ հազարաւորներ Միացեալ Նահանգներու սահմանը կը փորձեն հատել՝ հակառակ բարձրացուած պատերուն, ընտանիքներու բաժանումին, արգելափակումին եւայլն:

Դժբախտաբար այս հարցերը Արեւմուտքի եւ գերպետութիւններու հիմնական օրակարգին վրայ չեն, այլ անոնց միջեւ տնտեսական ու ռազմական սուր մրցակցութիւն մը առաջնահերթութիւն կը կազմէ: Հակառակ համագումարներու եւ գիտաժողովներու՝ մթնոլորտի ջեռուցումը պիտի շարունակէ բարձրանալ, անոր հետեւող աղէտները աւելի սուր ու զգալի պիտի դառնան, աղքատ երկիրներ միջոցներ չունենալով աւելի ծանր կերպով պիտի զգան անոր հետեւանքները, եւ Երկրագունդի բնակչութիւնը շարունակելով աճիլ՝ նուազ միջոցներ պիտի գտնէ արժանապատիւ կենսամակարդակ մը ապահովելու իր բոլոր զաւակներուն համար։