Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ. Թալէաթի Ահաբեկումը» Գիրքին Անգլերէն Հրատարակութեան Շնորհանդէսը՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 22-ին, ժամը 15:00-ին, Երեւանի «Արամ Մանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (Կիւլպէնկեան 38), տեղի պիտի ունենայ Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ. Թալէաթի ահաբեկումը» գիրքին անգլերէն հրատարակութեան շնորհանդէսը:

Շնորհանդէսը կազմակերպուած է «Վէմ» հանդէսի, ՀՅԴ թանգարանի եւ Կոմիտաս ուսումնարանի (Լոնտոն) կողմէն։

Շնորհանդէսին ներկայ պիտի ըլլան թարգմանիչ Պետօ Տէմիրճեանն ու հրատարակիչ Արա Սարաֆեանը։