ՀՕՄ-ի Հովանաւորութեամբ Արցախի Համայնքներուն Մէջ Արեւային 101 Ջրատաքացուցիչ Տեղադրուած է (լուսանկարներ)

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ օգնութեան միութեան հովանաւորութեամբ՝ Արցախի շարք մը համայնքներու մէջ տեղադրուած է արեւային 101 ջրատաքացուցիչ։ Ըստ «ԱՊԱՌԱԺ»-ի՝ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան կը նշէ, որ ծրագրի իրագործումը կապուած է անցեալ տարուան Մարտին Արցախի մէջ ստեղծուած ուժանիւթի ճգնաժամին, Ազրպէյճանի կողմէ ստեղծուած կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խնդիրներուն հետ։

ՀՅԴ Արցախի կառոյցին եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին կողմէ ստեղծուած աշխատանքային յանձնախումբը համապատասխան աշխատանքներ տարած է համայնքներու ղեկավարներուն հետ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած ընտանիքներու հասարակական խնդիրներուն: Սկզբնական փուլով ծրագիրի շահառուն հանդիսացած են զոհուած, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը եւ բազմազաւակ ընտանիքները, որոնց ընտրութեան հարցով համագործակցած են ԱՀ հասարակական զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարութեան հետ։
Կազ չունեցող համայնքներուն մէջ, Արցախի կառավարութիւնը կ՝օժանդակէ անհրաժեշտ գումարի 50%-ը, իսկ կազ ունեցող համայնքներուն մէջ ՀՕՄ-ը կը հոգայ ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ողջ ծախսը:

Լ. Մարտիրոսեանի տեղեկութիւններով՝ համապատասխան պայմանագրերը կնքուած են ԱՀ կառավարութեան, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին, մատակարար «Շտիգեն» ընկերութեան եւ ծրագրի շահառուներուն միջեւ։