Արցախի Խաղաղ Բնակչութեան Դէմ Ազրպէյճանի Յանցաւոր Արարքները Նոր Թափ Ստացած են

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան դատախազութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր մասնաւորապէս կը նշուի.

«Վերջին օրերուն Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծի ողջ երկայնքով Ազրպէյճանը աշխոյժ կերպով կը գործադրէ բոլոր ջանքերը՝ խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկելու, մարդոց կեանքի «բնականոն» ընթացքը խաթարելու նպատակով: Հրաձգային տարբեր զինատեսակներէ թիրախային կրակոցներ կ՝արձակուին սահմանագիծին մօտակայ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերուն վրայ աշխատանքներ կատարող անձերուն ուղղութեամբ, կը վնասեն գիւղատնտեսական մեքենաները, կը հարկադրեն դադրեցնել հողի մշակման կամ բերքահաւաքի հետ կապուած աշխատանքները: Արձանագրուած են նաեւ դէպքեր, երբ զինուած ազրպէյճանցի զինուորականները մօտեցած են այգիի մէջ աշխատող Արցախի քաղաքացիներուն եւ զէնքի գործադրման սպառնալիքով պահանջած են դադրեցնել աշխատանքները եււ լքել վայրը:

Այսօր, ազրպէյճանական կողմը կրկին հրաձգային տարբեր զինատեսակներէ կրակած է այս անգամ Մարտունի շրջանի Հացի գիւղի վարչական տարածքին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող անձերուն ուղղութեամբ, վնասած քարշակը, իսկ Թաղավարդի հատուածին մէջ միացուած է կրօնական ու ծիսական բնոյթի բարձր երաժշտութիւն: Թուարկուած բոլոր յանցաւոր դէպքերը կ՝արձանագրուին եւ կը փաստագրուին Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ՝ քրէական դատավարութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած ընթացակարգով:

Արցախի Հանրապետութեան դատախազութեան կողմէ նշուած դէպքերուն մասին անմիջապես կը հաղորդուի Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զօրակազմի դատախազին, իւրաքանչիւր պարագայի կոչ կ՝ուղղու ազրպէյճանական կողմին հաւատարիմ մնալու Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի Հանրապետութիւններու գլխաւոր դատախազներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան եւ պատշաճ քննութիւն իրականացնելու՝ նման արարք կատարած անձերը պատասխանատւութեան ենթարկելու համար, սակայն այդ յորդորները մշտապէս կը մնան անարձագանգ:

Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն հանդէպ կատարուող յանցաւոր ոտնձգութիւնները ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած ըլլալը հերքելու համար՝ Ազրպէյճանը առնուազն պէտք է քրէական պատասխանատւութեան ենթարկէ նման արարքներ կատարած անձերը, սակայն այս ուղղութեամբ ոչ միայն որեւէ քայլ կը ձեռնարկուի, այլեւ՝ բացայայտ ու դիտաւորեալ անգործութեամբ կը խրախուսուին հայատեացութիւնն ու անոր արտայայտման դրսեւորումները»: