«Համահայկական» Կոչուած Հանդէսի Խօսքերու Լուսանցքէն Անդին (Յ․ Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Երբ անցեալը չի լուսաւորեր ապագան, միտքը կը քալէ խաւարի մէջ”:

Ալեքսիս տը Թոքվիլ,

ԺԹ դարու քաղաքական իմաստասէր

Կիրակի, Նոյեմբեր 13ին, երբ  տունը խաղաղեցաւ, հեռատեսիլի ալիքներուն վրայ թափառեցայ, աշխարհէն լուր ունենալու համար: Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էր ահաբեկչութիւն, ռուսական բանակը հեռացած էր Ուքրայինայի Խերսոն քաղաքէն, Ֆրանսայի Թուլոն նաւահանգիստին էջ խարսխած էր գաղթողներ (միգրանտներ) փոխադրող նաւ մը, Լիլ քաղաքին մէջ փուլ եկած էին երկու շէնքեր, փլա-տակներուն տակ մնացած էր բժիշկ մը, նախագահներ եւ վարչապետներ ներկայ պիտի ըլլան G20 կոչուած 19 ամենէն աւելի զարգացած երկիրներու եւ Եւրոմիութեան կառավարութիւններու  պետերու, Ինտոնեզիոյ Պալի քաղաքին մէջ գումարուելիք համաժողովին: Մեծերու հանդիպում մը:

            Կանգ առի Հայաստանի Հանրապետութեան հեռատեսիլի երկու ալիքներուն վրայ Պետական, Հ1-ը լուռ է, ԿԵՆՏՐՈՆ  հեռատեսիլը կը սփռէր վերջերս գումարուած եւ «համահայկական» կոչուած «Ժողով»էն տեսարաններ եւ նիստեր: Բանիմաց մարդիկ երկարապատում ելոյթներով, երբեմն հայերէն, երբեմն անգլերէն, վերլուծումներ կատարեցին Հանրապետութեան կացութեան, անվտանգութեան եւ միջազգային մակարդակներու վրայ ներկայութեան եւ աշխատանքի մասին: Իսկական դասընթացք, այնպէս, ինչպէս գիտութիւն կը ջամբուի համալսարանի ամպիոնէն: Խօսեցսն սփիւռքի ներուժի օգտագործման մասին, մասնաւորաբար՝ նիւթական եւ գիտական, բայց ոչ ոք խօսեցաւ Հանրապետութեան կողմնորոշումներու եւ ընտրանքներու պարագային սփիւռքի դերակատարութեան մասին: Խօսուեցաւ նաեւ մշակոյթի մասին, բայց հպանցիկ ակնարկութիւն մը անգամ չեղաւ հայերէնի մասին, որուն բառագանձը այսօր կը փոխարինուի օտար լեզուներէ վայրագ կերպով կատարուած փոխառութիւններով, որոնք կ’աղաւաղեն մշակոյթ եւ ինքնութիւն կրող լեզուն:

            Զարմացայ նաեւ, որ համահայկական այս գիտաժողովին, գէթ իմ հետեւած մասիս ընթացքին,  արտայայտութիւնները եղան արեւելահայերէն եւ անգլերէն, ոչ իսկ մէկ անգամ արեւմտահայերէն: Չեմ գիտեր թէ ֆրանսերէն, գերմաներէն, փորթուկերէն, սպաներէն, կամ ռուսերէն խօսողներ ալ եղա՞ն, թէ՞ ոչ:

            Աւելի քան մէկ ժամ, թերեւս ալ աւելի, հետեւեցայ ելոյթներուն: Բարձրամակարդակ եւ գիտական վերլուծումներ եղան, գիրք կարդալու պէս: Շատ բան ըսուեցաւ Ատրպէյճանի նախաձեռնութիւններու, հանրային քարոզչութեան եւ լրատուութեան մասին, ընդգծելով որ այդ մարզէն ներս շատ ընելիք ունինք:

            Կը լսէի եւ միաժամանակ կը մտածէի: Բոլոր ելոյթները հաւանօրէն օգտակար էին հայկական ներկայ եւ գալիք նախաձեռնութիւններուն համար: Տարուեցայ հեղեղին մէջ տեղեկութիւններու, մեկնաբանութիւններու, կազմակերպական առաջարկներու եւ նախատեսութիւններու, որոնք կրնային վերաբերիլ նաեւ քիւրտերուն, սուրիացիներուն, եթովպիացիներուն, բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք ազատագրութեան, վերականգնումի եւ կազմակերպական հարցեր ունին, այսինքն բանիմացական եւ տեսական հարցեր տողանցեցին: Մտածեցի հայ ազգային քուրային մէջ թրծուած եւ հաստ իրականութեան շփուած եւ պայքարելով փորձ եւ իմաստութիւն ձեռք բերած հայերու մասին, որոնց ձայնը եւ կարծիքները չլսեցի:

            Չեմ գիտեր թէ այսօր հայ կեանքի մէջ, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), նիզակ ճօճօղներ, թուղթ սեւցնողներ, խօսափողներու առջեւէն չհեռացողներ, կարդացա՞ծ են, եթէ կարդացած են, կը յիշե՞ն գիրքերէ շատ բան սորված եւ գիրքերով  վերլուծում ընող Ռուբէնի զրոյցը Նիկոլ Դումանի հետ, եւ երկրորդի միշտ այժմէական պատասխանի սպասող հարցումը… Մինչեւ այսօր թուրքը դանակ էր եւ հայը դմակ… ի՞նչ պէտք է ընել որ հայը ըլլայ դանակ եւ թուրքը դմակ: Բոլոր տպաւորիչ եւ գիտական վերլուծումները այս հարցումին պատասխան չբերին: Հարցումը ընող ալ լչեղաւ: Գէթ ես չլսեցի որ արտայայտութիւններ ըլլան Հանրապետութեան իւրաքանչիւր թիզ հողի բնակեցման, օգտագործման եւ հայրենադարձութեան մասին, որպէսզի երկիրը տէր ունենայ եւ պաշտպանուի, չըլլայ Նիկոլ Դումանի նշած դմակը: Այդ խօսքերը կը նմանէին բոլոր այն հայրենասիրական ճառերուն, որոնք սրահներ կը յուզեն կամ հիացում կ’առթեն: Արտայայտութիւններ չլսեցի սկսած եւ շարունակուող աղէտ-արտագաղթի մասին, որ, աստ եւ անդ, հայը կը պահէ դմակի վիճակին մէջ: Արտագաղթ՝որ հայրենալքում է, որ դարպասները բաց կը պահէ դանակ ունեցողին առջեւ: Չըսին, որ դարպասները իմաստուն վերլուծումներով չեն պահուիր, կը պահուին Նիկոլ Դումանի դանակի եւ դմակի իմաստութամբ:

            Եթէ դուրսը եւ ներսը համագումարներ կայացնէինք եւ անկեղծութեամբ պատասխանէինք պարզ հարցումի մը. «Ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չենք ըրած, չենք ըներ», ներկայի անելանելի թուացող վիճակին մէջ չգտնուելու համար, յանձնառութեան իմաստութեան կը հասնէինք: Ֆրանսացի մեծ մտաւորական  Փոլ Վալերիի խօսքը կը յիշեմ, որ «մտաւորականները սին են եւ թուղթը կը կրէ հետեւանքները»: Հիմա թուղթի ալ կարիք չկայ, կայ համացանցը, եւ բոլոր մարգարէներու ֆէյսպուքըթուիթթըրը, խօսափողը եւ այդպէս բաներ:

            Ինչո՞ւ Համագումար մը չհրաւիրել, առանց ճապկումներու պատասխանելու համար պարզ հարցումներու եւ հետեւութիւններու յանգիլ. ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԵՆՔ ԵՒ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻՆՔ:

            Երբեմն կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ տեւաբար կը նահանջենք եւ կը պարտուինք:

            Վարժուած ենք, կը սիրենք ինքնարդարանալ, երբ կը ձախողինք, կը նահանջենք, կը պարտուինք, բացատրութիւներ կը փնտռենք մեզմէ դուրս: Չենք ուզեր խորհիլ այն մասին, որ անկարողութիւնները եւ ախտաւոր ապիկարութիւնները ի՞նչ ձեւով պատճառ են մեր նահանջներուն եւ պարտութիւններուն: Յաճախ կ’ըսենք, որ ղեկավար եւ ղեկավարութիւն չունինք: Հարց կու տա՞նք,  թէ ինչո՞ւ չունինք:     Ղեկավարը երկինքէն պիտի չգայ, մենք ենք ղեկավար եւ ղեկավարութիւն յառաջացնողը՝ սխալ կամ ճիշդ ընտրանքներով կամ թանձրամիտի կրաւորականութեամբ: Ղեկավարին համար անհրաժեշտ է ունենալ որոշ խորհրդաւորութիւն մը, որպէսզի ան ընթացիկէն տարբեր ըլլայ եւ հմայք ունենայ: Ճիշդ է, որ ան արժանիքներ պէտք է ունենայ, զորս կը կարծենք թէ կրնանք թուել, բազմապատկել, վերսկսիլ: Եւ արժանիքներ չգտնել: Աւելի ճիշդ, այս կամ այն պահուն, բնական է, որ առաջնորդող դիրքերու վրայ գտնուին մարդիկ, որոնք պատասխանատուութիւն ստանձնած կ’ըլլան: Անոնց հանգամանքը, եթէ կը գտնուի շարունակականութեան մը, ընդունուած օրէնքներու եւ աւանդութիւններու գիծին վրայ, զանոնք կը դարձնէ տարբեր: Ինչպէս կ’ըսուի, մարդիկ հաւասար են, բայց ոմանք քիչ մը աւելի հաւասար են: Պղատոնը, հինգ հազար մեթր վազքի ողիմպիական ախոյ-եանը, աշխարահռչակ երգիչ Փավարոթին եւ մեր թաղի դեղագործը՝ որպէս մարդ նոյն են, որպէս մարդ հաւասար են, բայց տարբեր են: Հաւասարութիւնը, որ հիմնարար սկզբունքն է ժողովրդավարութեան, երբ կ’այլասերի, կը դառնայ ամենաթողութիւն՝ չափանիշներու անհետացումով, փառասիրութիւններով, կողմնապաշտութեամբ, իրատեսական քննադատութիւնը փոխարինելով խծբծանքով, եւ արժէքները կը խախտին, օրէնք եւ օրէնքի յարգանք կը կորսուին, ընկերութիւնը կը դառնայ տեսակ մը մերկերու ծովափնեայ տարածութիւն, camp des nudistes, մէկը միւսին մերկութիւնը չի տեսներ, քանի որ բոլորը մերկ են, մերկացուած են:

            Ի հարկէ ղեկավարութեան փառասիրութիւնը ունենալու կամ ղեկավար ըլլալու համար, նախապայման է գիտնալ  թէ ի՞նչ բան պիտի ղեկավարուի եւ ինչո՞ւ, ո՞ւր երթալու համար:             Ատամնաբոյժը յարգելի անձ ըլլալով հանդերձ հիւլէակայանի  տնօրէն ըլլալու յաւակնութիւններ երբ ունենայ, անհեթեթ փառասէր մը կ’ըլլայ: Տխմար մը կրնայ ըսել, որ ղեկավար ըլլալու համար ղեկավար ընտանիքի մէջ պէտք է ծնած ըլլալ: Նոյն նախնականութեամբ սնածներ կան, որոնք իրաւունքներ կ’ուզեն ձեռք բերել, որովհետեւ իրենց հայրը այսինչն է կամ այնինչը, հայրեր կան որոնք իրենց զաւակներուն ունեցած-չունեցած շնորհներուն վրայ կը հիանան խուփ աչքերով: Ոմանք Կը հիանան նաեւ իրենք իրենց վրայ՝ մեծ համարուածի մը ձեռք թօթուած ըլլալու սնափառութեամբ, իսկ եթէ բեմէն խօսած ըլլան ուրիշի գրածով, արդէն իրենք զիրենք կը համարեն Պղատոն, Այնշթայն եւ կը թշնամանան անոնց որոնք կը տեսնեն թէ այդ գլխարկներուն տակ դատարկութիւն կայ: Այսպէս է ընտանեպաշտութիւնը եւ հայաստանցիին եւ սփիւռք(ներ)ի ԽԾԲն:

            Եթէ միայն գիտնայինք եւ տեսնէինք թէ ի՞նչ է տեսակարար կշիռը բեմի վրայ շորորուողներու մեծ մասին: Բայց առասպելի Բանիւրժի ոչխարներուն պէս կը հետեւինք, չեղած լոյսի ճառագայթներէն օգտուելու համար այսինքն՝ մասնակցելու ծափի հանդէսին: Շողոքորթութիւն եւ արեւին տակ տեղ ունենալու ցանկութիւն: Եւ իրատեսութեան ակնթարթի մը պահուն կը տրտնջանք, որ կը նահանջենք եւ կը պարտուինք:

            Նահանջի մասին խօսելէ առաջ նախ պէտք է գիտնալ ո՞ւր կ’ուզէինք երթալ, ո՞ւր հասնիլ, որպէսզի նահանջի ինչ՞ուն եւ ինչպէ՞սը   հասկնայինք, որ փքուած խօսքերը նախերգանքն են պարտութեան, Աստուածաշունչի պարիսպներ  քանդող Ժերիքոյի փողերուն պէս:

            Մեր օրերու համացանցային անդուռ եւ անպարիսպ հաղորդակցութիւնը եւ նոյնքան  անդուռ խօսքի ազատութիւնը, բաց դռներն են հեղինակազրկումներու, անոնց կողմէ որոնք քինախնդրութիւններ ունին, չբաւարարուած սէրեր, որոնք կը յանգին հոն, ուր կը կարծեն ըլլալ Պղատոն, ողիմպիական ախոյեան, կամ Փավարոթի: Ասոնք հիւանդներ են, որոնք կը տառապին առաջին կարգի աթոռի վրայ նստելու, խօսափողի առջեւ կայնելու, կամ հեռատեսիլէն եւ թերթէն իրենց պատկերը տեսնելու ախտէն, քննադատութիւնը կը վերածեն չարախօսութեան, հեղինակութիւններ կը զեղծեն՝ հեղինակութիւն ունենալու համար:

            Հայկական ընկերութեան մէջ, Հանրապետութիւն եւ բամերանգ սփիւռք(ներ), զիրար հեղինակազրկել մեր քաղաքական քոչարի պարն է, մարդիկ անձնատուր են այդ խաղին եւ չեն յոգնիր: Եթէ ամբոխային ինքնահաճութեան հեղինակազրկման Քոչարիի պարէն հեռանայինք եւ փորձէինք մեր տեւաբար հեղինակազրկածներու գործին մէջ երբեմն տեսնել ազգավնասի կողքին ազօգուտը, կը նուաճէինք հասունութիւն:

            Օրինակ, սովորութիւն է, հետեւելով ընդհանրացած միջազգային կարծիքին, Խորհրդային Հայաստանը տեսնել ստալինեան բացասականութեան պատկերով, որ լուսաւոր չէ: Բայց եթէ եղած չըլլար խորհրդային ամպհովանին, ի՞նչ կ’ըլլային Հայաստանը, անոր գոյութիւնը եւ հոն զարգացած մշակոյթը, գիտութիւնը: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ նորածինի լոգանքի ջուրին հետ նորածինն ալ պէտք չէ թափել: Այդպէս կ’ընեն չարախօսութեամբ եւ ինքնագոհական քննադատութեամբ իրենք զիրենք կրծելով պատուանդան փնտռողները:

            Վերջ պիտի գտնէ՞ «նախկինները մեղադրելու թատրոնը, աւելի ճիշդ՝ սերեալը, որ ներկայի նահանջները եւ պարտութիւնները պարտկելու խաղ է: Եթէ մոռցած չըլլայինք աթոռ չունեցած Յակոբ Պարոնեանը, որ ըսած է, թէ «հայհոյանքը փաստի սով է»—: Վերլուծումներու եւ քննադատութիւններու խաղը կը մոռցնէ իրականութիւնները: «Նախկիններ»ը սուրբեր չէին, «կոռուպցիա» կար: Հիմա չկա՞յ: Իրականութիւնները տեսնելով ճամբայ պէտք է երթալ: «Սովետ»ը Հայաստան պահեց, երկիր զարգացուց, գիտութիւն եւ մշակոյթ աճեցուց, «նախկինները» ազգային նկարագրով երկիր պահեցին, թշնամիին առջեւ բաց դարպասներ չձգեցին: Չընդունեցան Նիկոլ Դումանի առարկայական  եւ հոգեբանական դմակը ըլլալ:

            Պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցին միացնողի դեր եւ հեղինակութիւն ունէր: Հիմա իմաստուններ հեղինակազրկած են եւ կը հեղինակազրկեն եկեղեցին: Ո՞ր Կաթողիկոսը, ո՞ր խորենացին եւ ո՞ր նոր  օրերու Նիկոլ Դումանը պիտի միացնեն ազգը, որպէսզի վերջ գտնեն նահանջները եւ պարտութիւնները, թուրքին ձեռքէն առնուի դանակը եւ այլեւս չըլլանք դանակտուող դմակ:

            Շատ սիրուած «համահայկական» մը չ’արժեր՞ այս օրակարգով գումարել:

            Եւ դադրիլ Քրեմլինի պատերու տակէն կամ Պեվըրլի Հիլզէն դիտել Արարատի սպիտակ գագաթը եւ մտովի լեռնագնաց ըլլալ, սպիտակ թուղթին կամ համակարգիչի պատուհանին առջեւ:

            Կամ դադրիլ խօսափողին հետ՝ առանց յանձնառութեան… սիրաբանելէ:

            Ի հարկէ, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

                        Ի հարկէ առաջնորդող ղեկավարի կարիք կայ:

            Կարիք կայ գիտակից եւ ճիշդ ընտրութիւն կատարող ժողովուրդի, որ մտածէ ազգի լինելութեան մասին, չմտածէ միայն իր կաշին փրկելու եւ լաւ ապրելու իրա-ւունքի մասին, յանգելու համար լքումներու եւ հայրենալքման: Հարազատ մտաւորականութիւնը ինք պիտի ըլլայ հոգեբարոյական ճարտարապետը առաջնորդի տեսիլքին եւ անոր վստահող ժողովուրդի ողջախոհութեան: Այս հունին մէջ Հայ Եկե-ղեցիին հեղինակութիւնը հարկ է վերականգնել՝ ընդդէմ ամէն կարգի հին, նոր, ճիշդ, անճիշդ հեղինակազրկումներու, յիշելով եւ յիշեցնելով հայ եկեղեցիի ազգապաշտպան եւ ազգակերտման դերը մեր պատմութեան ընթացքին:

            Օր մը, տխմար հեղինակաւոր մը, ինքզինքին քաղաքական առաջնորդի եւ պատասխանատուի դեր տուած մը, որպէս իմաստուն պատգամ ըսաւ, թէ «ի՞նչ գործ ունինք եկեղեցիին հետ», ուրիշ մըն ալ, քաղաքականութեան բաղդատած կրթութեան եւ դպրոցի գործը համարեց «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած»…

            Եւ կը զարմանա՞նք որ կը նահանջենք եւ կը պարտուինք, շարունակելով հանդերձ աթոռ-աթոռակի շաբաթավերջի զուարճութիւնները, ամպագոռգոռ անուններով ժողովները եւ գիտաժողովները, եթէ ձեռնարկէինք համազգային catharsis ինքնամաքրում ընելու աշխատանքի, հրապարակի, տիտղոսներու եւ հոգիներու, թերեւս ճամբայ կը հարթուէր վերականգնումի, դմակ չըլլալու: