Թշնամիի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած է

Աշխարհ, Հայաստան

Նոյեմբեր 17-ին, ժամը 11:00-ին, հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած մարտական դիրքի վրայ՝ թշնամիի կրակոցէն վիրաւորուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող, շարքային Հ. Ա.-ն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ վիրաւոր զինծառայողին առողջական վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան: