ԱՄՆ Պետքարտուղարութիւնը Պէտք է Ազրպէյճանի Յարձակման Մասին Խօսի. Փալոն

Աշխարհ, Հայաստան

Ես ուրախ եմ, որ ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընը կապի մէջ է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՄՆ քոնգրեսական Ֆրէնք Փալոնը:

«Եթէ մենք իսկապէս կ՝ուզենք խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ, պետքարտուղարութիւնը պէտք չէ վարանի խօսելու Ազրպէյճանի յարձակման մասին, քանի որ մենք կը շարունակենք աշխոյժ դերակատարութիւն ունենալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ»,- գրած է քոնկրեսականը՝ անդրադառնալով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընի հեռախօսազրոյցին: