Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՝ողջունէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին՝ Ազրպէյճանական Յարձակումը Դատապարտող Բանաձեւին Ընդունումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարածած է յայտարարութիւն՝ ողջունելով Ֆրանսայի Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւը․

«Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը բարձր կը գնահատէ ֆրանսական Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւը, որ խիստ կը դատապարտէ ազրպէյճանական յարձակումը։ Դէմ քուէարկած է միայն ազրպէյճանամէտ եւ ալիեւներու խմբակին մտերիմ Նաթալի Կուլէն, որուն կաշառակեր ըլլալը արդէն ակնյայտ է բոլորի համար: Այս բանաձեւը մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու հարցին շուրջ կայ Ֆրանսական քաղաքական համաձայնութիւն, մասնաւորապէս՝ օրէնսդրական մակարդակով։ Եւ մենք, յառաջիկայ օրերուն, կը սպասենք համանման բանաձեւի ընդունման Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն։ Այս բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութեան վրայ առաւել բարձր ճնշում եւ պարտաւորութիւն պիտի ըլլայ, որպէսզի իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ ի վերջոյ պատժամիջոցներ ձեռնարկէ ազրպէյճանական յարձակման դէմ։ Այս հարցով Ֆրանսայի հայ համայնքը, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ֆրանսացի պատգամաւորները միայնակ պիտի ըլլան, եթէ Հայաստանի իշխանութիւններն ու հայաստանեան դիւանագիտութիւնը չգործեն նոյն ուղղութեամբ»:

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը վերահաստատէ 2020 թուականի իր պահանջը Ֆրանսայի կառավարութենէն՝ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը։ Հայ Դատի յանձնախումբն ալ կ՝ողջունէ Ծերակոյտի՝ Արցախի մէջ ֆրանսական մարդասիրական կեդրոն հիմնելու պահանջը:

«Մենք, անշուշտ, կը սատարենք առաջարկի իրագործման ու կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու Ֆրանսացի գործիչներուն հետ՝ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան, Արցախի անկախութեան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիեցնենք, որ Նոյեմբեր 15-ին Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը ընդունած է Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ։