Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունեց Հայաստանին Աջակցող Եւ Ազրպէյճանի Հանդէպ Պատժամիջոցներ Առաջարկող Բանաձեւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կը հաղորդէ․

Քիչ առաջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը 295 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ։ Ի թիւս այլ դրոյթներու՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին բանաձեւը.
– կը պահանջէ հեռացնել Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի օրինական տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը,
– կոչ կ՝ընէ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիներն ու ապահովելու անոնց վերադարձը հայրենիք,
– կ՝առաջարկէ Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպական գործընկերներու հետ համագործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումը պատժելու նպատակով, ինչպէս՝ կիրառել պատժամիջոցներ, որոնք պիտի թիրախ դարձնեն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ պիտի նախատեսեն արգելք կիրառել Ազրպէյճանէն կազի եւ քարիւղի ներկրման հարցով,
– կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ կ՝առաջարկէ կառավարութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ,
– կ՝առաջարկէ կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման աջակցելու հնարաւորութիւնը։

Բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Պրունօ Ռըդայոն, Քրիստիան Գամպոնը, Էլիան Ասասին, Փաթրիք Գանները, Էրվէ Մարսէյը եւ Ժիլպեր-Լիւգ Տըվինազը։

Բանաձեւի ընդունման նիստին պատուոյ հիւրի կարգավիճակով ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։