Ազգային Գործի Մէջ Ներգրաւուած Գիտակից ու Հայրենանուէր Երիտասարդութեան Առկայութիւնը Լաւագոյն Միջոց է Ծառայելու Ազգի Համախմբման․ Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

14 Նոյեմբեր 2022-ին Պէյրութի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ ուղեկից  միութիւններու խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը հրաւիրող ՀՅԴ բարձրագոյն մարմինէն բացի, ժողովին կը մասնակցէին` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ օգնութեան միութեան, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչը:

Օրակարգային հարցերու քննարկումէն առաջ ուղեկից միութիւններուն կողմէ ներկայացուեցան ընդհանուր զեկոյցներ` կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի գործունէութեան վերաբերեալ:

Խորհրդաժողովի քննարկումներուն առանցքային հարցերէն մէկը դարձաւ երիտասարդութեան  թեման: Ներկաները կարեւոր նկատեցին երիտասարդութեան ներգրաւումը պատասխանատու աշխատանքներու մէջ` իբրեւ կարեւոր պայման միութիւններու գործունէութեան նոր աւիշ հաղորդելու, ազգային ապագայի համար  գործիչներու նոր սերունդի կայացման  համար:

Կարեւոր նկատուեցաւ միութիւններու գործունէութեան ձեւերուն եւ մեթոտներուն արդիականացման խնդիրը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ոչ միայն քայլ պահելու եւ լսելի ըլլալու, այլ նաեւ հայրենակիցները հետապնդուած նպատակներու գիտակցութեամբ վարակելու  համար:

Հիմնական սեպուեցաւ քարոզչական մեթոտներու եւ աշխատանքներու արդիականացումն ու կատարելագործումը, առանց որոնց, ոչ միայն կարելի չէ  հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնել իրականացուող աշխատանքները, այլ նաեւ` զանոնք արդիւնաւէտօրէն ծառայեցնել ազգային նպատակներուն:

Խորհրդաժողովը շեշտեց միութիւններու աշխատանքներու համադրման անհրաժեշտութիւնը` բազմաթիւ ազգանպաստ նախաձեռնութիւններու ծրագրման եւ իրականացման նպատակով:

Խորհրդաժողովի  քննարկումներուն մէջէն կարմիր թելի պէս կ՛անցնէր հայոց զոյգ պետութիւններուն ներկայ վիճակէն բխող կատարուելիք աշխատանքներու հարցը: Ժողովականները համոզուած էին, որ այսօրուան տագնապալի իրողութիւնները ոչ թէ կրաւորականութեան պէտք է մատնեն, այլ  պէտք է մղեն առաւել եռանդուն գործունէութեան` այն գիտակցութեամբ, որ իբրեւ ուրոյն ճակատի զինուորներ` Դաշնակցութեան միութիւններն ու միութենականները ունին կարեւոր առաքելութիւն:

Ըստ քննարկումներուն, որդեգրուած նպատակի եւ գործի ուղիով պէտք է հետապնդել ազգային առողջ ուժերու համախմբումը, ինչ որ միայն կրնայ լաւագոյն գրաւականը հանդիսանալ ազգային եւ պետական ճգնաժամերը յաղթահարելու ճամբուն վրայ:

Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, որ ազգային մշակոյթը, կրթութիւնն ու բարեսիրութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային գործի մէջ ներգրաւուած գիտակից ու հայրենանուէր երիտասարդութեան առկայութիւնը լաւագոյն միջոց են, որոնք ամէն տեսակի  բաժանարարները վերացնելով`  կրնան ծառայել ազգի համախմբման եւ  ազգային ինքնագիտակցութեան արթնացման գործին:

Անգամ մը եւս արժեւորելով կատարուած աշխատանքը` խորհրդաժողովը վերահաստատեց Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը անվարան շարունակելու, հայութեան անժամանցելի տեսլականներուն նոր թափով  եւ անսակարկ ծառայելու յանձնառութիւնը:

ՀՅԴ  ՈՒՂԵԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ