Երզնկայի Դերջան Գաւառի Ապրանք Վանքի Ներկայ Վիճակը (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Էրկիր

Երզնկայի Դերջան գաւառին մէջ կառուցուած Ապրանք վանքը լքուած է ճակատագրի քմահաճոյքին։ Այդ մասին, Akunq.net/am-ի փոխանցմամբ, ահազանգած է թրքական «Aydınlık» լրատուակայքը։

Ըստ աղբիւրին՝ եկեղեցւոյ մուտքի դրան վրայ նշուած է, որ անիկա կառուցուած է 1854-ին։

Աղբիւրը նաեւ շեշտած է ճարտարապետական առումով եկեղեցւոյ արժէքաւոր ըլլալուն մասին եւ յայտնած, որ հակառակ գանձագողերու աւերածութիւններուն՝ եկեղեցին եւ կից մատուռը կրցած են կանգուն մնալ եւ հասնիլ մեր օրեր։

Կ՝ընդգծուի նաեւ եկեղեցւոյ վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին՝ անիկա զբօսաշրջութեան զարգացման ծառայեցնելու նկատառումով։

Նշենք, որ Երզնկայի Ապրանք վանքի իրական անուանումը Սուրբ Դաւիթ է, եւ որ այս վանքին մօտ կը գտնուին Երզնկայի երկու յայտնի խաչքարերը։ Ուչփընար գիւղի Վանք լերան վրայ կառուցուած վանքը 19-րդ դարուն եղած է այս շրջանի հոգեւոր կեդրոնը:

Վանքի 2 խաչքարերը ամենամեծն են այդ տարածաշրջանին մէջ: Անոնց վրայ առկայ են բազմաթիւ հայերէն գրութիւններ: 4մ․ բարձրութիւն եւ 1մ․ լայնք ունեցող խաչքարերէն մէկուն վրայ փորագրուած են 1191, իսկ միւսին՝ 1194 տարեթիւերը։

Թրգերէնէ թարգմանած է Մելինէ Անումեան