Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Համար Արեւմտեան Թեմը Հարիւր Հազար ($100,000) Տոլարով Հիմնադրամ Կը Հաստատէ Անթիլիասի Մէջ

Սփիւռք

Ժողովուրդներու ու ազգերու գոյութիւնը կ՛երաշխաւորուի կրօնով, հայրենիքով ու մշակոյթով: Այս ծիրին մէջ, յատկապէս` արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան համար, հրաւիրուած ենք հայկական բոլոր կառոյցներ ծրագրելու ու գործելու, թէ ի՛նչ միջոցներով ու ձեւերով կրնանք լեզուն պահել առողջ, առօրեայի մէջ գործածական եւ գրաւոր խօսքով շարունակական, ազգի կեանքին մէջ:

Այս ծիրին մէջ ակներեւ է, թէ ինչպէ՛ս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տարիներէ ի վեր այս աշխատանքին է լծուած:

Ընթացիկ տարուան հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմը գումարեց Ազգային երեսփոխանական 50-րդ ժողովը (արտակարգ), որուն ընթացքին առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան մտածում մը խմորեց` ըսելով, որ յատուկ հիմնադրամ մը պէտք է գոյացուի, որպէսզի արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութիւնը հայրապետական աթոռը յառաջ տանի վերանորոգ թափով: Ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց Թորգոմ եպիսկոպոսին մտածումը եւ քաջալեր հանդիսացաւ նմանօրինակ հիմնադրամի մը ստեղծման:

Այս նպատակով առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութիւնը ունեցան միատեղ խորհրդակցութիւն, որ յանգեցաւ Անթիլիասի մէջ արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեան հիմնադրամի հաստատման, հարիւր հազար ($100,000) տոլարով:

Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին, որ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խնդիրը նկատեն խիստ կարեւոր, անմիջական, եւ իրենք եւս իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը բերեն ազգային-ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այս անյետաձգելի ու կենսական ծրագրին: