Մենք Արցախի Կողքին Ենք՝ Յանուն Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան. Մուրատ Փափազեան

Հայաստան, Սփիւռք

Կոչ կ՝ընեմ մասնակցելու Շաբաթ,Նոյեմբեր 5-ին,ժամը 15:00-ին կայանալիք հանրահաւաքին՝ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար։ Այս մասին, իր ուղերձով յայտարարած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ,  Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Մեր ճակատագիրը մեր ձեռքերուն մէջ է: Ես անբաղձալի տարր նկատուած եմ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որ արգիլեց վերադարձս Հայաստան, բայց ես պիտի շարունակեմ ամբողջ ուժով պաշտպանել Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն շահը: Ես կ՝ուզէի քեզի հետ ըլլալ Երեւանի մէջ։ Թէեւ ես ծնած եմ Ֆրանսա, բայց զիս կը համարեմ 100% ֆրանսացի եւ 100% հայ:

Հայաստանը մէջս է, եւ ոչ ոք կրնայ զիս խանգարել զայն պաշտպանելու. Ծերակոյտին եւ Ազգային ժողովին մէջ, Ֆրանսայի մէջ, մենք բանաձեւեր պիտի ընդունինք Հայաստանին եւ Արցախին աջակցելու եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու խնդրանքով։

Այսօր արդէն Ծերակոյտը հրապարակած է բանաձեւին նախագիծը, ուր ներառուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու եւ այդ ճանաչումը բանակցութիւններուն գործիք դարձնելու անհրաժեշտութեան դրոյթը:

Պայքարը կը շարունակուի։ Մեր եւ մեր երեխաներուն ապագային անունով մենք պէտք է դիմադրենք, ցոյց տանք աշխարհին, որ Արցախի կողքին ենք, Արցախի հետ, յանուն Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան: Կոչ կ՝ընեմ Շաբաթ օր, ժամը 15.00-ին, ըլլալու Ֆրանսայի հրապարակին վրայ»,- նշած է ֆրանսահայ գործիչը: