Ասիկա 10 Միլիոն Հայութեան Խնդիրն է․ Այն Ցաւը, որ Արցախցիք Կ՝ապրին, Ատիկա Նոյն Մեր Ցաւն է․ Բագրատ Եպս․ Գալստանեան (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Ասիկա միասնութեան, համախմբման համահաւաք է եւ արձագանգն է Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն այս վերջին օրերուն աննախադէպ մեծ հաւաքին, որմով իրենք կը վերահաստատեն իրենց ազատ, անկախ ապրելու իրաւունքը: Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, ըսած է Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան՝ անդրադառնալով, որ ինքը Գարեգին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, պիտի մասնակցի Նոյեմբեր 5-ի հանրահաւաքին:

«Այդ իմաստով, մենք ուրիշ տեղ չենք կրնար ըլլալ, անկախ գոյնէն, տեսակէն, եղանակէն, կերպէն, կողմնորոշումներէն: Մենք այսօր ըսելիք ունինք եւ ատիկա նաեւ հարցադրման տեսքով կ՝ըսեմ՝ ըսելիք ունի՞նք, թէ՝ չունինք, հայրենիք ունի՞նք, թէ՝ չունինք, արժանապատւութիւն, պատիւ ունի՞նք, թէ՝ չունինք: Կը կարծեմ՝ իւրաքանչիւր հայ մարդու համար այդպէս պէտք է հնչէ: Ես մեծ ակնկալիք ունիմ, որ վաղը բազմահազար հայաստանաբնակ ժողովուրդը մեր, ինչպէս 1988-1989-ին էր, եւ ինչպէս այս ողջ ընթացքին, յատկապէս Արցախի ազատագրումով վերստին իր ձայնը պէտք է բարձրացնէ, իր հաստատակամութիւնը պէտք է յայտնէ եւ որպէս մէկ միասնական միաւոր իր յաղթանակները կռելու ճանապարհները նորէն ստեղծէ: Մենք պարզապէս կը գտնուինք պատմական խաչմերուկի վրայ եւ որեւէ կերպով իրաւունք չունինք լռելու:

Կ՝ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ որքան ալ փորձեն տարաբնոյթ կերպով քաղաքական եւ կուսակցական երանգ հաղորդել, այդ մարդիկ պարզապէս շահեր կը սպասարկեն: Փորձեր կը կատարուին վաղուան հաւաքը տանելու նեղ կուսակցական, քաղաքական ուղղութեամբ, ինչպէս յարիր է իրենց բնոյթին, այդ մարդիկ այլ շահեր կը սպասարկեն: Ես նոյնիսկ իրենց կոչ կ՝ընեմ գալու եւ մասնակցելու, չփորձելու որեւէ կերպով գունաւորում տալ, իրենց ցած պատկերացումներուն յարիր ցեխարձակումներ ունենալ թէ Եկեղեցւոյ վրայ, թէ ընդհանրապէս: Իրենք մէկ բան ունին ընելու՝ լուռ կամ ոչ լուռ ներկայ գտնուելու, ցոյց տալու, որ իրենք հայրենիք ունին: Դեռ ոչինչ չեղած, արդէն կը խօսին մարդիկ, հայհոյանքներ, ծաղրանքներ»,-ըսած է Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա կրնայ վճռական պահերէն մէկը ըլլալ, եւ պէտք չէ այնպէս ընել, որ յետոյ զղջանք մեր չըրածին համար:

«Ես կ՝ուզեմ տեսնել, որ մենք նոր ճանապարհ պիտի ստեղծենք մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի մեր սիրելի հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Երբ կը խօսին 120 հազար արցախահայութեան մասին, այդպէս չէ, ասիկա 10 միլիոն հայութեան խնդիրն է: Բացարձակ կարիք չկայ տարանջատելու. Այն ցաւը, որ իրենք կ՝ապրին, ատիկա նոյն մեր ցաւն է, այն յաղթանակը, որ իրենք կը ստեղծեն, բոլորիս յաղթանակն է: Հետեւաբար կրկին կոչ կ՝ընեմ, որ մեր ժողովուրդը իր բոլոր շերտերով վաղը միասնական ներկայութիւն ունենայ եւ նաեւ աշխարհին ցոյց տայ, որ մենք յանձնուող տեսակը չենք»,- ըսած է ան:

Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան յիշեցուցած է, որ այս օրերուն եղած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, ուր ներկայ եղած են բոլոր թեմերուն առաջնորդները. «Մտահոգութիւնը անհատական չէ, ընդհանրական է: Եթէ մենք մեր ինքնութեան նկատմամբ հաւատարմութիւն ունինք, ուրեմն չենք կրնար կողքէն անցնիլ, անտարբեր մնալ: Այո, մեր թեմերուն առաջնորդները իրենց հոգեւորականներով ամէն օր կ՝ապրին այդ մտահոգութեամբ: Սփիւռքի մեր բոլոր եկեղեցիները, թեմերը կ՝ապրին նոյն ցաւերով ու տեսլիքներով, ինչ որ մենք»:

Անոր խօսքով, կը հնչեն տարբեր յայտարարութիւններ, նաեւ իշխանութեան կողմէ ներդրուող գաղափարներ, անհասկնալի բովանդակութիւններ, կամ հրապարակային յայտարարութիւններ, թէ Արցախը միշտ եղած է Ազրպէյճանի կազմին մէջ, մենք աղբիւր չունինք պաշտպանելու Արցախը եւ այլն, այս բոլորը կը յուշէ, որ կանգնած ենք ծայրագոյն վտանգի առջեւ՝ Արցախի կորուստի, մեր պետականութեան կատարեալ տկարացման վտանգին առջեւ, դառնալու անհասկնալի տարածք կամ պետութիւն կամ միջավայր, որ նպատակներ չունի ապրելու:

«Եւ ասիկա իր հերթին պատճառ պէտք է դառնայ, որ մեր ժողովուրդը ձգէ երկիրը, բռնէ արտագաղթի ճամբան: Հետեւաբար, թէ ինչ աստիճանի օրհասականութեան մղջ ենք, ես չեմ կրնար ըսել, բայց այն, ինչ մենք կը տեսնենք կամ կը լսենք, այդ բոլորը անհանգստացնող ըսելը քիչ է»,- ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հանրահաւաքին ելոյթ պիտի ունենա՞յ, Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան արձագանգած է. «Թող մնայ, հանրհաւաքին կը լսէք: Ելոյթ կ՝ունենամ, Վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնն ու ողջոյնը կը փոխանցենք, նաեւ որոշակի մտքեր, ինչ որ կը խօսինք, կ՝ապրինք»: